Անհամատեղելի բառեր:
Եթէ իրապաշտ ես, կրնա՞ս միեւնոյն ժամանակ ըլլալ վիպապաշտ:
Մեզի համար պարզ է, որ «Ասպարէզ»ի հիմնադիրները, հարիւր տարի առաջ, վիպապաշտութենէ, անանձնական, հայրենասիրական մղումներէ դրդուած ձեռնարկեցին, հիմը դրին «Ասպարէզ»ին:
Վիպապաշտ էին, որովհետեւ այն ժամանակ, վստահաբար աւելի շատ քան այսօր, մարդիկ տնտեսապէս անցուկ վիճակի մէջ ըլլալով, պիտի չկարենային նեցուկ կանգնիլ թերթը հրատարակողներուն եւ այս վերջիններս, պարտաւորուած պիտի ըլլային անձնական մեծ զոհողութիւններու գնով՝ միայն ապահովել թերթի գոյատեւումը:
Վիպապաշտ էին, որովհետեւ իրենց հետապնդած նպատակները կապուած էին հազարաւոր մղոններով հեռու՝ երազային հայրենիքի հետ, որուն հանդէպ իրենց ընթերցողներուն մէջ սէր, զոհաբերութիւն պէտք է ներշնչէին, երբ միջավայրը առարկայականօրէն կը ձուլէր, կ’այլասերէր ու կ’օտարացնէր:
Միեւնոյն ժամանակ, այս մարդիկ գիտակից էին, որ պիտի չկրնային փոխել աշխարհը, որ պիտի չկրնային բեկում մտցնել իրենց ազգակիցներու հոգիներուն մէջ, պիտի չկրնային զանոնք վերադարձնել երկիր, հայրենիք:
Իրապաշտ էին, որովհետեւ անդրադարձած էին, որ «լոկ գործարաններուն փողի ձայնը, կամ առեւտրական հրապարակին ու սակարանին հրապոյրը եւ կամ դպրոցական զանգակներու ղօղանջիւնը» չէին «հայ գաղութը հոս հրաւիրողները», եթէ այդպէս ըլլար, թերեւս յոյս ունենային որ գաղութը «ժամանակաւոր» է ու «վաղանցիկ»:
Իրապաշտ էին, որովհետեւ իրենց իսկ վերլուծումներով, համոզուած էին, որ «Ամէն երեւոյթ կը ցուցնէ թէ հայը հոս եկած է մնալու դիտաւորութեամբ: Ընդհանուր գաղութին համար խօսելով կրնանք ըսել, թէ հայ տղամարդը հոս հողին կապուած է, կա՛մ ընտանիքով եկած է, կա՛մ ընտանիքը բերել տուած է եւ կա՛մ հոս ամուսնացած, տուն տեղ եղած է. երկիրը իրն է, շահը իրն է, կորուստը իրն է, ա՛լ մնայուն է: Թէ այնպէս ըլլալը հայ հայրենիքին համար, հայ դատին համար, հայուն ապագային համար լա՞ւ է, թէ գէ՛շ, այդ խնդիրը չէ, որ կ’ուզենք յուզել. մենք հիմա լոկ իրողութիւնը կ’ուզենք մատնանշել»:
Իրողութիւնը դաժան է, սակայն, փոխանակ երկնչելու, փոխանակ լալու, կուրծք ծեծելու, անյուսութեան գիրկը նետուելու, այս մարդիկը որոշեցին հայապահպանութեան գործին նուիրուիլ՝ հայերէն թերթ հրատարակելով:
Եւ ըրին: Շունչ տուին համայնքին, հայկականութեամբ տոգորեցին զայն, դարձուցին Հայաստանի պատառիկ: Բառերը իրենցն է. «Ֆրէզնոյի հայ գաղութը, իր ներկայ վիճակով, ուրիշ բան չէ, այլ Հայաստանի մէկ բեկորն է որ Հայաստանի ծոցէն փրցուելով այս ծայրագոյն արեւմուտք փոխադրուած, այս Խաղաղականի ափունքին վրայ տնկուած է»:
Եւ իրապէս, այս բեկորի վրայ կառչածները իրենց ամբողջ գոյութեան ընթացքին, այն օրերէն մինչեւ այսօր, իրենք ալ «Ասպարէզ»ի հիմնադիրներու շունչէն վարակուած՝ դարձան իրապաշտօրէն վիպապաշտներ, հասկնալով իրենց սահմանփակումները՝ փորձեցին զանցել նոյն այդ սահմանները, միշտ կիսելով ազգին ու հայրենիքին վիշտն ու երջանկութիւնը, ձախողութիւնն ու յաջողութիւնը, միշտ ձեռք երկարելով, զօրակից կանգնելով անոնց:
Յաւերժ փառք «Ասպարէզ»ի հիմնադիր սերունդին, անոնց տեսիլքի ուժը եւ անոնց զոհաբերութեան ոգին ներշնչման անսպառ աղբիւր են մեզի համար, բոլորիս: