Ընթացքի մէջ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 30րդ Ընդհանուր ժողովը, որ, ինչպէս բնութագրեց Բիւրոյի ներկայացուցիչը, իր նախորդներուն նման անպայմանօրէն անկիւնադարձային պիտի ըլլայ։
Անկիւնադարձային՝ Ժողովի կողմէ որդեգրուելիք որոշումներու գործադրութեան համար պահանջուած աշխատանքի նոր որակով։
Անկիւնադարձային՝ յանձնառութեան վերանորոգուած ոգիով։
Անկիւնադարձային՝ գործունէութեան դաշտի աշխարհագրական աւելի լայն ընդգրկումով։
Անկիւնադարձային՝ Հայ Դատի հետապնդման ճանապարհին նոր մարտավարութեան որոնումով։
Անկիւնադարձային՝ կուսակցութիւնը իր ծրագրերով, գործելակերպով, մօտեցումներով ժամանակի պահանջներուն դարձեալ համապատասխանեցնելու, ամէն մարզի մէջ անհրաժեշտ սրբագրութիւններն ու փոփոխութիւնները որդեգրելու տեսակէտէն։
Ի վերջոյ, ազգային այս կուսակցութեան գոյատեւման, կենսունակութեան գրաւականները եղած են ոչ միայն իր գաղափարախօսութեան ու արժէքային համակարգի հարազատութիւնը հայ մարդու եւ հայ հաւաքականութեան էութեան հետ, այլեւ իր կարողութիւնը՝ կազմակերպականօրէն եւ գործելակերպով պատշաճելու ժամանակի պահանջներուն։
Դաշնակցութեան քաղաքական գործի դաշտը վերջին տարիներուն թէ կազմակերպական լարումի, թէ նիւթական միջոցներու աւելացման նորանոր պահանջներ դրած է կուսակցութեան վրայ։
Հայաստանի մէջ, կուսակցութիւնը, հայրենի բնակչութեան, Հայաստանի քաղաքացիներու իղձերուն, կարիքներուն, ապագայի իրենց յոյսերուն ու ակնկալութիւններուն հաղորդակից մնալու, անոնց ազգային ուղղուածութիւն տալու եւ վերջապէս անոնց տէր կանգնելու բնական պարտադրանքին տակ է, որ, կամայ թէ ակամայ, Դաշնակցութեան ազգային ազատագրական պայքար մղող կուսակցութիւն ըլլալու պատկերացումը կ’ենթարկէ հարկադրական շտկումներու։
Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ երկրի պետական համակարգին ամբողջովին մերուած քաղաքական ուժ մըն է, իր պարտաւորութիւններով, իրաւունքներով եւ գործելակերպով։ Իբր այդպիսին, Դաշնակցութիւնը իր խնդիրը դարձուցած է երկրի ժողովրդավարական կառոյցները ամրապնդելը եւ այդ ծրագրի իրականացման համար հանրապետութեան մէջ քաղաքացիական առողջ հասարակութիւն ստեծելը։
Իր այս աշխատանքը Դաշնակցութիւնը պարբերաբար քննութեան կը դնէ ժողովուրդին առջեւ՝ հերթական տեղական ու հանրապետական մակարդակի ընտրութիւններու ժամանակ։ Վերջին շրջանի այս ոլորտի մէջ արձանագրուած արդիւնքները ցոյց կու տան, որ թէեւ Դաշնակցութիւնը ահագին ճանապարհ կտրած է ու նուաճումներ իրագործած, տակաւին մեծ գործ կայ ընելիք, ու թէ՛ քարոզչական, թէ՛ ժողովուրդին ճիշդ պատգամը փոխանցելու տեսակէտէն առաւել արդիւնաւէտ մարտավարութիւն մշակելու պահանջ կայ։
Միւս կողմէն, սփիւռքեան ազգային կառոյցները պահպանելու, զանոնք զօրացնելու, անոնց քաղաքական ազդեցութեան շրջանակը ընդարձակելու, թրքական ու ատրպեճանական հակահայ քարոզչութիւնը չէզոքացնելու օրակարգը նոր հրատապութեամբ կը ներկայանայ կուսակցութեան առջեւ։ Արդարեւ, քարիւղի հարստութեան մէջ լողացող Ատրպէյճանի քաղաքական, դիւանագիտական ու ռազմական յարձակողապաշտ նոր դրսեւորումներուն դէմ Հայաստանի զինանոցի ամէնէն կարեւոր բաղադրիչը Սփիւռքի քաղաքական ուժն է, որ պէտք է նոր լիցքաւորում ստանայ, աւելի նպատակասլաց ըլլայ ու կարենայ հիմնուիլ աւելի լայն ժողովրդական, նիւթական ու կազմակերպական խարիսխի վրայ։
Տակաւին կայ նոր սփիւռքը, նախկին խորհրդային միութեան երկիրներու, արեւելեան Եւրոպայի շրջանները կազմակերպելու մարտահրաւէրը, որուն Դաշնակցութիւնը պատրաստ չէր եւ դեռ պատրաստ չէ։ Աւանդական սփիւռքն ալ որոշ շրջաններու մէջ փոխած է իր դիմագիծը եւ իբրեւ այդպիսին կը պահանջէ նոր մօտեցում, նոր ռազմավարութիւն։
Այս բոլորին պատասխանները կը սպասենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 30րդ Ընդհանուր ժողովէն։