22էն 28 Ապրիլին, Տուպայի մէջ տեղի ունեցած 2025ի «Classic Violin Olympus» միջազգային մրցումին 42ամեայ ջութակահար Հայկ Կազազեան արժանացաւ առաջին մրցանակին՝ շահելով 200,000 եուրոյի պարգեւ մը։ Ան նաեւ ջութակագործ Ֆապիօ Փիաճենթինիի կողմէ նուէր ստացաւ «Սթրատիվարիուս»ի օրինակով պատրաստուած յատկապէս պատրաստուած ջութակը։
«Ասիկա իսկապէս երազի մը պէս անհաւատալի է։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ նուագիս եւ արուեստիս ցուցաբերուած գնահատանքին համար։ Ես մեծ պատասխանատուութիւն կը զգամ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք այսօր հաւատացին ինծի», բեմին վրայ մրցանակը ստանալու պահուն ըսաւ Կազազեան։
Աւարտականին, 12 ջութակահարներ մրցեցան վեց փուլերէ բաղկացած ծրագիրին, որ նախատեսուած էր տարբեր հմտութիւններ ցուցադրելու համար՝ ներառեալ ելոյթներ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին (խմբավար՝ Սերկէյ Սմբատեան) եւ Մատրիտի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ, անհատական ելոյթներ, եւ հարցում-պատասխան՝ դատակազմի անդամներուն հետ։

Մնացեալ 11 մրցակիցները արժանացան 10,000ական եուրօ դրամական պարգեւի։
Բացի այդ, ծանօթ խմբավարներէ եւ հեղինակաւոր նուագախումբերու, փառատօներու եւ համերգային շարքերու տնօրէններէ բաղկացած 25 հոգինոց դատակազմի իւրաքանչիւր անդամ եզրափակիչ փուլին հասած քանի մը մրցակիցներու կ՛առաջարկէ իրենց յառաջիկայ համերգներէն մէկուն ընթացքին ելոյթ ունենալ։