Շաբաթ առտու, հարաւային Լիբանանէն երեք հրթիռներ արձակուեցան հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ երեք հրթիռները վնասազերծուեցան, որմէ ետք իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանը։
«Լիբանանէն Գալիլիոյ մէջ իսրայէլեան գիւղերուն վրայ հրթիռարձակումի կրկնութիւնը պիտի չարտօնենք: Լիբանանի կառավարութիւնը իր հողերէն կատարուած որեւէ հրթիռարձակումի համար պատասխանատու է», յայտարարեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց:
«ՖԻՆԻՒԼը մեծապէս մտահոգ է իսրայէլեան բանակին կողմէ անմիջապէս ուժեղ հակազդեցութեան արժանացած Լիբանանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուած հրթիռներէն ետք բռնարարքի հաւանական մագլցումով: Բոլոր կողմերը կը յորդորենք չառնելու քայլեր, որոնք կրնան արձանագրուած յառաջընթացը վտանգի ենթարկել, մանաւանդ քաղաքայիններու կեանքերուն եւ վերջին ամիսներուն շրջանին մէջ փխրուն կայունութեան սպառնալիքի լոյսին տակ», իր կարգին յայտնեց ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին՝ ՖԻՆԻՒԼի բանբեր Անտրէա Թինընթի:
Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ զգուշացուց հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումէն` նկատի ունենալով երկիրը նոր պատերազմի մը մէջ ներգրաւելու վտանգները, ինչ որ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար աղէտալի կրնայ ըլլալ:
Սալամ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսայի հետ` շեշտելով «անհրաժեշտութիւնը որդեգրելու պէտք եղած ապահովական եւ զինուորական բոլոր քայլերը, որոնք կ՛ընդգծեն, թէ պետութիւնը միակն է, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը ունի»:
Սալամ նաեւ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ժանին Հենեսի-Պլասխարթի հետ` ՄԱԿին կոչ ուղղելով «կրկնապատկելու Իսրայէլի վրայ ճնշումը, որպէսզի ամբողջական կերպով հեռանայ իր բռնագրաւած լիբանանեան հողերէն, որովհետեւ այդ բռնագրաւումը խախտում է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին եւ յատուկ քայլերուն թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութեան, զոր կառավարութիւնը անցեալ Նոյեմբերին վաւերացուց »:
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն դատապարտեց Լիբանանը անգամ մը եւս բռնութեան ոլորապտոյտին մէջ ներգրաւելու փորձերը: Ան հարաւային Լիբանանի մէջ առնչակից բոլոր ուժերուն, մասնաւորաբար Նոյեմբեր 2024ի համաձայնութենէն բխած հսկողութեան յանձնախումբին եւ բանակին կոչ ուղղեց` ծայրայեղ լրջութեամբ հետեւելու իրադարձութիւններուն` զսպելու համար որեւէ խախտում կամ սայթաքում, որ կրնայ ներկայ զգայուն պայմաններուն մէջ վտանգել երկիրը:
«Լիբանանի բարեկամ արաբներուն եւ օտարներուն մօտ դիւանագիտական բոլոր ջանքերը կը թափենք Իսրայէլի մագլցումը դադրեցնելու համար», «Ճազիրա» կայանին յայտնեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսէֆ Ռաժժի:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանեան բանակին եւ արդարադատական ու ապահովական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին կոչ ուղղեց` Շաբաթ օր տեղի ունեցածին ծալքերը բացայայտելու: Ան ըսաւ, որ դէպքէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է, որ զինադադարը մինչեւ հիմա 1500 անգամ խախտած է, մինչ Լիբանան եւ Դիմադրութիւնը ամբողջական կերպով կը յարգեն զինադադարի համաձայնութեան բոլոր կէտերը:
«Հըզպալլա»ն յայտարարեց, որ ինք հարաւային Լիբանանէն բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերուն վրայ հրթիռարձակման հետ որեւէ կապ չունի` աւելցնելով. «Իսրայէլացի թշնամիին պնդումները պատրուակներու ծիրին մէջ են շարունակելու Լիբանանի վրայ յարձակումները, որոնք զինադադարի յայտարարութենէն ի վեր չդադրեցան»:
«Հըզպալլա»ն վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը զինադադարին նկատմամբ՝ ընդգծելով, որ ինք կը կանգնի պետութեան թիկունքին:
Ըստ իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին՝ Իսրայէլ շաբաթ օր Լիբանանի վրայ 50 յարձակումներ գործեց: Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան առնուազն 7 զոհեր եւ 40 վիրաւորներ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Կիրակի օր Այթա Շաապի մէջ հարուածեց ինքնաշարժ մը: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ զոհ մը արձանագրուեցաւ:
«Այսօր Այթա Շաապ շրջանին մէջ թիրախ դարձուցինք «Հըզպալլա»ի անդամներէն մէկը», իր կարգին յայտարարեց իսրայէլեան բանակը: