«Ով որ ականջ ունի՝ թող լսէ։
Ով որ աչք ունի՝ թող տեսնէ»։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Արարատ Միրզոյեանի Անթալիա «առաքելութիւնը», 12 Ապրիլին, փառաւո՜ր նոր պարտութիւն մը եւ ո՛չ աննախընթաց նահանջ մը արձանագրեց, միաժամանակ դժխեմ «բարենիշ» մը ապահովեց հայկական դիւանագիտութեան, անսահման «պատիւ» ապահովելով ՔՊապետին ու անոր իշխանական համակարգին:
Երեւանէն հաղորդուած լուրերը քաղուածքներ ներկայացուցին Միրզոյեանի ու անոր ատրպէյճանցի պաշտօնակիցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ ծագած բանավէճէն, որ առերեւոյթ սուր էր, սակայն սուրը ո՛չ կոթ ունէր, ո՛չ շեղբ, ո՛չ իսկ… շուք:
Դիւանագէտներու ծանօթ համախմբումին բեմին վրայ, Պայրամով, առանց բառերը ծամծմելու ու մատները յարձակողական կերպով շարժելով՝ հասկցուցած է Միրզոյեանի, ու անոր ճամբով՝ «շուտով խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրենք, միայն թուականն ու վայրը պէտք է որոշենք» քարոզող վարչախումբին, որ առնուազն երկու նախապայման պէտք է իրականացուին, որպէսզի նման համաձայնութիւն կնքուի: Ան մասնաւորաբար շեշտած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի ու անկէ հանուին Ատրպէյճանէն (լռելեայն կերպով՝ նաեւ Թուրքիոյ) հողային պահանջները, նմանապէս՝ պէտք է լուծարքի ենթարկուի Մինսքի խումբը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Արցախի հարցին արդար հետապնդման քաղաքական-դիւանագիտական՝ միջազգային վերջին խաղաքարտն ալ պէտք է խլուի հայկական կողմին ձեռքէն: Եթէ կան հայեր, որոնք իրենք զիրենք հասկնալու եւ տեսնելու կարողութենէ զրկած են, ահա առիթ մը, որ բանան աչք ու ականջ, եւ տեսնեն, թէ Ատրպէյճան (եւ Թուրքիա) Ցեղասպանութեան 110րդ տարեդարձի նախօրեակին ինչպիսի՛ նախապայմաններ կը դնեն Հայաստանի առջեւ (պահ մը մոռնանք Ցեղասպանութենէն մինչեւ Արցախեան պատերազմներ, բռնագրաւումներ ու հայաթափում «իրագործումները»):
Միրզոյեանի «յախո՜ւռն» հակաճառութիւնը, որ ցուցադրուեցաւ անոր անողնայար ու թուլամորթ, խեղճացածի պաշտպանողականով, կարելի է սեղմել հետեւեալ կէտերուն մէջ (կան այլ կէտեր ալ): Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Արցախի մասին պահանջ չկայ, հողային պահանջ չկայ (տեսա՞ք, արդէն մոռցե՜ր է որ Հայաստանէն ալ հողեր խլուած են), Հայաստան պատրաստ է լուծարքի ենթարկելու Մինսքի խմբակը, անմիջապէս որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի (պարոն «վարպետ» դիւանագէտ, այդ խումբը Հայաստան ինքնագլո՞ւխ կազմած էր, որ կը յաւակնի ինքնագլուխ լուծարքի ենթարկել): Աւելի՛ն, ըստ «հանճարե՜ղ» դիւանագէտին՝ Սահմանադրութեան մէջ անկախութեան վերաբերող բաժինը անկարեւոր դարձած է, շնորհիւ «փաշինեանական» սահմանադրական դատարանի անցեալ տարուան որոշումին, հոգ չէ, թէ հայութեան մեծամասնութիւնը միտքէն չանցըներ նման բան, բայց որո՞ւ հոգն է ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ կարծիքի, չէ՞ որ «ազգընտիր-մանտադաւոր» են…: Ի դէպ, յիշեցում կատարուած է, որ Փաշինեան թրքական կողմին արդէն խոստում տուած է Սահմանադրութիւնը փոխելու մասին, հետեւաբար, Միրզոյեանի մը սնանկ քարոզները ինքնաբերաբար ջուրը կ՛իյնան: Ուշագրաւ եւ տեսնելու-լսելու արժանի այլ կէտ մըն ալ այն էր, որ Միրզոյեան այնքա՜ն տարուած ու հմայուած է «խաղաղութեան համաձայնագիր»ով (որ, ինչպէս ցոյց կու տան ատրպէյճանական նախապայմանները՝ տեսանելի հորիզոնէ անդին կը մնայ), ըրած է նորագոյն գիւտ մըն ալ (կամ նախկին մը կը գտնէ նոր բանաձեւում). «Ի՞նչ կարեւոր է որ ո՞վ որմէ որքան հող գրաւած է, ո՞վ միւսէն աւելի զոհ տուած է (թրքական ակնոցով՝ զոհերուն մաս կը կազմեն Ցեղասպանութեան նահատակներն ալ), կարեւորը այն է, որ պէտք է (այդ բոլորը մէկդի նետենք եւ) յառաջ նայինք» (վա՜յ, պապա՜մ, վա՜յ, պիտի բացագանչէր հանգուցեալ մէկ բարեկամս):
Կ՛արժէ՞ երկարել ցանկը Միրզոյեանի «յախուռն հակադարձութիւններուն», որոնք անգամ մը եւս կը յստակացնեն, որ Երեւանի իշխանութիւնը միայն նահանջի ճամբայ գիտէ, վաղը կրնայ ընթացք տալ Ատրպէյճանի այս պահանջներուն եւս, ինչպէս որ ըրաւ Արցախը ատրպէյճանապատկան հռչակելով: Եթէ մոռցողներ կան՝ թուրք կամ ատրպէյճանցի ներկայացուցիչ մը շուտով կրնայ անոնց ու բոլորիս յիշեցնել, որ կան ցաւցնող այլ պահանջներ, ինչպէս՝ հարիւր-հազարաւոր ատրպէյճանցիներու Հայաստան վերադարձը, «Զանգեզուրի միջանցքը», Հայաստանի այն հողամասերը, որոնք Ատրպէյճան կը համարէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» (Տիգրանաշէնէն սկսեալ մինչեւ սահմանամերձ «կղզեակներ» եւ անոնցմէ շա՜տ աւելին…), հայ «նախկիններ», որոնք դեր ունեցած են Արցախի եւ անոր իրաւունքներուն պաշտպանութեան մէջ:
Չհաղորդուեցաւ, թէ արդեօք հայ պատանդներու եւ գերիներու հարցին ակնարկութիւն եղած է: Որեւէ խօսք չեղաւ նաեւ այն իմաստով, որ Հայաստան ապաստանած եւ հայրենազուրկ-տնազուրկ արցախցիներուն ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան «խաղաղութեան համաձայնութեան» ընդմէջէն: Անդին, Երեւանէն՝ իշխանախումբը խարանող այլ նորութիւն մը ծնաւ վերջերս. իրենց անձնական թուղթերը կորսնցուցած արցախցիներ՝ անձնագիրի ու իրենց գոյութիւնը ապացուցող փաստաթուղթերու դիմում կատարած են Երեւանի պատկան վարչութեանց եւ իբրեւ պատասխան՝ անոնց տրուած են փաստաթուղթեր, որոնց մէջ իբրեւ ծննդավայր արձանագրուած է… Ատրպէյճան (լսող-տեսնող կա՞յ): Հարցը վաղը կրնա՞յ հասնիլ հոն, որ Երեւանի «ապահովութեան սպասարկութիւնները» կրնան Ատրպէյճան (կամ այլուր) արտաքսել «ատրպէյճանածինները», կամ՝ Պաքու արդեօք պիտի պահանջէ՞, որ ՔՊականները՝ իրենց կամակատար-գործակիցները, այդ մարդիկը յանձնեն իրեն, որպէսզի ստուգուի եւ ի հարկին դատական գործ յարուցուի, թէ արդեօք անոնցմէ քանի՞ն մասնակցած է Ատրպէյճանի դէմ պայքարին…
ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԻՆԿՈՂ ԽՆՁՈՐՆԵՐ
Երեւանի իշխանութիւնն ու անոր կարեւոր ձեռքերէն մէկը եղող՝ դիւանագիտական համակարգը առիթ չի կորսնցներ, ցոյց տալու, որ անկարող է ու չկամ՝ հայութեան ի նպաստ դիրքորոշումները տեղի՛ն օգտագործելու: Արձանագրենք նորագոյնները, որոնք տեսանել եղան Անթալիայի բանակցութիւններուն օրն իսկ, զուգադիպեցան այս օրերուն:
– Ամերիկացի խորհրդարանականներ պաշտօնական պահանջ ներկայացուցած են արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի, որպէսզի Ատրպէյճան գտնուող հայ գերիներու հարցին բարւոք լուծման համար քայլ առնուի: Նախընթաց օրերուն, ամերիկեան իշխանութիւններուն դուռը բախող եղաւ, որպէսզի Ատրպէյճանի զինական օժանդակութիւններու խոստումները վերատեսութեան ենթարկուին:
– Ուրուկուէյի խորհրդարանը ձայնը միացուցած է հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջներուն (ցանկը երկար է, սկսելով Եւրոպայէն): Միաժամանակ, ու Ապրիլ 24ի նախօրեակին՝ բանաձեւով մը յիշատակում կատարած է Ցեղասպանութեան՝ 110րդ տարեդարձին առիթով (Ուրուկուէյը Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին երկիրն էր):
– Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռուսոպուլոս յականէ-անուանէ «բռնատէր» որակած է Ալիեւը եւ պահանջած՝ որ Եւրոխորհրդարանը չենթարկուի անոր քմայքներուն (նոր բանավէճ՝ Եւրոխորհրդարանին ու Ատրպէյճանի միջեւ, իբրեւ յաւելուած՝ Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի հանդէպ առնուազն անբաւարարութիւն յայտող երկիրներու): Նախագահը զայրոյթ արտայայտած էր, որ Ալիեւ «ասֆալթին փռած» էր Եւրոխորհրդարանը: Հոն ալ մէկը պէտք է յիշեցնէ, թէ նոյն խորհրդարանի անդամներ ատրպէյճանցիներուն հետ ինչպիսի՛ գայթակղալի գործակցութիւն ունեցած էին:
– Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով յայտարարած է, որ Մոսկուա պատրաստ է, 2020էն մինչեւ 2022 Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ գոյացած եռակողմանի համաձայնութեան իրականացման նպաստելու (չմտնենք այն բանավէճին մէջ, թէ այդ համաձայնութիւններուն մէջ հայանպաստն ու ատրպէյճանանպաստը, յետոյ նաեւ ռուսական հեռանկարներուն յարմարողը ի՞նչ էին):
Եթէ քանի մը օր, քանի մը շաբաթ ետ դարձնենք մեր հեռադիտակները, կրնանք հայանպաստ այս պահանջներուն եւ կեցուածքներուն ցանկը երկարել: Այս բոլորը չեն իրականանար հայկական դիւանագիտական համակարգի ճիգերուն շնորհիւ, այլ մէկ կողմէ՝ Հայ Դատի յանձնախումբին ու հայութեան պահանջներուն ի խնդիր գործող՝ այլ հայրենապաշտպան միաւորներու ջանքերով: Հիմա հարց կը ծագի, թէ արդեօք ՔՊապետն ու անոր «ուսապարկերը» արդեօք հակա-արշաւի մը պիտի ձեռնարկե՞ն եւ թաքուն կամ բացայայտ դիմումներ պիտի ներկայացնե՞ն այլ երկիրներու, որպէսզի… չնեղացնեն Ատրպէյճանը: Չէ՞ որ Հայաստանի մէջ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներու ջանքերը կ՛աշխատին «ասֆալթին փռել» ամէն քայլափոխի, կը յայտարարեն, որ պէտք չէ առնել այնպիսի քայլեր, որոնք կրնան զայրոյթ պատճառել իրենց… թուրք ու ատրպէյճանցի «պոս»երուն:
Մինչդեռ, Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտութեան եւ ընդհանրապէս վարչամեքենային աշխատանքի դաշտերէն դուրս ինկած նման կեցուածքներ՝ արդար պահանջ, քննադատութիւն եւ խարանում՝ ձեւով մը «երկինքէն ինկող խնձոր»ի դեր կրնան ունենալ, եթէ զանոնք տեսնողը փորձէ զանոնք շահող խաղաքարտի վերածել, դուրս գալով «ինչ որ կ՛ուզէք՝ կու տանք»ի (չ)տրամաբութենէն:
…Այս ողբերգական ու պարտուողական պատկերին, ի՞նչ պատկեր, անվերջանալի ժապաւէնին ի տես (վստահ ենք որ տեսնող-լսողները կը շատնան), ինչպէ՞ս չյիշել անմահ Թումանեանն ու իր «Անխելք Մարդը» հեքիաթը: Ծանօթ է, չէ՞, թէ ինչպէս դժբախտին մէկը Աստուծոյ դուռը կը հասնի, որպէսզի բախտ խնդրէ, Աստուծոյ կը ներկայացնէ նաեւ ճամբուն վրայ իրեն պէս քանի մը դժբախտի՝ անօթի գայլին, առանձին աղջկան եւ գետափին չորցած ծառին խնդրանքները: Աստուած կ՛ընդառաջէ մարդուն եւ լուծումներ կը թելադրէ իր բախտակիցներուն համար: Մարդը, վերադարձի ճամբուն վրայ, Աստուծոյ թելադրանքներուն հետեւելով՝ ծառին կ՛ըսէ, որ պէտք է մէկը անոր արմատին քով թաղուած ոսկիները դուրս բերէ, որպէսզի արմատները ջուր ունենան, աղջկան կ՛ըսէ, որ պէտք է կեանքի ընկեր մը գտնէ, որպէսզի ունեցած տունն ու կալուածները միասնաբար տնօրինեն, իսկ երբ ծառն ու աղջիկը կը խնդրեն օգնել իրենց, մարդը կը մերժէ եւ կը պնդէ, որ ինք պիտի երթայ Աստուծոյ տուած բախտին ետեւէն (հիմա այդ բախտ-ին անունը՝ «խաղաղութեան համաձայնագիր» դնենք): Երբ կը հասնի անօթի գայլին եւ անոր կը պատմէ ճամբորդութեան մանրամասնութիւնները, եւ Աստուծոյ՝ գայլին վերաբերող պատգամը, թէ՝ պէտք է անխելք մարդ մը գտնէ եւ զայն ուտէ, որպէսզի անօթի չմնայ, գայլը ուրախութեամբ փորը կը շփէ եւ վրան կը յարձակի ըսելով. «Քեզմէ անխելք մէկը ուրկէ՞ պիտի գտնեմ», եւ կ՛ուտէ «բախտի տիրացած» մարդը:
Հիմա, մեր ՔՊականները լիովին մտած են Թումանեանի այս հերոսին մաշկին մէջ, իսկ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կ՛ըսեն. «Ձեզմէ աւելի անխելք՝ ուրկէ՞ պիտի իյնայ մեր ձեռքը», եւ պատառ-պատառ կ՛ուտեն Արցախն ու Հայաստանը (ի վերջոյ կարգը կրնայ գալ նաեւ ՔՊականներուն, ինչպէս որ եղաւ ճակատագիրը Ուքրանիոյ Զելենսքիին):
12 Ապրիլ 2025