Ղարաբաղի մէջ այս օրերուն տեղի կ’ունենայ երիտասարդ գրողներու համահայկական խորհրդաժողովը։ Այդ առնչութեամբ՝ Երկուշաբթի, Մայիս 5ին հանդիպում տեղի ունեցաւ նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Ղարաբաղի ու Հայաստանի գրողներու միութեան անդամներուն միջեւ: Բակօ Սահակեան ողջունելով երիտասարդ գրողներու համահայկական խորհրդակցութիւնը Արցախի մէջ, յոյս յայտնեց, որ ատիկա պիտի դառնայ աւանդական: