Հնաբոյր հարցում մը: Արա Օշական, ինչպէ՞ս կը բնորոշես լուսանկարչական արուեստը: Արուեստագէտ լուսանկարիչը ինչպէ՞ս կ’առանձնանայ ուրիշներէ, այլ լուսանկարիչներէ, կամ պարզապէս լուսանկարողներէ:
Արուեստագէտ լուսանկարիչը ունի իւրայատուկ տեսիլք մը, նկարագիր մը, արուեստի մօտենալու ոճ մը: Ան պէտք է նուաճած ըլլայ մակարդակ մը, պէտք է ունենայ իր թէքնիքը, պէտք է տիրապետած ըլլայ այդ թէքնիքին, պէտք է ճանչնայ այդ արուեստի բաղադրիչները եւ զանոնք զարգացնելու հնարքները իմանայ:
Արուեստը նաեւ անշուշտ կը պահանջէ յղացք, գաղափար ու մտածումի գործընթաց, առանց որոնց կարելի չէ պատկերացնել նոյն ինքն՝ արուեստը:
Անշուշտ կայ քննադատներու, ճաշակ ստեղծողներու, դատողներու համայնք մը, որ եթէ քեզ ընդունեց, կը նշանակէ, որ քու մէջդ տեսաւ արուեստագէտի յատկանիշը: Ատկէ ետք արդէն ճամբան հարթ կ’ըլլայ: Ես որոշ չափով ընդունուած եմ: 2004ին «Պարնզտէյլ Փարք»ի ցուցասրահին մէջ երբ ներկայացուցի իմ շուրջ քառասուն նկարները, բաւական լաւ ընդունելութեան արժանացայ: Աւելի քան հազարերկու հարիւր հոգի եկան ու տեսան նկարներս, գնահատեցին: Հաւանաբար ես ատկէ ետք պէտք է աւելի կեդրոնացուած աշխատանք տանէի ու անցնէի յաջորդ տրամաբանական ու անհրաժեշտ քայլին, հրատարակէի իմ գործերը, ներկայացնէի զանոնք աւելի լայն հանրութեան մը:
Մրցակցութիւնը այս ոլորտին մէջ դաժան է, ինչպէս արուեստի այլ ոլորտներ: Յայտնի անուններ պէտք է քեզ հաւնին ու յանձնարարեն ուրիշներու, պէտք է մասնակցիս խմբակային ցուցահանդէսներու: Իր պարագային այդ բարիքները չիրականացան: Գործ, չորս զաւակներ կրնան այս ճամբուն վրայ որոշ չափով դանդաղեցնող գործօններ դառնալ: Հիմա, Արան սկսած է իր արուեստը ապահովող գիտական ուսումնասիրական աշխատանքը կատարելու իր բնակարանէն, ուրեմն ժամանակ կը շահի եւ շահած ժամանակը կը տրամադրէ արուեստին:
«Պարնզտէյլ Փարք»ի ցուցահանդէսին ներկայացուցած էր Լոս Անճելըսի հայ համայնքի մարդոց անհատական ու հաւաքական կեանքը պատկերող նկարներ, ընտանիք, կառոյցներ, ընկերային երեւոյթներ, բանտարկեալներ, թմրամոլներ:
Այս ցուցահանդէսը փորձառական տարր մը ունի իր մէջը: Նախ վայրը՝ Արուեստից եւ ճարտարապետութեան կեդրոնը, ի՛նք փորձառական նկարագիր ունի, ուղղանկիւն, քառանկիւն սրահ մը, որ աւելի երկար ու լայն միջանցքի կը նմանի, որ հնարաւորութիւն կու տայ բազմաթիւ նկարներ կախելու պատերէն: Կը ծրագրէ շուրջ 250 նկարներ կախել: Այս նկարներուն ընդմէջէն պիտի ներկայացնէ Լոս Անճելըսի հայկական եւ եթովպիական համայնքներու ինքնութիւնը բնորոշող պատկերներ, հայկական համայնքը՝ սեւ-ճերմակ, իսկ եթովպիականը՝ գունաւոր նկարներով: Աւելի ճիշդը, դեգերում մը պիտի ըլլայ այս երկու համայնքներու կեանքի միջանցքներէն, որուն ընթացքին պիտի քակուին հետաքրքրական ծալքերը անոնց ինքնութեանց իւրայատկութիւններուն, նաեւ պիտի յայտնաբերուին անհատի ու համայնքի ինքնութեանց կազմաւորման ու անոնց յարաբերակցութեան խնդիրները:
Արան Լոս Անճելըսի «Քալիֆորնիա Սենթըր Ֆոր հիւմանիթիզ» հիմնադրամէն երկրորդ յատկացում մը ստացած ըլլալով՝ (առաջին յատկացումը հայկական համայնքի կեանքը նկարելու համար էր), «Եթովպիացի ընկերուհիիս՝ Րըպեքքա Հայլիի հետ, ձեռնարկեցինք նկարելու եւ հարցազրոյցներ կատարելու աշխատանքին: Գործը աւարտելէ ետք, ցուցադրեցինք մեր աշխատանքները փոքրիկ Եթովպիա անունով ճանչցուած շրջանին մէջ: Պէտք է ըսել, եթովպիական համայնքը անհամեմատ աւելի փոքրիկ ու կազմաւորման սեղմնային վիճակի մէջ գտնուող հաւաքականութիւն մըն է, որուն համեմատ հայկական համայնքը գերզարգացած ու հզօր կը թուի ըլլալ»:
Այս ցուցահանդէսին Արան պիտի հրաւիրէ իրեն ծանօթ քանի մը արուեստաբաններ:
Ետքը: Ցուցահանդէսէն վերջ: Արան պիտի աւելի լրջօրէն ձեռնամուխ ըլլայ չորս գիրքերը հրատարակութեան պատրաստելու գործին: Մէկ գիրքը, հօր՝ Վահէ Օշականի, գրուածքներուն ընկերակցող նկարներու հատոր մըն է, Ղարաբաղեան պատկերներով: Երկրորդը՝ հայ բանտարկեալներու նկարներու հաւաքածոն է, երրորդը՝ հայկական համայնքի պատկերները, իսկ վերջինը՝ վերապրողներու դիմանկարները:
Արա Օշականի նկարները մաս կը կազմեն Երւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանի ու Տաունիի Արուեստի թանգարաններու մնայուն հաւաքածոներուն:
Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբերին, Վազգէն Բրուտեան արուեստագէտ-ճարտարապետի նոր բացած Արուեստի եւ ճարտարապետութեան փորձառական ցուցասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը եօթէն տասը: Մուտքի տոմսագինն է տասը տոլար: Ներկայացուած բոլոր նկարները վաճառելի են:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է հեռաձայնել (818) 551-9386 թիւին: