
Չորեքշաբթի, 12 Մարտի կէսօրին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեանի՝ Սան Ֆերնանտոյի Legacy Banquet Hall-ին մէջ հանդիսապետեց Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպած Մեծ Պահքի սիրոյ սեղանին, որուն ներկայ եղան առաւել քան 200 անձեր՝ բարերարներ, նուիրատուներ եւ հիւրեր:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամ Մարալ Գլըճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2025ը «Աւանդութիւններու կենսաւորման տարի» հռչակման, ապա հրաւիրեց սրբազան հայրը՝ օրհնելու սեղանները: Գեղամ արքեպիսկոպոսը, հայր Զարեհի ձայնակցութեամբ՝ ներկայացուց արեւագալի շարականներ, ապա աղօթեց եւ օրհնեց սեղաններն ու սրահը լեցուած հիւրերը:
Մոռցուած աւանդութիւնները դարձեալ կեանքի կոչելու եւ շարունակուող սովորութիւնները գիտակցութեամբ արժեւորելու ծիրին մէջ, օրուան բանախօս Ժպիտ Մելքոնեան վեր առաւ աւանդութիւններու կարեւորութիւնը եւ կատարեց մէջբերումներ Արամ Ա. կաթողիկոսի խորհրդածութիւններէն, ապա ակնարկ մը նետեց ժողովրդային դարաւոր հաւատալիքներու եւ ծիսական սովորութիւններու վրայ՝ դիտել տալով, որ անոնցմէ շատեր նախաքրիստոնէական, ապա Քրիստոնեայ Հայաստանի եկեղեցական եւ ազգային տօներուն (Տեառնընդառաջ, Բարեկենդան, եւ այլք) մաս կազմած են եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուին ազգի կեանքին մէջ: Ապա, իբրեւ գործնական արտայայտութիւն եւ ծիսականագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի հետեւողութեամբ՝ ան ներկայացուց աւանդական «ծիսական տիկնիկ՝ ակլատիզ»ը, որ Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Զատկուան տօներու եօթը շաբաթները կը ներկայացնէ՝ սոխի մը վրայ ամրացուած իր եօթը փետուրներով: Անդրադառնալով այսպիսի ծիսակատարութիւններու խորհրդանշական արժէքին՝ Մելքոնեան ընդգծեց հայոց կեանքին մէջ աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն կարեւորութիւնը՝ հայ ազգի հոգեբանութեան, բնաւորութեան գիծերու յստակացման եւ աշխարհահայեացքի կազմաւորման մէջ:


Առաջնորդին պատգամը նոր շեշտաւորում բերաւ եկեղեցական եւ ազգային-ժողովրդային աւանդութիւններու դարաւոր պաhպանման եւ մերօրեայ կեանքին մէջ կիրարկման կարեւորութեան: Ան խօսքը ուղղելով սրահը լեցուցած հայուհիներուն՝ ըսաւ. «Հայ ազգի աւանդութիւնները ոչ միայն գիրքերու մէջ արձանագրուածներն են, այլեւ մեր առօրեայ եւ ընտանեկան կեանքին իմաստ տուող սովորութիւնները, որոնք անցեալը կը կապեն ներկային, անոնք մեր զաւակներուն ու յաջորդող սերունդներուն կը փոխանցուին միջոցովը մեծ մայրերու եւ մայրերու, որոնք ուղղակի կրողներն ու շարունակողները կը հանդիսանան հայ ընտանեաց կեանքը յատկանշող սովորութիւններու, որոնց մէջ կարեւոր դեր կը կատարեն հայկական խոհանոցը, մեր ազգային ճաշերն ու տօնական սովորութիւնները: Մայրերու հայկական ճաշերը նաեւ հարազատներու միջեւ կապը կը զօրացնեն, մարդկային յարաբերութիւնները կը ջերմացնեն եւ ընտանիքի անդամները քով քովի կը բերեն՝ ստեղծելով աւանդութիւն եւ սովորութիւններ»։
Առաջնորդը յորդորեց կիները եւ մայրերը, որ շարունակեն կիրարկել եւ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն ուսուցանել յատկապէս իրենց ընտանիքներուն մէջ առկայ բարեպաշտական եւ ազգային սովորութիւնները՝ հաստատելով, որ անոնք ոչ միայն ժամանակավրէպ չեն, այլ 21րդ դարուն եւս օգտաշատ կը հանդիսանան՝ ընտանեկան աւանդական կենցաղակերպի, նիստ ու կացի, կարգ ու սարքի պահպանման, այլեւ մարդկային եւ ընտանեկան յարաբերութիւններու չափ ու կշիռի գոյատեւման համար:

Յայտնենք, որ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անդամները բծախնդրօրէն եւ ճաշակով զարդարած էին սրահն ու սեղանները, որոնց վրայ առատօրէն տեղադրուած էր Ս. Պահոց համադամ ուտելիքներու տեսականին՝ իբրեւ Ս. Պահոց շրջանի հայկական ճաշի ցարդ շարունակուող աւանդութիւն, մինչ ներկաներուն հրամցուած հայկական եւ ազգային խորհրդանշական նուէրները ծառայեցին աւելի եւս հայացնելու մթնոլորտը, որ պարբերաբար ճոխացաւ նաեւ քանոնահար Նեկտար եւ երգիչ Մարգար Եղիազարեանի մեկնաբանած ժողովրդական եւ աշուղական քաղցրահունչ երգերու եւ մեղեդիներու հնչիւններուն տակ, որոնք ներկաներէն շատերը ոգեւորեցին ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ կատարելու՝ յաջակցութիւն Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներուն:
ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Նշենք նաեւ, որ նոյն օրը առաւօտեան, առաջնորդը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց եւ քարոզեց Արեւագալի արարողութեան, ապա իր քարոզին մէջ բացատրեց՝ Ս. Պահոց շրջանին երգուող արեւագալի շարականներու եւ խորանէն լսուող աղօթասացութեան միտք բանին՝ դիտել տալով, որ արեւագալի ժամերգութիւնը մեր հայրապետներուն կողմէ բարի լոյսին մատչելու, զայն հայ-քրիստոնեայ մարդուն կեանքին մէջ հոսեցնելու աղաչանք է, որպէսզի մարդու հոգին իր անդորրը գտնէ, խաղաղութիւնը թագաւորէ հայ ազգի հոգեկան եւ մտային, ֆիզիքական ու ձգտումնաւոր բոլոր տեսակի կարողութիւններուն մէջ: «Երկնային լոյսը՝ Յիսուս Քրիստոսն է, որուն օգնականութեան պէտք ունի մարդ, որպէսզի խաղաղի ներքնապէս, օրհնուի բոլոր արարքներուն մէջ եւ ձգտի ամբողջական կատարելութեան, այնպէս ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս ցոյց կու տայ՝ «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» իր նշանաւոր խօսքին մէջ», շեշտեց առաջնորդը:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ մէջբերեց Քրիստոսի կողմէ պատմուած հարուստ մարդուն մասին առակը, ուր մեծատունը չի յաջողիր երկինքի արքայութիւն մուտք գործել, որովհետեւ աշխարհի հարստութենէն չի կրնար հրաժարիլ եւ այս աշխարհէն անդին՝ յաւիտենականութիւնը տեսնել, ուրեմն եւ կը զրկուի ճշմարիտ լոյսէն եւ անմահութիւնը ժառանգելու իրաւունքէն՝ աւելցնելով, որ ամէն մարդ պէտք է ունենայ ձգտումը տիրանալու հանդերձեալ կեանքին, որուն հասնելու միակ ճամբան Քրիստոսն է, այլ ոչ թէ աշխարհիկ կեանքի անցողիկ հարստութիւնը եւ փառքը: