
Կիրակի, 20 Ապրիլին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիները մեծաշուք կերպով նշեցին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը, բազմահարիւր հաւատացեալները ներշնչելով՝ Յիսուսի միջոցով հանդերձեալ կեանքին արժանանալու յոյսով:
Արդարեւ, թեմի ծխական բոլոր համայնքները խուռներամ բազմութեամբ յաճախեցին իրենց եկեղեցիները եւ Ս. Զատիկը նշեցին տօնին պատշաճ ոգեւորութեամբ:
Թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ս. պատարագ մատոյց եւ պատգամեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ նշելով, որ Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ դարեր շարունակ Ս. Յարութեան տօնը կը նշուի իբրեւ կեանքի եւ ուրախութեան տօն, որովհետեւ Յիսուս սարսափազդու մահուան յաղթեց եւ Իրեն հաւատացողները կեանքի որդիներ ըրաւ՝ յաւիտենական կեանքի արժանացնելով զանոնք: Դարերէ ի վեր, մարդկութիւնը իր հոգիի փրկութեան եւ յաւիտենական կեանք ունենալու հաճոյքը եւ ուրախութիւնը կը նշէ Ս. Յարութեան այս տօնին եւ մեր եկեղեցիներուն մէջ ամէն տարի տօնելով զայն, մենք խաչեալ, ապա յարուցեա՛լ Քրիստոսը կը դաւանինք իբրեւ մեր հոգեւոր առաջնորդը եւ Իր միջոցով յաւիտենական կեանքի աւետիսը կը փոխանցենք մեր օրերու սերունդներուն, այնպէս, ինչպէս դարերով կատարած է Հայ եկեղեցին:


Իր խօսքին մէջ, բացատրելով Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրը՝ Ադամէն մինչեւ «երկրորդ Ադամ»ի՝ Յիսուսի աշխարհ գալը եւ Իր մահով մահուա՛ն յաղթելը եւ յարութեամբ յաւիտենական կեանքի յոյսը հողեղէններուս մէջ տարածելը՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը շեշտեց, որ աստուածային այս ծրագիրով մարդը վերանորոգուեցաւ եւ նոր կեանքի արժանացաւ, «որովհետեւ մեր հաւատքը կեանքի՛ հաւատք է եւ Քրիստոսի յարութեան վրայ խարսխուած է, հետեւաբար այս ժամանակաւոր մահացու կեանքը մեզի համար չէ՛ այլեւս, այլ մենք յաւիտենականութեա՛ն կը պատկանինք, որովհետեւ կը հաւատանք Յիսուսի հրաշափառ յարութեան եւ այսօր այդ ուրախութիւնն է, որ մենք միասի՛ն կը տօնենք», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ իբրեւ քրիստոնեաներ՝ մեր կեանքին մէջ ո՛չ թէ նիւթական, այլ յաւիտենական արժէքներու հետամուտ պէտք է ըլլանք, աւելի ազնիւ, աւելի եղբայրասէր ու մարդասէր, նիւթէն անդին՝ աննիւթականին ծառայութեան մէջ ըլլալով, որպէսզի հաւատքով ժառանգենք Քրիստոսի միջոցով անդենական կեանքին արժանանալու իրաւունքը:
Հուսկ, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, սրբազան հայրը շնորհաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի ծխական բոլոր համայնքները, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ իր հայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին:
Յայտնենք, որ Ս. Զատկուան արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն մը:
