American University for Humantiesի (AUH) հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ աշխարհի տարածքին զանազան համալասարաններ ունեցող այս հաստատութեան նախագահ նշանակուած է դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ նաեւ այս հաստատութեան մէկ համալսարանին մաս կազմող «Մաշտոց» քոլէճին տնօրէնն է: Ան դոկտորի կոչումը ստացած է կրթական վարչութեան մարզին մէջ եւ անդամ է հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գործող զանազան ոչ շահաբեր կազմակերպութեանց վարչութեանց: Ան հեղինակն է 14 հատորներու: