Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2 Ապրիլին խումբ մը քոնկրեսականներ իրենց ձայնը պիտի միացնեն՝ Հայ Դատը ջատագովելու համար մայրաքաղաք Ուաշինկթըն այցելող ամերիկահայերուն եւ անոնց համախոհներուն, Հայոց Եւ Արցախի Ցեղասպանութիւններուն համար հաշուետուութիւն պահանջելու համար, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունենալիք յուշ-երեկոյին ընթացքին։
Հաւաքը կազմակերպուած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին եւ հայկական կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով, ներառեալ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայկական Համագումարին. անիկա տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 6էն 8, Քոնկրեսի այցելուներուն կեդրոնին մէջ (HVC-215)։
Տեղւոյն Ս. Խաչ եկեղեցիէն հանրակառքերով փոխադրութիւն պիտի տրամադրուի։ Այս գծով կարելի է դիմել rsvp@anca.org հասցէին կամ (202) 775-1918 թիւին։
Նախքան յուշ-երեկոն, 1էն 2 Ապրիլին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է օրէնսդիրներու հետ Հայ Դատը ջատագովելու հանդիպումներու շարք մը, որուն պիտի մասնակցին Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկաներու Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ այլ ամերիկահայեր։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել info@ancawr.org կամ ancaer@anca.org հասցէներուն։