Մարդիկ առհասարակ կը խղճան, երբ ուրիշներու կեանքին մէջ դժբախտութիւններ կը պատահին: Ասիկա յատկապէս շեշտուած է արեւմտեան երկիրներու մէջ, կամ ընդհանրապէս ներկայ քաղաքակիրթ աշխարհին մօտ, որովհետեւ անցեալին ծիծաղի առարկայ կը դառնային ֆիզիքապէս թերի, խեղանդամ մարդիկ: Իսկ հիներուն մօտ, ինչպէս Աւետարանին մէջ եւս ակնարկութիւններու կը հանդիպինք, նոյնիսկ ի ծնէ կոյրերուն ու խեղանդամներուն դժբախտութիւնը կը նկատուէր աստուածային պատուհաս՝ ի՛ր, կամ՝ իր ծնողքի՛ն կատարած մեղքին ի պատասխան (հմմտ Յհ 9.2):
Մօտաւոր անցեալին, տակաւին, կաղի մը քալուածքը, կոյրի մը խարխափելու եւ երբեմն փոս իյնալու երեւոյթը, հաճոյք կը պատճառէր ամբողջութեամբ առողջ մարդոց: Սակայն ներկայիս, յատկապէս մարդասիրական միջազգային կազմակերպութեանց կողմէ հովանաւորուած ծրագիրներ, նոր մօտեցում կը ցուցաբերեն, ու մանաւանդ տիրող մտայնութեան ու հասարակաց երբեմն ժխտական կարծիքին դէմ կը պայքարին: Անոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, ընկերութեան կեանքին անբաժան մասը ներկայացնելու խեղանդամներ, որոնք հաւասարապէս իրաւունքը ունին ապրելու այս կեանքը, եւ մանաւանդ իրենց ներդրումը կատարելու անոր գործունէական ընթացքին մէջ: Այսպէս, յիշեալ կազմակերպութիւնները յատուկ աշխատանքներ կը գտնեն հաշմանդամներու համար: Պաշտօններ, զորս կրնան դիւրաւ կատարել անոնք, յաճախ նստած դիրքով, առանց մասնաւոր դժուարութեան:
Աւելորդ է ըսել, թէ ի ծնէ եւ կամ հետագային արկածի մը հետեւանքով դժբախտացած անձին վիճակին վրայ ծիծաղիլը այլեւս տգիտութեան ու յետամնացութեան համազօր երեւոյթ է: Ամէնքս ալ Աստուծոյ ստեղծածներն ենք եւ զիրար պէտք է յարգենք, այնպէս, ինչպէս որ ենք: Ազգերու, ժողովուրդներու, հաւաքականութիւններու միջեւ տարբերութիւն դնելը ճիշդ չէ՛, ու մանաւանդ վարկաբեկիչ է այդ ամէնուն Արարիչի՛ն համար: Միւս կողմէ, նման դժբախտութեանց պարագային, դժբախտացողներուն գթալն ու անոնց ցաւը բաժնելը, մարդկային ամէնէն ազնիւ զգացումներէն մէկն է:
Ընկերային կեանքի այս յեղափոխական ընթացքէն տարբեր, (երբ անկարներուն վրայ ծիծաղելու երեւոյթը փոխարինուեցաւ զանոնք ետ կեանքին մղելու բարի տրամադրութեամբ), կայ նաեւ այլ մտածողութիւն մը, որ տարբեր փակագիծ մը կը բանայ, դժբախտութեանց դիմաց գութի արտայայտութիւն մուրալով. ատիկա երեւակայական կամ շինծու դժբախտութեանց մասին լուրեր տարածելու ունակութիւնն է: Այսպիսի սովորութիւն ունեցողը ո՛չ թէ անգործ կ’ըլլայ, այլ՝ ընդհակառակը, իր բազմազբաղ առօրեային մէջ մասնաւոր առիթ կը գտնէ ու ժամանակ կը յատկացնէ, ինքզինք խեղճացած ցոյց տալու, եւ դժբախտութիւններով շրջապատուած ըլլալը ամէնուն ծանուցելու: Բայց ինչո՞ւ: Թերեւս անհեթեթ թուի նման մօտեցում, երբ ոչ ոք պիտի ուզէ այս կեանքին մէջ դժբախտութեան մը զոհ դառնալ: Չէ՞ որ ամէնքս ալ երջանկութեան հետամուտ ենք, ու մեր ներքին թէ արտաքին եղածովը, յարատեւ ուրախ կեանքի մը բաղձանքով կը բանանք ու կը փակենք մեր աչքերը իւրաքանչիւր օր: Սակայն, պէտք է լաւ վերլուծել նման անձերու հոգեկան իրավիճակը, կարենալ տեսնելու համար անոնց բուն դիտումը, իսկական նպատակը:
Գութ հայցելու երեւոյթը շատ մը առաւելութիւններ ունի, ըստ վերոյիշեալ անձերու տրամաբանութեան: Տարօրինակ երեւոյթը այն է, որ գութի հրաւէրը անպայման դժբախտութիւնը վերացնելու հետ առնչութիւն չունի անոնց մտքին մէջ, այլ՝ անպայման անկէ օգուտ մը քաղելու տրամադրութիւն մը: Օրինակ, ընկերութեան կողմէ մերժուած մարդիկ, որոնք շատերուն վնաս հասցուցած ըլլալով՝ անտեսուած ու նոյնիսկ անարգուած կ’ըլլան իրենց շրջապատէն, յանկարծ այս ընտրանքին կը դիմեն: Անոնք կը մտածեն, թէ վերջապէս մահուան պարագայ մը, կամ գէթ ծանր հիւանդութեան մը լուրը, կրնայ զգայացունց կացութիւններ ստեղծել զիրենք անտեսող շրջապատին մէջ, եւ յանկարծ կրնայ իրենց շուրջ ստեղծուած ժխտական մթնոլորտը բարելաւել…: Այսպէս, յանկարծ կ’իմանաս, որ նման անձերու ընտանեկան մօտիկ պարագաներէն մէկուն՝ հօր, մօր, քրոջ կամ եղբօր, մեծ դժբախտութիւն մը պատահած է, կամ անոնցմէ մէկը կամ միւսը մահացած է: Յոռեգոյն պարագային, ծանր դժբախտութիւն մըն ալ իրենց անձին կը փակցնեն անոնք, մանաւանդ, երբ զիրենք չճանչցող միջավայրի մէջ գտնուին: Օրինակ ցաւագին հիւանդութիւն մը:
Այսպիսի կացութեան մը ստեղծումը ըստ իրենց, ի վերջոյ կրնայ փափկացնել կարծրացած սրտերը: Անոնք որոնք բացարձակապէս պիտի չուզէին աչքերնին վերցնելով իրենց նայիլ, գէթ կարեկցող հայեացք մը պիտի նետեն արդէն իսկ «ծանր դժբախտութեան» մը վշտակիր անձին: Եւ ահա այդ է այն յարմարաւէտ պահը, զոր կեղծուպատիր «դժբախտը» պիտի օգտագործէ՝ իր աշխատանքները տնօրինելու, կամ պարզ արտայայտութեամբ՝ իր «գործերը քալեցնելու» համար: Այսպիսի կացութիւններ ստեղծելով օգտուիլ փափաքողը, եկած օժանդակութիւններուն միջեւ տարբերութիւն չի՛ դներ ալ: Այդ օժանդակութիւնը նիւթակա՛ն ըլլայ թէ բարոյական՝ շա՛հ է իրեն համար:
Կայ նաեւ այլ կէտ մը, որուն ամբողջութեամբ ծանօթ կ’ըլլան այսպիսի անձեր: Ասոնք շատ լաւ կ’իմանան, թէ սուտի վրայ հիմնուած նման կացութիւններ, երկար տեւողութիւն չեն կրնար ունենալ: Ուստի, պէտք է ժամանակը օգտագործել ըստ կարելւոյն: Մինչեւ սուտին յայտնաբերումը, ասոնք պէտք եղած գումարները կը հաւաքեն, աշխատանքները կը դասաւորեն, իրենց գործունէութիւնը խոչընդոտող արգելքները կը վերցնեն, եւ պատրաստ կը սպասեն զիրենք արդարացնող երկրորդ, ու չքմեղող սուտ մը խօսելու: Այս երկրորդ սուտը պարզապէս ծածկոյթ մը կ’ըլլայ: Այսպէս, հարազատի մը մահուան մասին իրենց տարածած սուտ լուրը, ոչ հաւաստի աղբիւրի մը կողմէ տարածուած կը ցուցնեն՝ իրենց վրայէն նետելով անոր պատասխանատուութիւնը: Սակայն, ինչքան ալ մեղադրեն մարդիկ այդ ոչ հաւաստի աղբիւրներուն կատարածը, չեն կրնար յետս կոչել այլեւս այն գութը, որմէ օգտուեցաւ այդ լուրը տարածող բուն անձը: Կամ, նոյնիսկ իր անձին համար անբուժելի հիւանդութեամբ մը վարակուած ըլլալուն լուրը ջրելով՝ անոնք պահ մը ետք կրնան այլ լուր մը տարածել, ըսելով, թէ երկրորդ բժիշկի մը կարծիքը ամբողջութեամբ տարբեր եղած է, կամ աւելի մասնագէտ բժիշկ մը յաջողած է արմատախիլ ընել անբաղձալի բջիջները եւ մաքրել ժահրը, եւ այլն:
Դժբախտութիւններով գութի հրաւէր կարդալու ունակութիւնը, կրնայ մարդու հոգեկանին ազդել, ու պահ մը ետք, նման սովորութեամբ իր կեանքը ապրողը դնել մեծ յուսախաբութեան մը դիմաց, երբ ո՛չ մէկ գթացող անձ գտնէ իր շուրջը:
Դժբախտութիւնները անխուսափելի են այս կեանքին մէջ, սակայն գութի սիրոյն զանոնք մեր վրայ հրաւիրելը՝ ինքնակործան ընթացք մըն է, որուն ճամբով շահ կարելի չէ ապահովել, այլ՝ միայն կորուստ: