Հայ-թուրք յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացը նոր փուլ թեւակոխած կը թուի ըլլալ:
Պետական մակարդակի վրայ, փակ դռներու ետեւ կը շարունակուին քննարկումները, բանակցութիւնները եւ հեռու չի թուիր այն պահը, երբ ծուխը դուրս պիտի գայ եւ բոլորս պիտի կանգնինք կատարուած իրողութիւններու առջեւ:
Այս մտահոգութիւնը կը մեկնի այն փաստէն, որ մեր պետութեան բարձրագոյն ղեկավարութենէն տրուած նշանները յոյս չեն ներշնչեր, որ այս բանակցութիւններու ընթացքին մեր ազգի շահերը լաւագոյնս կը պաշտպանուին, որ մեր պետութեան հեռահար նպատակները յստակ են ու անոնց հետապնդման համար որդեգրուած ռազմավարութիւնը բազմակողմանիօրէն քննարկուած, դատուած, կշռուած ու եզրակացուած է:
Դժբախտաբար, այստեղ, որեւ չմտածուած, կարճատես քայլ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ թէ՛ ներազգային գետնի վրայ՝ գետին ստեղծելով պառակտումներու եւ առճակատումներու, եւ թէ՛ միջազգային բեմերու վրայ, ուր մեր քաղաքական վարքագիծը, մեր ազգային շահերու պաշտպանութեան մեր վճռականութիւնը, կամ աւելի ճիշդը՝ այդ վճռականութեան պակասը պիտի նկատուի մեզմէ նորանոր զիջումներ գործելու կանաչ լոյս բացող հնարաւորութիւն:
Երկու կարեւորագոյն խնդիրներ. Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Ղարաբաղի անվտանգութեան, անոր ժողովուրդի ինքնորոշման ու անկախութեան պահանջները, որեւէ ձեւով կամ ձեւաչափով, որեւէ սակարկութեան մաս դարձնելը ընդունելի չի կրնար ըլլալ ազգային ջիղ ունեցող ոեւէ հայու համար:
Չենք ուզեր հաւատալ, որ Հայաստանի պետութիւնը կրնայ ղեկավարուիլ ապազգային, տնտեսական կամ քաղաքական մասնակի շահեր ապահովելու տրամաբանութեամբ: Չենք ուզեր կասկածի տակ իսկ դնել, որ կրնայ ոեւէ հայ համաձայնիլ Հայկական Ցեղասպանութիւնը քննելի հարցի կարգավիճակին դատապարտել՝ վիրաւորելով միլիոն ու կէս նահատակներու յիշատակը: Չենք կրնար ընդունիլ, որ կրնայ ոեւէ հայ պետական գործիչ արցախցիներու եւ համայն հայ ժողովուրդի ծով արիւնով ու զոհաբերութեամբ ձեռք ձգած հողն ու անկախութիւնը իր կուրծքով ու իր բազկի իւրաքանչիւր մկանով չպաշտպանէ:
Չենք ուզեր, չենք կրնար սպասել, որ փակ դռներու ետին, քուլիսներու մէջ վճռուին կարեւորագոյն խնդիրներ, առանց մեր կողմէ բանակցող ներկայացուցիչները իմանալու մեր կեցուածքը, մեր վճռականութեան աստիճանը՝ քննարկուած հարցերուն վերաբերեալ:
Ուրեմն, կենսական կը դառնայ մեր հաւաքական դիրքորոշումի արտայայտութիւնը, դրսեւորումը՝ յաչս Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն:
Մենք, այստեղ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափին, պէտք է գտնենք ճանապարհը ամէնէն ազդեցիկ, ամէնէն յստակ ձեւով ցոյց տալու մեր տրամադրութիւնը, մեր մտահոգութիւնը եւ անդրդուելի մեր կեցուածցքը այս զոյգ հարցերուն վերաբերեալ:
Ինչպէ՞ս: Կազմակերպելով հաւաքներ, հանդիպումներ, հրապարակային քննարկումներ, հրապարակելով յայտարարութիւններ, որոնց տակ կը ստորագրեն մեր հասարակական կեանքին մէջ դերակատար բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները: Կարեւորը այն է, որ գտնենք միջոցները ցոյց տալու մեր դիրքորոշումներու ժողովրդականութիւնը, անոնց ընդունումը մեր ժողովուրդին, այստեղ՝ մեր համայնքի բոլոր շերտերուն, բոլոր խաւերուն, բոլոր հատուածներուն կողմէ: Այս պարագային, հատուածներ, շերտեր ու խաւեր չկան: Այս պարագային կայ միասնութիւն՝ մօտեցումի, կեցուածքի:
Թող շարունակուին բանակցութիւնները, սակայն եւ թող լսուի մեր ձայնը, մեր խօսքը, բոլորի՛ս ձայնը, բոլորի՛ս խօսքը: