Կարէն Յարութիւնեանը մասնագիտութեամբ բռնցքամարտիկ եղած է, բայց հիմա, քսանվեց տարեկան հասակին, արդէն դարձած է կազմակերպող եւ այլ մասնագէտ՝ երիտասարդբներու ճամբայ բացող:
Այս երիտասարդ բռնցքամարտիկը, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Բռնցքամարտի կազմակերպութեան վարկածով 115 փաունտ դասակարգի 2005ի ախոյեանն է, Սեպտեմբեր 19ին պիտի կազմակերպէ իր երկրորդ մարտը, որուն պիտի մասնակցին չորս հայ եւ երեք այլազգի բռնցքամարտիկներ:
Մրցումը, որ նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան տօնին, տեղի պիտի ունենայ Վուտլընտ Հիլլզի Մարիըթ հիւրանոցին մէջ, նշուած օրը, երեկոյեան ժամը ութին: Մրցումի վայրը Վուտլընտ Հիլլզ է եւ ոչ թէ օրինակի համար հայահոծ բնակչութիւն ունեցող Կլէնտէյլը, պարզապէս, որովհետեւ Կլէնտէյլի քաղաքապետութիւնը 1946էն ի վեր արգիլած է նման մարտերու կազմակերպումը իր տարածքէն ներս:
Այս մարտին մասնակցող հայ բռնցքամարտիկներն են Արտիոմ Յովհաննիսեանը, Վարդան Գասպարեանը, Գաբրիէլ Տոլմաճեանը եւ վաչագան Աւագեանը, չորսն ալ նախապէս եղած են Հայաստանի հաւաքականի անդամ ու ներկայացուցած են հայրենիքը միջազգային մրցումներու մէջ:
Կարէն Յարութիւնեան ծնած է Երեւան եւ 14 տարի առաջ եկած է Լոս Անճելըս: Բարձրագոյն կրթութիւն ունի, բանասիրութեան վկայականը ստացած է Եու.Սի.Էլ.Էյ.էն: Բռնցքամարտի մուտքը 50 տոլար է սովորական տեղերու համար, մարտի բեմին կողքի տեղերը կ’արժեն 65 տոլար, իսկ Վի.Այ.Փի. տոմսերը կ’արժեն 100 տոլար:
Մարտը կը վերահսկուի Քալիֆորնիոյ համապատասխան նահանգային մարմիններու կողմէ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կրնաք հեռաձայնել 818-749-1571 թիւին, կամ այցելել www.artofboxingpromotion.com կայքէջը: