
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 20 Մարտին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ՝ «ռուսական կողմի դիմումին իբրեւ պատասխան Հայաստան տեղեկացուց, որ Միացեալ Նահանգներու ռազմական սարքաւորման՝ իր տարածքին մէջ վերատեղակայման մասին որեւէ պաշտօնական դիմում չէ ստացած»:
«Մենք այդ մասին տեսած ենք մամուլի հրապարակումները եւ հրատապ կարգով դիմած ենք մեր հայ գործընկերներուն: Նախնական բացատրութեամբ՝ մեզ տեղեակ պահեցին, որ Ուաշինկթընէն այդպիսի պաշտօնական դիմում չէ եղած», յայտարարեց Զախարովա՝ մեկնաբանելով մամուլին մէջ յայտնուած հրապարակումները, ըստ որոնց, Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուի Գերմանիոյ իր ռազմակայաններուն մէջ գտնուող ռազմական սարքերու քանի մը հարիւր միաւորներ տեղափոխել Հայաստան:
Ասոր զուգահեռ, Զախարովա անդրադարձաւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ հրապարակուող ապատեղեկատուութեան՝ թէ հայկական կողմը զինադադարը խախտած է՝ կոչ ուղղեց Պաքուին եւ Երեւանին՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ խուսափելու իրավիճակը սրելէ: Ան շեշտեց, որ յառաջացած բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ, քաղաքական եւ դիւանագիտական եղանակներով: «Եւ, անշուշտ, մենք կողմ ենք, որ Պաքու եւ Երեւան կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնան բարձրագոյն մակարդակով 2020էն եւ 2022էն սկսած եռակողմ համաձայնագիրներու ծրարի մը իրականացման», նշեց Զախարովա, որ նաեւ ըսաւ, թէ Հայաստանի հանդէպ ՀԱՊԿի ծիրին մէջ եւ երկկողմ ձեւաչափով Ռուսիոյ պարտաւորութիւնները բոլորն ալ ուժի մէջ են՝ նոյն ատեն յիշեցնելով Երեւանի կողմէ ՀԱՊԿին իր անդամակցութեան սառեցումը, ինչ որ, «չի նպաստեր Հայաստանի ապահովութեան, ինչ որ եւս ակնյայտ է»:
Իր կարգին, Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու յայտնեց, որ Եւրասիական տնտեսական միութենէն Հայաստանի հաւանական դուրս գալը եւ Եւրոպական Միութեան միանալու շուրջ բանակցութիւններու փուլը կրնայ զգալի վնաս հասցնել Հայաստանի տնտեսութեան:
Ըստ անոր՝ ասիկա Հայաստանի համար պիտի արժէ երկրի Համախառն ներքին արտադրութեան 30-40 տոկոսը եւ ճակատագրական վնաս պիտի հասցնէ երկրի տնտեսութեան: Առ այդ, ան շեշտեց, որ Երեւան պէտք չէ յոյս կապէ Եւրոպական Միութենէն շռայլ աջակցութիւններուն՝ նկատի ունենալով Եւրոպայի տնտեսութեան վիճակը:
Շոյկու նաեւ յիշեցուց, որ Երեւան պէտք է չափանիշներու եւ արտօնագիրներու ամբողջ համակարգը համապատասխանեցնէ Եւրոպական Միութեան պահանջներուն: Ըստ անոր՝ Հայաստան ստիպուած պիտի ըլլայ նաեւ միանալու եւրոպական պատժամիջոցներուն եւ Եւրոպական Միութեան ռազմաքաղաքական որոշումներուն: Ան նշեց, որ պատժամիջոցները ուղղուած պիտի ըլլան ոչ միայն Ռուսիոյ եւ Պելոռուսի, այլ նաեւ Իրանի դէմ: