
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, 15 Ապրիլին գումարած իր նիստին ընթացքին, խորհուրդը դարձեալ միաձայնութեամբ որոշեց Ապրիլ 24ը «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակել՝ «նշելու համար մարդկային պատմութեան ամէնէն մութ օրերէն մէկը»։ Պարկըրի կողքին, բանաձեւին համահեղինակն էր Հիլտա Սոլիս։
Համահեղինակները յայտնեցին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը իւրայատուկ օր մըն է ամբողջ Լոս Անճելըսի հայութեան համար՝ աւելցնելով, որ պատմութիւնը յիշելով է որ պիտի առաջքը առնենք ապագայի սխալներուն։
Հռչակագիրը կը դատապարտէ Անգարան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն մէջ եւ կ՛անդրադառնայ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղային զտումին, որուն պատճառով Արցախի հայ բնակչութիւնը պարտադրաբար հեռացաւ իր հայրենիքէն։
Հռչակագիրը նաեւ կոչ կ՛ընէ Ուաշինկթընին, որ պատժամիջոցներ կիրառէ Պաքուի դէմ՝ մարդկային իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն համար եւ կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի մէջ գերի պահուող հայ պատանդները։
Նաեւ կոչ կ՛ըլլայ գաւառին տարբեր բաժանմունքներուն, որ Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու նպատակով միջոցառումներու դիմեն եւ լուսարձակի տակ առնեն այն իրողութիւնը, որ հայութիւնը կը շարունակէ վտանգուած մնալ։