ՀԻՒՍԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Փրկարար խմբակներ Կիրակի, Սեպտեմբեր 14ին «Այք» մրրիկին պատճառով ողողուած թաղամասերը շրջեցան՝ ջանալով փրկել անոնք, որոնք կրնան բանտարկուած ըլլալ քանդուած բնակարաններու եւ փլատակներու տակ։
Օգտուելով լիալուսինի լոյսէն՝ փրկարար խմբակներ յատուկ մարզուած շուներու օգնութեամբ Կալվըսթըն շրջանէն հեռացուցին մօտաւորապէս 2000 հոգի:
Իշխանութիւնները կը ջանան հասնիլ տասնեակ հազարաւոր թեքսասցիներու, որոնք անտեսած էին դէպի աւելի ապահով վայրեր փոխադրուելու կոչերը։
Առայժմ կը հաղորդուի, որ մրրիկին պատճառով մահացած են 15 հոգի, Թեքսասի եւ Լուիզիանայի մէջ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ կը ծրագրէ վաղը Թեքսաս այցելել: Ան տեղահանուած բնակչութեան կոչ ուղղեց՝ իրենց բնակարանները վերադառնալէ առաջ հետեւելու տեղական իշխանութիւններու ցուցմունքներուն։
Թեքսասը հարուածած մրրիկէն հազիւ մէկ օր ետք, մինչեւ մէջք բարձրացող ջուրեր եւ տապալած ծառեր բազմաթիւ փրկարարներու աշխատանքին արգելք հանդիսացան։
Թեքսասի մէջ շուրջ երեք միլիոն հոգի կը շարունակեն մնալ առանց ելեկտրականութեան, իսկ հոսանքի ամբողջական վերականգնումը շաբաթներու կը կարօտի։