Կարելի չէ փորձութեան չենթարկուիլ: Հրազդան մարզադաշտն ու Ծիծեռնակաբերդը կողք-կողքի են: Ամէն տարի, հարիւր հազարաւոր հայորդիներ, լուր, ակնածանքով ու յարգալիր, Քիեվեան կամուրջի կողքի մուտքէն կը բարձրանան Ծիծեռնակաբերդ, ապա, ոստիկաններու ուղղորդումով, կ’իջնեն Հրազդան մարզադաշտի մօտ, անկէ վերադառնալու իրենց տուները:
Այդքան մօտ են իրարու այսօր նոր խորհրդանիշ մը դարձած Հրազդան մարզադաշտն ու Հայոց յաւերժական ցաւի յուշակոթող Ծիծեռնակաբերդը: Նոր խորհրդանիշը պիտի արտայայտէ մեր յոյսը, ակնկալութիւնն ու սպասումը, որ քաղաքական ողջունելի նախաձեռնութեան մը շնորհիւ պատմականօրէն մեզ հակադրուած, մեզի հանդէպ թշնամականօրէն տրամադրուած, մեր ազգի ու պետութեան դէմ բոլոր ատեաններէն, բոլոր ճակատներով հարուածող, սեփական ժողովուրրդի իսկ պատմական յիշողութիւնը չարափոխող իշխանութեան գլուխ կանգնած բարձրագոյն այս պաշտօնատարը կրնար այնպիսի սխրագործութիւն մը կատարել, որ զինք արժանի դարձնէր Նոպէլեան եւ եթէ գոյութիւն ունենար նոյնիսկ աւելի մեծ ու աւելի վեհ մրցանակներու:
Ակնկալութիւնը, սպասումը, որ նախագահ Կիւլ պարզապէս քալէր մի քանի հարիւր քայլ, հասնէր Ծիծեռնակաբերդ, ծաղկեպսակ զետեղէր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու գերեզմանը խորհրդանշող կոթողին առջեւ, նայէր անմար կրակին ու յանձնառութիւն վերցնէր քանդել երկու ժողովուրդներու միջեւ բարձրացած բոլոր թշնամական պատերը, հաշտուիլ պատմութեան հետ, եւ արժանապատուօրէն, հերոսաբար, ձեռնարկել սխալները սրբագրելու աշխատանքին, գոնէ սկիզբը դնել այդ այնքան ուշացած գործընթացին:
Դժբախտաբար, նախնական համաձայնութիւնները, որոնք բոլորը կը միտին այս այցելութեան արդիւնքները դարձնել այնքան աննշան, որ յաջորդող օրերուն, բոլորս ալ պիտի միայն յիշենք մրցումի մանրամասնութիւնները, անկարելի կը դարձնեն նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի նման սխրանք մը: Երկու պետութիւններու ներկայացուցիչները արդէն իսկ համաձայնած կը թուին ըլլալ, որ առայժմ պիտի բաւարարուին այսքանով, զուտ մարզական իրադարձութիւն մը միասին վայելելու ապրումը կիսելով, հաւանաբար մարդկային փոխյարաբերութեան հետագայ զարգացման հեռանկարի մը համար պատուհանի մը ստեղծումը նկատելով իբրեւ մեծագոյն, նոյնիսկ անկիւնադարձային իրագործում՝ երկու ժողովուրդներու, երկու հարեւան պետութիւններու քաղաքական տարեգրութեան մէջ:
Սակայն, Քաղաքական գործիչներու մարդկային յարաբերութիւններու սերտացումը միշտ չէ, որ կրնայ միջպետական յարաբերութիւններու մակարդակ փոխադրուիլ: Մանաւանդ, մեզի պէս պատմութիւն, կեանք ու մահ կիսող ժողովուրդներու պարագային, երբ ոչ միայն հոգեբանական պատուարներ քանդելու խնդիրներ կան, այլեւ կայ հաշիւ ու պահանջք, կայ արդարութիւն վերականգնելու ձգտում ու վճռականութիւն, կայ հարեւանութեան խաղաղ գոյակցութիւնը իրապէս ամրապնդելու նպատակ, ոչ թէ ժամանակաւոր սեթեւեթումներով իրարու աչքին փոշի փչելու ու իրարու մօտեցնող ու կապող բոլոր կամուրջները վերջնականապէս ականապատելու տրամադրութիւն:
Այսօր, Հրազդան մարզադաշտը պիտի թնդայ հայ ֆութպոլասէրներու կանչերով ու պոռթկումներով, թերեւս նաեւ հայհոյանքներով, որոնք, որքան ալ դատապարտելի, շատ բնական են, երբ հակառակորդ խումբը միայն մարզական մրցակից չի նկատուիր, այլեւ դարաւոր զգայնութիւններու, նախապաշարումներու, ճնշուած զայրոյթի ու ընդվզումի դուրս ժայթքելու պարզապէս առիթ:
Այսօր, Հրազդան մարզադաշտը պիտի դառնայ նաեւ մսխուած պատմական պատեհութեան մը թատերաբեմը: Թերեւս անկրկնելի պատեհութեան մը: