Հինգշաբթի, 6 Մարտի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Լոս Անճելըսի Ոգեկոչման Միացեալ մարմինի ատենապետ Դաւիթ Սամուէլեանի եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբի համաատենապետներէն Գարօ Խանճեանի եւ անդամներու, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութենէն երկու մարմիններուն մօտ ներկայացուցիչ Ծովիկ Զէյթլեանի:
Այցելուները սրբազան հօր փոխանցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին առիթով նախատեսուած ոգեկոչական ձեռնարկներու բնոյթը, ժամանակացոյցը եւ այլ մանրամասնութիւններ, ապա հաղորդ դարձան սրբազանին պատկերացումներուն ու հայրական յորդորներուն, որոնց միտք բանին էր՝ առաւելագոյն լրջութեամբ եւ բարձրագոյն մակարդակով յիշել Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մօտաւորապէս երկու միլիոն հայ անմեղ զոհերու յիշատակը․ առաջնորդը նաեւ շեշտեց մերօրեայ հայ սերունդներու պահանջատիրութեան ոգիի վերարծարծման կարեւորութիւնը: