Պաքուի մէջ, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան «դատավարութեան» 17 Մարտի հերթական նիստին «հարցաքննեցին» Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ զօրավարը նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանի պէս յայտարարեց, որ Արցախի տարածքին մէջ «Իսքանտար», «Թոչքա-Ու» եւ «Սմերչ» հրթիռային համակարգեր երբեք չեն եղած: Մնացականեանին հարցուցին նաեւ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին Գեանջայի (Գանձակ) կառոյցներ հարուածելու մասին: Զօրավարը իբր թէ յայտարարած է, որ այդպիսի հրաման մը կրնար տալ միայն Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարը։ «Դատական» յաջորդ «նիստը» տեղի պիտի ունենայ 3 Ապրիլին։
18 Մարտին, Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ շարունակուեցաւ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի «դատավարութիւնը»: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու շինծու նիստին ընթացքին խօսեցան առաւել քան տասը վնաս կրած անհատի կարգավիճակ ստացած անձեր:
Դատական յաջորդ նիստը պիտի գումարուի 1 Ապրիլին։