Նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, Երեքշաբթի, 22 Ապրիլին, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց՝ լիբանանահայ մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի միջեւ։
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Հասկ»ի խմբագիր Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան։ Ան հաստատեց, թէ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը անցնող 50 տարիներուն ընթացքին հայ իրականութեան մէջ կառուցած է դպրոցներ, եկեղեցիներ, տրամադրած է ուսանողական կրթաթոշակներ, որոնց իշխանական չափանիշներուն ցարդ ոչ մէկ հիմնարկ հաւասարած է։ Հիմնարկութիւնը իրականացուցած է բարձր մակարդակով մշակութային ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ դոկտ. Եկաւեանի անմիջական հսկողութեամբ լուրջ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է մեր կեանքը յուզող զանազան երեւոյթներու նկատմամբ։
Այնուհետեւ խօսք առաւ դոկտ. Զաւէն Եկաւեան, որ անդրադարձաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ունեցած ներդրումին՝ սփիւռքահայ կրթական եւ գրահրատարակչական կեանքին մէջ։ Ակնարկելով «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հիմնադրութեան՝ ան յայտնեց, թէ 18 Յուլիս 1956ին ծնունդ առած հիմնարկութիւնը մինչեւ 1973 Սփիւռքի մէջ օգնած է աւելի քան 250 ամէնօրեայ վարժարաններու, իսկ ներկայիս կ՚օժանդակէ 177 ամէնօրեայ վարժարաններէն 90ին։ Ան շեշտեց, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան համար նախամեծարը միշտ հայ մանուկը, հայ աշակերտը եւ հայ ուսանողը կը մնան։ Դոկտ. Զ. Եկաւեան ակնարկ մը նետեց «հայ համայնքներու ծառայութեան բաժանմունք»ին ծնունդին եւ ունեցած գործունէութեան՝ շեշտելով, որ այդ բաժանմունքին կոչումը դպրոցն է, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի եւ հայկական հրատարակութեանց տարածումը։ «Մեր ազգը օժտուած է մեծ մշակոյթով, բայց պէտք է կարենանք օգտագործել այդ մշակոյթը», շեշտեց դոկտ. Եկաւեան՝ աւելցնելով, որ պէտք է պահպանենք ինչ որ ունինք նախ յօգուտ մեր գոյատեւման, ապա նոր սերունդներու դաստիարակութեան։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ հիմնարկութեան ունեցած գործակցութեան եւ նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ հիմնարկութիւնը կը պահէ մօտաւորապէս 400 մտաւորական եւ կը նպաստէ գիտական ու մանաւանդ հայագիտական հրատարակութիւններու տարածման։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ դոկտ. Եկաւեան հաստատեց, որ հիմնարկութեան մեծագոյն առաքելութիւնն է տարածել եւ ստեղծել նոր դաստիարակչական ու մանկավարժական միջոցներ՝ աւելցնելով, որ հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը աւելի սերտ կերպով պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը կաթողիկոսութեան հետ։
Զրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, որ շուտով Լոնտոնի համալսարանին մէջ պիտի բացուի հայկական բաժանմունք մը, որ համացանցին միջոցաւ հայերէնի դասաւանդման կարելիութիւնը պիտի ընձեռէ։
Աւարտին դոկտ. Եկաւեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն՝ յաւելեալ լուսաբանական տեղեկութիւններ փոխանցելով անոնց։