Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցին առիթով, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիոյ մէջ եղբայրական հայ ժողովուրդին ցաւը միշտ ընդունած են՝ իբրեւ իրենցը։
«Ապրիլ 24ին կ՛ամբողջանայ 20րդ դարու առաջին կիսուն տեղի ունեցած ամէնէն ողբերգական իրադարձութիւններէն մէկուն` Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցը: Ըստ պատմական վկայութիւններու` 1915ին ռուսական կայսերական բանակի կովկասեան բանակը, Նիքոլա Բ.ի հրամանով, բանալով ռուս-թրքական սահմանը, փրկեց առնուազն 350,000 հայեր: Մոսկուայի դիրքորոշումը յստակ է այս իրադարձութիւններուն վերաբերեալ. անիկա հետեւողական է եւ հիմնուած մարդասիրական աւանդութիւններուն վրայ: Արդէն 1915ին, ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավար Սերգէյ Սազոնովի նախաձեռնութեամբ, միջազգային հանրութեան առաջատար անդամները կատարուածը որակեցին իբրեւ «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն»: Ժամանակակից Ռուսիա աշխարհի առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Պետական Դուման 1995 եւ 2005ին օրէնսդրական մակարդակով դատապարտեց 1915-1923ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Զախարովա: