ՆԻՒ ԵՈՐՔ, »Ռոյթըրզ«.- Սկսելով Ասիայէն ու Եւրոպայէն, հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ՝ բաժնետոմսերու շուկաներու լաւատեսութիւնը տիրող էր Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին, յատկապէս տնտեսութեան ու ենթակառոյցի շինարարութեան նպատակով կառավարութեան խոստացած հսկայական ներդրումներուն շնորհիւ:
Արդարեւ, մինչ Չինաստանի իշխանութիւնները կը քննէին մօտաւորապէս 600 միլիառ տոլարի ներդրումի մը կարելիութիւնները, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամա Կիրակի օր շեշտեց նման ներդրումներ կատարելու կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով սակայն, թէ նախքան տնտեսութեան կացութեան բարելաւումը, երկիրը պիտի դիմագրաւէ նոր դժուարութիւններ:
Հակառակ այս լաւատես մթնոլորտին, օրաթերթերու ճակատէն եկած տեղեկութիւնները նախանձելի չէին: Արդարեւ, »Շիքակօ Թրիպիուն«ի եւ »Լոս Անճելըս Թայմզ«ի նման թերթերու սեփականատէր »Թրիպիուն« ընկերութեան մօտիկ աղբիւրները հաղորդեցին, թէ ընկերութիւնը նիւթական լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ եւ կը քննէ նոյնիսկ սնանկութիւն հռչակելու կարելիութիւնը:
Միւս կողմէ, »Նիւ Եորք Թայմզ«ի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ թերթը որոշած է 225 միլիոն տոլարի վարկ մը վերցնել Մէնհէթընի իր կեդրոնատեղիին դիմաց, նիւթական իր կարիքները գոհացնելու նպատակով:
Իրենց կարգին, քիմիական արտադրութեանց »Տաու« եւ »3 Էմ.« ընկերութիւնները Երկուշաբթի օր հաղորդեցին, թէ որոշած են յաջորդաբար 5000 եւ 1800 պաշտօնեաներ գործէ արձակել: