27 Մարտի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տարօն Մարգարեան 67 թեր քուէներով, իսկ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան նախկին անդամ Յովիկ Աղազարեան՝ 65 թեր, 2 դէմ քուէներու յարաբերակցութեամբ զրկուեցացան իրենց պատգամաւորի անձեռնմխելիութենէն:
Ընդդիմութիւնը քուէարկութեան չմասնակցեցաւ:
Յիշեցնենք, որ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան միջնորդութիւն ներկայացուցած էր Ազգային ժողովին՝ Մարգարեանը եւ Աղազարեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու համար:
Յովիկ Աղազարեան կը մեղադրուի կաշառք տալու, իսկ Տարօն Մարգարեան՝ դրամի լուացման մէջ, սակայն, պատգամաւորները իրենց վերագրուող մեղադրանքները չեն ընդունիր: