ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Յարութեան գաղափարով ոգեւորուած ըլլալով հանդերձ, մենք՝ քրիստոնեայ հաւատացեալներս, յուզումնախառն ապրումներով եւ դառնահոս արցունքներով, տակաւին լալով՝ կը թրջենք մահացողին անշարժ եւ դեղնած դէմքը ու կը համբուրենք անոր ցուրտ ձեռքերը: Նոր մահացած մեր հարազատներէն կամ բարեկամներէն մէկը պէ՞տք է անպայման ոտքի կանգնի, դուրս գայ դագաղէն, որպէսզի հաւատանք յարութեամբ ընձեռուած հրաշքին…։
Սգաւոր հարազատները դժուար է համոզել եւ մանաւանդ յարութեան գաղափարով գօտեպնդել զանոնք, երբ նորոգ հանգուցեալ անձ մը հրաժեշտ կու տայ բոլորին: Այդպիսի պահուան մը ընթացքին, բոլորը կը մոռնան, որ երրորդ օրը ի՞նչ պատահեցաւ Սիմոն Կանանացիին պատկանող ժայռափոր գերեզմանին մէջ, ուր թաղուած էր Յիսուսը, նոյնիսկ Պիղատոսի զօրայիններուն անքուն հսկողութեան տակ, գիշեր եւ ցերեկ պահպանուած վիճակի մէջ:
Թաղման երրորդ օրը, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Մարիամ Մագդաղենացին գերեզման կու գայ, տեղական աւանդութեան համաձայն, անուշաբոյր իւղերով օծելու նորաթաղ Յիսուսին մարմինը: Ծանր ժայռադուռը բաց ըլլալով՝ Մարիամը ներս կը նայի եւ կը տեսնէ, որ անոր մարմինը չկայ. ան կը սկսի լալ: Դուրսը, անձ մը անոր կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ կու լաս, զո՞վ կը փնտռես»: Ան չի՛ ճանչնար այս հարցումները իրեն տուող Յիսուսը՝ կարծելով, որ հարցնողը շրջակայ պարտէզներէն մէկուն պարտիզպանն է: Վերջապէս Յիսուս անոր անունը արտասանելով՝ ինքզինք կը յայտնէ, որուն պատճառով Մարիամը մեծապէս կը ցնցուի եւ աշակերտներուն քով կը վազէ, որովհետեւ Յիսուսը պարտականութիւն կու տայ Մագդաղենացիին՝ յարութեան սքանչելի աւետիսը անյապաղ անոնց փոխանցելու:
Մեծ է թիւը անոնց, որոնք ամէն օր կու լան աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ տեղի ունեցող, ծանօթ եւ անծանօթ մարդոց կոտորածին պատճառով: Պատերազմներ, ցեղասպանութիւններ, մարդասպանական ոճիրներ եւ քաղաքական թատրերգութիւններ ամէնօրեայ բեմահարթակներ կը յարդարեն, ոճրագործ «թատերագիրներուն» մեծ «հրաշագործութիւն»ները բեմադրելու, իսկ տեղական թէ միջազգային լրատուամիջոցները արեան մելանը կը հոսեցնեն, դառնագոյն էջեր կտակելով ապագայ պատմագիրին:
Մարիամին լացի աղաղակը օրէ օր աւելի կը բարձրաձայնուի, մեր հայրենի լեռներէն եւ ձորերէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ անապատները եւ պաղեստինեան փլատակ քաղաքներու վայնասուններով յորդուն փողոցները: Մանուկներու դիերը ծնողներու արմուկներուն մէջ հանգչած, սաւանակապ պարկով կը փոխադրուին, ապա կը տեղադրուին հաւաքական փոսերու մէջ, ակամայ ընդունելով անծանօթ գերեզմաններու ճակատագիրը:
Մարիա՛մ, հիմա՞ որուն համար կու լաս. աշխարհի ոճրագործ ղեկավարներու ձեռքերուն մէջ տառապող մարդկութեա՞ն համար…։ Անոնք իրենց մարդկային խիղճը ձեւափոխեր են անտառի վայրենագոյն գազանի բնազդին, առատ լորձունք հոսեցնելով, մարդկային մարմիններ յօշոտող ու պատառող իրենց դունչէն:
Մարիա՛մ, դուն որ գունագեղ եւ մերկութեան դժոխային տեսարաններով նկարազարդուած եւ քսան եղունգներուդ երեսները գծագրած էիր, անբարոյութեան մոլեգոյն ճիրաններէն ազատեցար, եւ սրբադասուած առաջին երկնայիններէն մէկը հանդիսացար, ինչո՞ւ տակաւին կու լաս…։ Լացիդ լացնող ողբը կը լացնէ մեզ ամէն վայրկեան, որովհետեւ մանուկներուն լացի սազը անդադար կը նուագէ մեր ականջներուն մէջ, մահերգներու տխրահնչիւն երաժշտութեամբ:
Նոյնաձայն լացին անորոշ ձայներով խճողուած են հայ ազգի զաւակներէն շատերուն ուղեղները, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին հոգեկան փողոցները: Նախապէս, մեր հին եւ նոր նահատակներուն համար հաւաքական ցասումնալի վրէժխնդրութեան կոչերն ու վրիժառութեան յառաջադէմ քայլերը այժմ վերածուեր են քաղաքական նսեմացումներու եւ անհեռանկար պայմանաւորուածութիւններով սահմանուած կրնկոսկրներու: Կարգավիճակ մը, որմով կը զգացուի մահացած մարմնին ամբողջ ծանրութիւնը: Անապատի աւազներուն մէջ, կամ նորօրեայ լեռնային անտառներուն խորքը կորսուած նահատակներուն անէծքը մեր ազգի հաւաքականութեա՞ն պիտի ուղղուի, թէ անհատներու:
Մարիամին լացը զարդանախշուեր է իւրայատուկ զգացումներով…։ Աւետարանի էջերուն մէջ անոր համար նշուած գոյնը, ամէնէն զօրեղ հաւատքի գոյնն է՝ սպիտակը, որուն շողերուն մէջ յայտնուեցաւ յարուցեալ Յիսուսը գերեզմանատան պարտէզին մէջ: Մարիամին լացը դադրեցաւ գերեզմանատան մէջ, ուղղակի յարուցեալ Փրկիչին երեւումով. բայց այսօր, մենք մեր լացը դադրեցնող եւ յուսալից ապագայ պարգեւող ունի՞նք արդեօք, անհատական եւ ազգային դիրքերուն վրայ:
Լացի դադրեցման պահը ունի իր ճշգրիտ վայրը, որ շատ հեռու է լացողին միտքէն: Անիկա, գերեզմանատան մէջ է, հոգեմտաւոր ամէնէն նուրբ եւ զգացական ապրումներուն վայրը, ուր անյետադարձ եւ անվերադարձ ողջերթ կը մաղթուի հանգուցեալին: Ամէնէն դժբախտ վշտակիրին առջեւ կանգնած եւ յոյսի քաղցրաժպիտ դէմքով, իրավիճակին պաշտպան անձը Յիսուսն է, որ իրեն համար լացող Մարիամին տուած նոյն զոյգ հարցումները կ՛ուղղէ ցաւակիրին. «Ինչո՞ւ կու լաս, զո՞վ կը փնտռես»:
Իսկ դուն, սոյն պատգամը ընթերցող հայ մարդ, գերեզմանատան մէջ, քու հարազատներէդ մէկուն թաղման ատեն հանդիպե՞ր ես Յիսուսին. տեսե՞ր ես որքան քաղցրաժպիտ հայեացքով կը նայի քեզի, եւ կը յուսադրէ յարութեան յոյսով…։ Միւս կողմէ, ազգային եւ հաւաքական կեանքիդ մէջ, դարձեալ, զգացած բազմապիսի տառապանքներուդ համար երբ կու լաս, մութին մէջ կամ հրապարակաւ, կը գիտակցի՞ս որ յարուցեալ Փրկիչ մը ունիս կողքիդ կանգնած եւ իր հայեացքը ուղղակի քեզի յարած դիրքով…։ Անոր հայեացքին զօրութիւնը ո՛չ մէկ մարդ, նոյնիսկ աշխարհի հզօրագոյն զէնքներուն տիրակալը չի՛ կրնար քեզի փոխանցել:
Մեր հայ ազգին ներկայ անհրապոյր կացութեան եւ անձնական ու հաւաքական տառապանքներուն համա՞ր կու լաս: Յետո՞յ: Ցաւդ դարմանող, եւ վիշտդ ամոքող ունի՞ս: Եթէ կը կարծես որ չունիս, ուրեմն հեռացեր ես քրիստոնէական աննկուն հաւատքէդ եւ յուսալքման մութ եւ տխուր անդունդին մէջ կը գտնուիս, արեւակէզ երկնքի պայծառ լոյսէն զրկուած:
Գերեզմանատան մէջ, Մարիամին դիմաց կանգնած բարեւողը պարտիզպանը չէր, եթէ տակաւին անըմբռնելի է քեզի աւետարանական այս հատուածը: Ան Յիսուսն էր, որ անմահութեան իբրեւ պարգեւատու կ՛երեւի մեզի, յատկապէս տխուր առիթներով: Բայց մենք, լալկաններու բարձրաձայն աղմկայարոյց աւելորդաբանութիւններուն եւ ցաւակցողներու յարգոյ խօսքերուն ականջ կու տանք՝ մեր նայուածքը անգիտակցաբար շեղելով այնտեղ կանգնած Յարուցեալէն. նոյն պահուն, ուղղակի աչքերուդ մէջ կը սեւեռէ Ան իր նայուածքը: Կը ճանչնա՞ս զինք…: Ան յարուցեալ Փրկիչդ է, անհատապէս եւ ազգովին վերյառնելու մեր յոյսին գլխաւոր ու անփակելի աղբիւրը: Հաւատա՛: