Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան համաժողովին ընթացքին, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Միրիամ Լեքսման եւ Ռասա Եունքեւիչյէնէ բարձր գնահատեցին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ու դէպի Եւրոպական Միութիւն ընթանալու՝ Հայաստանի ջանքերը:
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները այդ յայտարարութիւնները կատարեցին Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան համաժողովի՝ «Հայաստանի մէջ ընթացիկ քաղաքական իրավիճակը» խորագիրով բանաձեւը ընդունելու ընթացքին:
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի գծով զեկուցող Լեքսման իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ, որ ընդունուած բանաձեւը նպատակ ունի աջակցիլ Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական զարգացումներուն եւ օգնել Հայաստանին՝ Եւրոպական Միութեան ուղղութեամբ ընթացող իր նախաձեռնութեան մէջ:
«Մենք կ՛ուզենք զօրակցիլ հայ ժողովուրդի փափաքին՝ ամրապնդել օրէնքի գերակայութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը իրենց երկրին մէջ եւ կը փափաքինք հաստատակամօրէն աջակցիլ Հայաստանին եւ կանգնիլ Հայաստանի կողքին՝ իր աշխարհաքաղաքական պայմաններուն եւ ուղղուածութեան պատմական շրջադարձի պահուն: Հետեւաբար, մենք կը փափաքինք խթանել տնտեսական աւելի ամուր համագործակցութիւնը եւ զարգացումը, ինչպէս նաեւ աջակցիլ այն բոլոր բարեփոխումներուն, որոնց Հայաստան կարիքը ունի», ընդգծեց Լեքսման, աւելցնելով, որ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը շատ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի ջանքերը՝ կարելի ամէն ինչ ընելու դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար:
«Մենք իսկապէս կը գնահատենք Թուրքիոյ հետ Հայաստանի կառուցողական երկխօսութիւնը՝ յատկապէս այսօր, այս օրերուն, երբ կը յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցը: Մենք կը տեսնենք եւ կը գնահատենք Հայաստանի ջանքերը ու առաջնորդութիւնը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ՝ հակառակ 2023ի յարձակումին, որուն պատճառով տասնեակ հազարաւոր հայեր տեղահանուեցան: Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր բանտարկեալները եւ առանց նախապայմաններու: Եւ մենք նաեւ կը յիշեցնենք Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու՝ հայ փոքրամասնութեան երաշխաւորուած իրաւունքը», ըսաւ Լեքսման՝ յորդորելով ամբողջական աջակցութիւն յայտնել Հայաստանին՝ Եւրոպական Միութիւն տանող ճամբուն վրայ:
Եունքեւիչյէնէ իր կարգին ըսաւ, որ դարերով Ռուսիոյ հետ կապուած ըլլալէ ետք, Հայաստան կը փորձէ դէպի Եւրոպա իր ուղինգտնել: «Կարգ մը ուժեր ձեռնավարութեան կ՛ենթարկեն այն պատմութիւնը, թէ Եւրոպայի մէջ ոչ ոք հայերուն կը սպասէ: Անոնք կ՛ըսեն, որ Եւրոպական համարկման օրէնքի քննարկումէն ետք, Եւրոպական Միութենէն ոչ մէկ աջակցութեան ուղերձ ստացած են: Մենք՝ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութենէն կը հաստատենք, որ այդպէս չէ: Հայաստան Եւրոպա է, եւ մենք ձեր կարիքը ունինք՝ վրացիներուն եւ Հարաւային Կովկասի միւս ժողովուրդներուն հետ միասին: Քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս առաջինը ճանչցած Եւրոպայի ամէնէն հին պետութիւնը՝ Հայաստան, կը վերադառնայ իր արմատներուն: Ցեղասպանութենէն վերապրած, իր տարածքին եւ ժողովուրդին մեծ մասը կորսնցուցած այս ազգը կը փափաքի խաղաղ ապրիլ եւ կը յայտարարէ, որ Եւրոպան իր տունն է: Մենք՝ Եւրոպական Միութիւնը, պէտք է ընդունինք հայ ժողովուրդին մեկնած ձեռքը եւ կառուցենք համագործակցութեան ամուր կամուրջներ: Ասիկա ոչ միայն կարելիութիւն է Հայաստանին, այլ նաեւ ամբողջ Սեւծովեան տարածաշրջանին եւ մեզի՝ Եւրոպական Միութեան համար», յայտնեց Եունքեւիչյէնէ: