ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, Մայիս 30ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան այցելեցին Լիբանանի նորընտիր նախագահ Միշէլ Սլէյմանի, շնորհաւորելով անոր ընտրութիւնը եւ քննելով ապագայ գործակցութեան կարելիութիւնները:
Յայտնենք, թէ Կեդրոնական Կոմիտէն Չորեքշաբթի օր հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը՝ Լիբանանի մէջ տիրող վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ։
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, թէ Տոհայի մէջ տեղի ունեցած ազգային երկխօսութիւնը կարեւոր նուաճում մըն էր, որ Լիբանանը դուրս բերաւ իր դիմագրաւած ներքաղաքական տագնապէն: «Մենք բոլորս յոյսով ենք, որ այս նուաճումը ըլլայ դուռ մը, որմէ դուրս գայ նոր հանգրուան մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ տիրող իւրայատուկ կացութիւնը՝ համերաշխ ապրելու, գործակցելու եւ ազգային գոյակցութեան դրութիւնը ամրապնդելու»։
Հաղորդագրութիւնը կ’աւելցնէ, թէ նախագահի ընտրութիւնը «բաւական լաւ սկիզբ մըն է» եւ կ’ողջունէ նախագահին երդման արարողութեան ընթացքին անոր արտասանած ճառը, «յատկապէս այն բաժինը, որ կը վերաբերի լիբանանեան ներքին միասնականութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքաղաքական կեանքին մէջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր հոսանքներուն գործակցութեան ապահովումը»։
Կը շեշտուի, թէ այս հանգրուանին պէտք է յիշել, որ «2000ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ի վեր կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութեան սկզբունքներն ու չափանիշները շրջանցուած են։ Հետեւաբար, այդ շրջանցումը վերածուած է նախընթացի մը, որ կրկնուած է լիբանանեան այլ համայնքներու պարագային եւ պատճառած ցաւալի դէպքեր, որոնց հետեւանքով յառաջացած են վէրքեր, որոնք տակաւին կը կոտտան։ Նկատի ունենալով անցեալի սխալները եւ զանոնք սրբագրելու ու նոյն սխալներուն մէջ չիյնալու անհրաժեշտութիւնը, մենք կը վերյիշեցնենք Թայէֆի համաձայնագիրը, որուն մէջ յստակօրէն նշուած է, թէ 30 նախարար հաշուող որեւէ կառավարութեան կազմին մէջ լիբանանահայութիւնը պէտք է ներկայացուի երկու նախարարով»։
ՍԻՆԻՈՐԱ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Հինգշաբթի օր, վարչապետ Սինիորա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Նոր նշանակուած վարչապետը վեհափառին յայտնեց, որ ինք ազգային միասնականութեան կառավարութիւն պիտի կազմէ եւ այս առնչութեամբ խնդրեց վեհափառին զօրակցութիւնը:
Վեհափառը ողջունեց Սինիորայի նշանակումը՝ յոյս յայտնելով, որ նոր էջ բացուի Լիբանանի պատմութեան մէջ: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ պէտք է ամբողջութեամբ յարգել հայ համայնքի իրաւունքները՝ իբրեւ երկրին 7 գլխաւոր համայնքներէն մէկը: