Յարգելի խմբագիր,
Ձեր թոյլատուութեամբ եւ ձեր խնդրանքով, որ ձեր ուշադրութեան յանձնենք սպրդած սխալները «Ասպարէզ»ի էջերէն, կու գամ ձեր ուշադրութեան յանձնել անթոյլատրելի սխալ մը, որ որեւէ ձեւով ներելի չէ «Ասպարէզ»ին: Կը կարդանք «Ասպարէզ»ի Հինգշաբթի 28, 2008ը թիւին առաջին էջին վրայ մեծ տառերով. «Հայ Դատի Յանձնախումբի «Պանքուէթը»:
Այս անհարազատ բառը ե՞րբ մեր բառարաններէն ներս սպրդած է. չեմ գիտեր եւ կարեւոր ալ չէ. իսկ իմ գիտցած կէս կատար հայերէնովս գիտեմ, որ «Պանքուէթ» անգլերէն բառին մաքուր հայերէնով կ’ըսենք «Կոչունք», իսկ աւելի ընդհանրացած ձեւով կ’ըսենք «Խրախճանք»: Կը նշմարեմ ու կը գնահատեմ նաեւ, թէ արեւելահայերէն «Հայաստանեան» յօդուածներուն մէջ օտար ու անհասկնալի բառերուն ճիշդ հայերէնը կը բացատրէք, այս մէկը ինչպէ՞ս ձեր ուշադրութենէն վրիպած է, չեմ հասկնար. ներեցէք համարձակութեանս:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սան Ֆրանսիսքօ