«Փարիզ եղած միջոցին անպայման հանդիպէ զէնքի եւ գաղափարի ընկերոջս Սիմոն նաւավարեանին»:
Հայրս էր որ թախանձգին կը պատուիրէր կատարելու համար իր բաղձանքը պատճառ մը չունէի համամիտ չըլլալու իրեն, քանի որ անոնք եղբայրօրէն կապուած էին մեծ եղեռնէն ի վեր:
Սիմոն Նաւավարեան կը պատկանէր այն սերունդին, որ ազատագրութեան մեր դատին իր արդար բաժինը բերած էր: Հօրս նման, ան կանուխէն հայ Յեղափոխութեան քուրային մէջ թրծուած՝ անցած էր դաշնակցութեան շարքերուն մէջ: Նուիրուած էր հաւատքով եւ համոզումով, մոռնալով անձնականը ու միայն յիշելով ազգայինը եւ հայրենականը:
Իբրեւ բանակի սպայ՝ ծառայած էր Պաղեստինի եւ Սինայի ճակատներու վրայ:
Լոյս քաղաքը հասնելուս յաջորդ օրն իսկ ուղղուեցայ հիւանդանոց զինք տեսնելու նպատակով: Այն տեսարանը որ պարզուեցաւ իմ աչքերուս առջեւ ուղղակի շշմեցուցիչ էր: Ընդարձակ սրահ մը անյոյս եւ անբուժելի հիւանդներով խճողուած, որոնք իրենց վերջալոյսի օրերը կ’ապրէին:
Ու անոնց մէջ ամէնէն ծանր հիւանդը՝ Սիմոն Նաւավարեան, վիզէն մինչեւ ծունկերը անշարժ, «շղթայակապ» վիճակի մէջ: Ո՛չ իր ֆիզիքական վիճակը եւ ո՛չ ալ իր շրջապատը որեւէ լաւատեսութիւն կը ներշնչէին սոսկ այցելուի մը աչքերուն: Ու երեւակայել, որ իր պարագային այս վիճակը կը շարունակուէր 35 տարիներէ ի վեր:
Իր հաղորդակցութեան միակ յոյսի նշոյլը այն փոքր հայելին էր որ զետեղուած էր մահճակալին ետեւը որուն մէջէն ան յստակօրէն կրնար տեսնել իրեն այցելող բարեկամները, որոնք յաճախ կու գային իր մօտ զօրանալու համար իրենց ընկերոջ աներեւակայելի տոկունութենէն: Արդարեւ իսկական խաչելութիւն մը, բայց եւ այնպէս կը նշմարէիր իր տառապանքին մէջ ազնուական հոգիով թրծուած մտաւորականի տիպարը որ անխախտ եւ անաղարտ մնացած էր այսքան չարչարանքներէ յետոյ:
Հակառակ իմ բուռն կամքիս անկարելի եղաւ զսպել յուզումս ի տես իր հիւծած եւ մաշած վիճակին: Ինք եւս անդրադարձած էր իմ հոգեկան վիճակին եւ կարծես մխիթարելու համար զիս եղաւ առաջին արտայայտուողը:
-Հիւանդութիւնս երբեք չազդեր իմ տրամադրութեանս վրայ: Ընդհակառակը. հաշտուած եմ ճակատագրիս հետ եւ չեմ կորսնցուցած հոգեկան հաւասարակշռութիւնս: Դժբախտութիւնը այն է որ անկարող եմ որեւէ ազգօգուտ գործ կատարելու: Կ’երեւի այս աշխարհի մէջ ինծի տրուած դերը այս է:
Սիմոն նաւավարեան ապրած էր մեծ եղեռնի սարսափը, ըլլալով միակ վերապրողը իր գերդաստանին յուսաբեկուած տեսած նաեւ անկախ Հայաստանի կործանումը:
Սրամիտ եւ բարձր իմացականութեան տէր իր այս ողբալի վիճակին մէջ իսկ անզուսպ մարմաջը ունէր ճշմարիտին ձգտելու: Ու այս ուղղութեամբ հայերէն գիրքերու կողքին, գիտական եւ փիլիսոփայական գիրքերը եղած էին իր բարձր ընկերները: Ան սոկրատի նման կը հաւատար թէ փիլիսոփայութիւնը նուիրում մըն է հետապնդելու ճշմարտութիւնը: Ան ունէր դժուարին հարցերու թափանցելու կարողութիւնը արժեւորելով իր ֆիզիքական գոյութիւնը: Հետեւող մըն էր 17րդ դարու ապրող Սփինօզայի փիլիսոփայութեան, որուն հիմքը այն էր, որ կատարեալ ճշմարտութեան միմիայն գիտութեան միջոցաւ կարելի է հասնիլ:
Առաջին այցելութենէս հինգ տարիներ յետոյ՝ դարձեալ Փարիզ եմ: Նաւավարեան փոխադրուած էր Մօնմօրանսի հայկական տունը: Մօնմօրանսի նախկին ֆրանսական դղեակ մըն էր երկյարկանի, սիրուն պարտէզներով շրջապատուած: Այդ շրջանին հոն էր նաեւ բանաստեղծ Ահարոնը (Տատուրեան) իբրեւ մնայուն բնակիչ տան: Սիմոն Նաւավարեանի վիճակը որեւէ բարելաւում չէր արձանագրած բայց ինք կաշկանդուած կը զգար հոն որովհետեւ անկարող կը զգար լուրջ մտաւորական աշխատանք կատարելու:
Վրդովուած էր, որ նախքան իր Մօնմօրանսի փոխադրուիլը իր ամբողջ «հարստութիւնը» իր գիրքերը, նամակները եւ մանաւանդ փիլիսոփայական աշխատութիւնները արմատական մաքրագործումի մը ենթարկուած էին նախկին հիւանդանոցի պաշտօնէութեան կողմէ առանց իր գիտութեան: Ինք անզօր եղած էր համոզելու անոնց թէ ատոնք որքան արժէքաւոր էին իրեն համար որովհետեւ հոն արձանագրած էր իր մտածումները եւ խորհուրդածութիւնները եւ մասնաւորաբար եղեռնի իր յուշերը:
Երբ կը թելադրէի իրեն գրել ամէն ինչ ամենայն մանրամասութեամբ անոր պատասխանը եղաւ հետեւեալը՝
-«Կը խնայեմ քեզի այն օրերու մեր տառապանքները: Այդ կեանքը ապրողները իրենք չեն կրնար առարկաօրէն եւ ամբողջութեամբ պատմել: Ո՛չ ոք համարձակած է արդէն: Միայն հեռուէն իմացողներն են որ փորձած են գրել այդ մասին»:
Վերջին տարիներուն ունեցաւ ընկրկումի ծանր պահեր ի տես իր մտերիմ ընկերներու շիջումին: Կարծես սկսած էր կորսնցնել իր հոգեկան կորովը բայց կը թելադրէր չվհատիլ եւ չընկճուիլ մեր առօրեայ կեանքին մէջ:
Վերջին նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէր.
-Չարժեր որ աւելի երկար գրեմ իմ մասին: Արդէն քաւարանի դրան մօտեցած եմ եւ առանց կսկիծի կը սպասեմ անոր դրան առջե՛ւ, քանի որ շղթայակապ դրութեան մէջ գտնուելով անկարող եմ որեւէ արդիւնաւոր գործ կատարելու:
45 տարի ապրելու այս ողբերգական վիճակով շատ է իսկ: Սակայն, շատ կ’աղաչեմ մի տխրիր այս իրականութեան համար: Ես զայն ընտրած եմ իբրեւ բնական վիճակ եւ կը տանիմ սիրով եւ գոհունակութեամբ: Իմ երկու եղբայրներս հայրդ՝ Զաւէն (Սինանեան) եւ Յարութիւնը (Փափազեան) զինուորական վտանգաւոր շրջանի անձնուէր եղբայրներս, ինծի կը սպասեն անդենականին մէջ:
Սիրով պատրաստ եմ միանալու իրենց:
Սիմոն Նաւավարեան չեղաւ տիրական եւ գործօն ներկայութիւն մը մեր կեանքի մէջ իրեն վիճակուած դառն եւ տաժանելի ճակատագրին պատճառով:
1976ին՝ 86 տարեկանին ինք եւս շիջեցաւ հատնող ճրագի մը նման:
Այս բազմաշնորհ մտաւորականը վերջին շառաւիղը Նաւավարեան գերդաստանին ո՛չ մէկ տող ձգեց իբրեւ աւանդ գալիք սերունդներուն: Մեռաւ անշշուկ եւ աննշմար, բայց ինչպէս առածը կ’ըսէ «Եթէ մեռելները չթաղուին ողջերու սրտերուն մէջ անոնք իրապէս ո՛չ եւս են: