Կիրակի, 13 Յուլիսին, Փոքրիկ Հայաստանի տարածքէն ներս, հայկական Հոլիվուտի մէջ տեղի պիտի ունենայ հիմնօրհնէքի արարողութիւն՝ շրջանի հայ համայնքը համախմբելու կոչուած նոր կեդրոնի մը շինարարութեան սկիզբը ազդանշող առաջին խորհրդանշական քայլը:
Պատկան մարմիններու եւ կեդրոնի շինարարական աշխատանքներուն ուղղակիօրէն առնչուող պատասխանատուներու վկայութեամբ, կառուցապատումը շատ արագ կշռոյթով յառաջ պիտի երթայ եւ շուտով Հոլիվուտի շրջանի հայութիւնը պիտի ունենայ կեդրոն մը, որ պիտի ծառայէ իբրեւ համայնքի ժողովական, մշակութային, մարզական, քաղաքական գործունէութեան վայր:
Այստեղ իրենց տանիքը պիտի գտնեն Հոլիվուտի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտութիւնը, շրջանի ՀՕՄի, ՀԵԴ երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու, ՀՄԸՄի, Համազգայինի եւ Հայ Ամերիկեան Տարեցներու Միութեան մասնաճիւղերը:
Հոլվիուտի նախկին Հայ Կեդրոնը այս օրերուս վերանորոգման կ’ենթարկուի: Այստեղ, Օգոստոսի կէսերուն, պիտի փոխադրուին «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանն ու «Ասպարէզ» օրաթերթը:
Նոր կեդրոնի շինարարութիւնն ու նախկին կեդրոնի վերափոխումը վստահաբար իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հայկական կարեւորագոյն կեդրոնացումներէն մէկը ունեցող Հոլիվուտի համայնքին համար: Արդարեւ, Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ եւ «Ալէք Փիլիպոս» ամէնօրեայ վարժարանին հետ նոր կեդրոնը պիտի կազմէ այնպիսի հայաբոյր շրջանակ մը, որ «Փոքրիկ Հայաստան» կոչուած տարածքը պիտի վերածէ իսկապէս հայաշունչ կեդրոնի մը, որ անպայմանօրէն իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ՝ նոր աւիւն ներարկելով համայնքին:
Այս առիթով, պատշաճ կը գտնենք յիշատակելու երկու հայորդիներ, որոնք իրենց կեանքի ամբողջ վաստակի առիւծի բաժինը ժառանգ թողուցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայ Դատի Յանձնախումբին, Հայ Օգնութեան Միութեան ու ՀՄԸՄին, եւ իբրեւ մշտական խնկարկում անոնց յիշատակին, Նոր Կեդրոնի յարկերէն երկուքը պիտի կոչուին իրենց անուններով:
Այո, երախտագիտութեան խոր զգացումով է, որ Հոլիվուտի Հայ Կեդրոնի պատասխանատուները նորակառոյց շէնքի յարկերէն մէկը պիտի կոչեն Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեաններու անունով, իսկ միւսը՝ ֆրեզնոյաբնակ Հայկ Կարապետեանի անունով:
Այս անունները կրողները մեզմէ յաւերժ բաժնուած են, սակայն անոնց հայրենասիրական եւ օրինակելի արարքի յիշողութիւնը ընդմիշտ պիտի մնայ մեր մէջ:
Կը շնորհաւորենք շրջանի հայութիւնը նոր կեդրոնի հիմնօրհնէքի առիթով ու մեծ իրագործումներ կը սպասենք անոր յարկին տակ հաւաքուած կազմակերպութիւններէն:
Թող հզօր ըլլան Հոլիվուտի նոր Հայ Կեդրոնի օրհնուած հիմերը: