Լոս Անճելըսի հայ համայնքի պատասխանատուներու օրակարգի ամէնէն ցաւոտ խնդիրներէն մէկը նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն ջամբելու հարցն է։
Համայնքը վերջին տասնամեակներուն անհամեմատ եւ արագ մեծցաւ, անակնկալի բերելով այստեղ գործող ազգային կառոյցները, որոնք չկարողացան համապատասխան քայլերով հասնիլ թուական աճէն բխած կարիքներուն, առաջին հերթին չկարողացան կենսական անհրաժեշտութիւն համարուող դպրոցաշինական աշխատանք տանելու։
Հայ դպրոցը այսօր, մանաւանդ մեր այս համայնքին մէջ, մեր գոյատեւման ամէնէն կարեւոր կռուանն է։
Հայ դպրոցի միջոցաւ համայնքը իր զաւակներուն, իր ժառանգներուն կը փոխանցէ նախ եւ առաջ իր գուրգուրած, իր որդեգրած արժէքային համակարգը։ Սերունդներու միջեւ համերաշխութեան ստեղծման միակ գրաւականը հայկական դպրոցն է։
Հայ դպրոցի միջոցաւ նոր սերունդին կը ներարկուի համայնքի շարունակականութեան ապահովման պատասխանատուութեան զգացումն ու գիտակցութիւնը։ Եթէ այս համայնքը ազգային մեր իրականութեան մէջ դեր ունի կատարելիք, եթէ այս համայնքը գիտակցութիւնը ունի հայկական իրականութեան մէջ իր իւրայատուկ առաքելութեան, ուրեմն, այս համայնքը, իր ղեկավարներով, առաջնորդներով, հոգեւոր ու մտաւոր պատասխանատուներով, պարտի համայնքի ապագան ամուր հիմերու վրայ դնել եւ ուրեմն պարտաւոր է օր ու գիշեր դպրոցական մեր համակարգը ամբողջացնել նորանոր կրթօճախներով, միեւնոյն ժամանակ եղած կրթական կառոյցներու ծրագիրները կատարելագործելով։
Հայ դպրոցի միջոցաւ, լոս անճելըսեան մեր բազմախաւ, բազմազան կազմութեան լոյսին տակ, կարելի պիտի ըլլայ նոր սերունդ մը յառաջ բերել, որ պիտի ազատագրուի մեր ծննդավայրերու ազդեցութիւններէն եկած մշակութային տարբերութիւններէն, պիտի կարենայ հանգիստ հաղորդակցիլ իրարու հետ, պիտի կարենայ միասին աշխատելու, միասին ստեղծելու, միասին ազգային խնդիրներու լուծման լծուելու։ Դպրոցն է այն միակ միջավայրը, ուր մեր երեխաները միասին մեծնալով, նոյն դասարաններու մէջ սորվելով, պիտի դառնան մեր շրջանի ապագայ միաձոյլ սերունդը։
Արդէն կը մօտենանք դպրոցական այս տարեշրջանի աւարտին։ Շուտով հայկական դպրոցներէն շրջանաւարտ խումբը, միանալով հանրային վարժարանները աւարտած հայորդիներու մեծ բանակին, պիտի սկսի կեանքի իր նոր հանգրուանը, մեծաւ մասամբ քոլէճներու եւ համալսարաններու մէջ շարունակելով իր ուսումը, ոմանք անշուշտ կանուխէն մտնելով կեանքի ասպարէզ։
Մենք այս սերունդին բան ունինք խոստանալու։ Մենք այս սերունդին պիտի խոստանանք մեր կարելին ընել, որ իրենցմէ ետք եկողներէն աւելի քիչ համրանք մը հանրային վարժարաններ երթալու պարտադրանքը ապրի, գոնէ այն մասը, որ կ’ուզէ հայկական վարժարան երթալ, պէտք է կարենայ այդ հնարաւորութենէն չզրկուիլ, ինչ ալ ըլլայ պատճառը, տեղի չգոյութենէն սկսեալ մինչեւ նիւթական միջոցներու բացակայութիւն։
Մենք պարտաւոր ենք այս խոստումը տալ եւ անշուշտ խոստումէն անցնելու գործի, որպէսզի դուրս գանք դպրոցաշինութեան ոլորտի մէջ մեր տեղքայլէն, վերստին ներշնչուինք ազգային մեծ ծրագիրներ իրականացնելու առաքելութեամբ, վերստին խիզախենք «դպրոց մը եւս կառուցելու» հոգեվճակէն ներս։