Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան ռազմապաշտ յայտարարութիւնները նորութիւն չեն։
Քարիւղի արտահանման շնորհիւ ապահովուած առասպելական գումարներէն կարեւոր բաժին մը բանակի զինավառման նպատակին յատկացնելու եւ այդ ճամբով հայկական կողմին վրայ հոգեբանական ճնշում ստեղծելու մարտավարութիւնը արդէն երկար ժամանակ է կը գործադրուի ատրպեճանական պետական քարոզչական մեքենային կողմէ։
Ատրպեճանական դիւանագիտութեան եւ ընդհանրապէս անոր արտաքին քաղաքականութեան ձախողութեան վառ ապացոյցն է միայն այս ռազմապաշտ կեցուածքի դրսեւորումը։
Սկզբնական շրջանին առանձնապէս ներքին սպառման համար օգտագործուած այսօրինակ յայտարարութիւնները պարզապէս կոչուած էին սքօղելու նոյն այդ դիւանագիտական ձախողութիւնները, ապա եւ արդարացնելու ռազմական անվերահսկելի պիւտճէն ուռճացնելու որոշումը, որ միայն ու միայն կրնար աւելի իւղոտել կաշառակեր քաղաքական գործիչներու ձեռքերը։
Վերջին շրջանին սակայն, յատկապէս Փետրուարի կէսէն ետք ինկող ժամանակաշրջանին, նոր ծալքեր սկսած են ի յայտ գալ, որոնք կարծես նոր մարտավարութեան մը նշանները կը հանդիսանան։
Նոր մարտավարութեան առանցքը Քրտական բանուորական կուսակցութեան անունի ու «սպառնալիքի»ի օգտագործումը դարձած է։
Ատրպեճանական քաղաքական գործիչներու բերնով ու ատրպեճանական ու թրքական մամուլով տարածուող շինծու լուրեր կը հրապարակուին, ըստ որոնց Քրտական բանուորական կուսակցութեան զինեալներ սկսած են Արցախը գործածել իբրեւ մարզումի խարիսխ իրենց հետագայ «ահաբեկչական» գոծողութիւններուն համար։
Եթէ քիւրտ «ահաբեկիչներ»ը սկսած են համագործակցիլ հայերուն հետ, հետեւաբար, միայն արդար կրնայ ըլլալ ատրպեճանական կողմին համար դիմել թրքական կառավարութեան եւ անոր բանակի աւելի հիմնաւոր աջակցութեան, բոլորովին նոր մակարդակի հասցնելով երկկողմանի զինուորական դաշինքը։
Մէկ կողմէ թրքական քարոզչական-դիւանագիտական-ռազմական համագործակցութեան նոր հեռանկարը, միւս կողմէ Հայաստանի քաղաքական ներքին լարուած իրավիճակը եւ անշուշտ այս բոլորին հետ ահագին չօգտագործուող սպառազինութեան առկայութիւնը կրնան համոզել ատրպեճանական ղեկավարները, որ ժամանակը հրաշալիօրէն պատեհ է պատերազմի ճամբով գրաւելու Արցախը։
Այս համոզումէն մեկնելով է, հաւանաբար, որ ատրպեճանական բանակը վերջին շրջանին սաստկացուցած է իր հրազէնային յարձակումները հայ-ատրպեճանական սահմանագծի վրայ։
Այս համոզումէն մեկնելով է նաեւ, որ ատրպեճանական բանակը զօրամասերու նոր կուտակումներով կը փորձէ ուժեղացնել սահմանագծի տարբեր հատուածները։
Այս համոզումէն մեկնելով է թերեւս, որ Ատրպէյճանի իշխանաւորները, յուսալով միջազգային աջակցութիւն, կը փորձեն Հայաստանի իշխանութիւնները ամբաստանել իբրեւ նախայարձակներ, որոնք պարզապէս կ’ուզեն իրենց ժողովուրդի ուշադրութիւնը շեղել դէպի սահմանագիծ, դէպի արտաքին թշնամի։
Ատրպեճանական այս մարտավարութիւնը եւս, սակայն, շատ երկար ճամբայ չի կրնար կտրել։
Առաջին հերթին, Արցախի պաշտպանական ուժերու մարտական ոգին, անոնց պատրաստուածութեան մակարդակը անհամեմատելի կը մնայ ատրպեճանական ուժերու հետ բաղդատութեան մէջ։ Ապացոյցը շեշտակի էր, սահմանագծի վրայ հայկական կողմի տուած կտրուկ ու սպանիչ պատասխանի ձեւով։
Հայկական դիւանագիտութիւնն ալ իր կարգին, Քրտական բանուորական կուսակցութեան Արցախի կամ Հայաստանի մէջ խարիսխ դնելու անհեթեթութիւնը ներկայացուց աշխարհին, քարոզչական այս զէնքէն ալ զրկելով Ատրպէյճանի զինանոցը։
Հայկական ներքին պառակտումն ալ կրնայ ատրպեճանական հիւանդագին երեւակայութեան մէջ միայն կեանք ունենալ, որովհետեւ արտաքին որեւէ թշնամանք հայկական հողի որեւէ հատուածի վրայ միայն ու միայն կը հզօրացնէ ազգային մեր միասնականութիւնը։ Բարեբախտաբար, տակաւին այդ աստիճանի չէ հասած վիճակը, որպէսզի Ատրպէյճանը, կամ հայութեան թշնամի որեւէ ուժ կարենայ մեր ներքին տարակարծութիւնները չարաշահել՝ մեզմէ մէկ մասը վերածելով իր համար հինգերորդ զօրասիւնի։
Մեր խորհուրդն է, որ Ատրպէյճան հաշտուի Արցախի հարցը խաղաղ բանակցութեանց ճամբով լուծելու գաղափարին եւ ետ կանգնի զինք որեւէ տեղ չտանող, ոչ մէկ յաջողութիւն չխոստացող, ընդհակառակը, եղածն ալ կորսնցնելու ապառնալիք իր գլխուն բերող թաքուն կամ յայտնի ծրագիրներէ։