ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Նոր ու դարձեալ արիւնալի տագնապ մը ծայր առած է Միջին Արեւելքի մէջ, Իսրայէլի՝ պաղեստինեան Կազայի վրայ կատարած անմարդկային յարձակումներու պատճառաւ: Ի՞նչ է Դաշնակցութեան դիրքորոշումը: Ինչպիսի՞ զարգացումներ կը նախատեսէք հետագայ շաբաթներուն:
ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմը ոչ թէ «Համաս» կազմակերպութեան ուղղուած է, այլ՝ ամբողջ Կազային, Կազայի բնակչութեան եւ այդ ճամբով նաեւ ամբողջ պաղեստինցի ժողովուրդին։ Մենք Լիբանանի մէջ եւս դառն փորձառութիւնները ունեցած ենք կրելու իսրայէլեան յարձակումներուն արհաւիրքը եւ լաւապէս կ’ըմբռնենք Կազայի ժողովուրդին ապրած այսօրուան տառապանքը։
Դաշնակցութեան դիրքորոշումը բանաձեւուած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կմիտէի հրապարակած հաղորդագրութեամբ, ուր կը դատապարտուէր վայրագութիւնը եւ կը պահանջուէր արիւնայեղութեան վերջ տալ։ Ընդհանրապէս մեր կեցուածքը եղած է հարցերուն, քաղաքական հանգոյցներուն լուծումը տեսնել բացառապէս քաղաքական միջոցներով, եւ կանխել ռազմական որեւէ գործողութեան ծաւալում։
Արդէն ասիկա քանիերորդ անգամն է, որ Իսրայէլ կը գերադասէ ռազմական ճանապարհը։ Փաստը ցոյց կու տայ, որ զինուորական գործողութիւններու ճամբով հարցերը բարւօք լուծում չեն գտներ։ Մենք կառչած կը մնանք խաղաղ եւ քաղաքական երկխօսութիւնը գերադասելու սկզբունքին։ Եւ այս մէկը ընդհանրապէս միջին արեւելեան տագնապներու հանգուցալուծման կը վերաբերի։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Լիբանանի հայ համայնքի կենսունակութեան հաղորդ ենք «Ազդակ»էն: Ձեր գնահատումով, ի՞նչ վիճակի մէջ է Լիբանանի հայ համայնքի հասարակական, մշակութային ու ընկերային կեանքը, ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ ան:
ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Ճիշդ է ձեր բնութագրումը։ Կենսունակ է լիբանանահայ գաղութը բազմաթիւ առումներով, սկսելով ազգային-քաղաքականէն, անցնելով յարանուանական, կրթական, մշակութային, մամուլի, արուեստի եւ մարզական ոլորտներ։
Քաղաքացիական պատերազմէն դուրս գալը, հետեւանքներու չէզոքացման երկարատեւ գործընթաց կ’ենթադրէ. տնտեսական հարցեր, ընկերային տագնապներ, նիւթական դժուարութիւններ, պետութենէ մը ակնկալուած ծառայութիւններու բացակայութիւն կամ բացթողումներ։ Այս բոլորը սակայն առիթ են վերանորոգ թափով մեկնարկելու համար աշխատանքներ, ծրագիրներ՝ կուսակցական, քաղաքական, ընտրական, քարոզչական, երիտասարդական եւ նման բնագաւառներու մէջ։
Մարտահրաւէրները այլազան են։ Եւ մենք, իբրեւ Լիբանանի դաշնակցական կազմակերպութիւն, այդ մարտահրաւէրներուն ընդառաջ կը կազմակերպուինք եւ կը վերակազմակերպուինք՝ բոլոր մարտահրաւէրները յաղթահարել կարենալու համար։ Հսկայական է տարողութիւնը աշխատանքին։ Գաղութի կենսունակութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը բարձր մակարդակի վրայ պահելը ինքնին մնայուն, անընդմէջ աշխատանք է, որուն յաջողութեամբ կատարումը գլխաւոր պարտականութիւնն է Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Լիբանանի հայ համայնքի քաղաքական շահերու պաշտպանութիւնը որո՞ւն վստահուած է, ի՞նչ արդիւնաւէտութեամբ կը կատարուի այդ աշխատանքը:
ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Հայ համայնքի քաղաքական համընդհանուր շահերու պաշտպանութիւնը ամբողջ համայնքին կը վերաբերի։ Այս համայնքը թէ՛ ներազգային եւ թէ լիբանանեան ընտրութիւններուն, իր քուէով իր վստահութիւնը յայտնած է Դաշնակցութեան։ Այդպէս ալ կը շարունակէ ըլլալ վստահաբար, ժողովուրդին գիտակցութիւնն ու դատողութիւնը շատ առողջ է եւ անաչառ։ Ժողովուրդը գիտէ թէ՛ տագնապի օրերուն եւ թէ խաղաղ պայմաններու մէջ իր նախընտրութիւնը եւ վստահութեան հասցէն ճշդելը։ Այս հանգամանքը պարտաւորեցնող է մեզի համար։ Մենք իրաւունք չունինք ժողովուրդի վստահութեան քուէին տէրը չըլլալու։
Քաղաքացիական ամբողջ պատերազմին ընթացքին Դաշնակցութիւնը ի գին մեծ կորուստներու, զոհերու, նահատակներու, կրցաւ պաշտպանել լիբանանահայութիւնը, ուստի խաղաղ պայմաններու մէջ ալ իրեն կը վստահուի լաւագոյն ձեւով թարգմանը հանդիսանալու պարտականութիւնը՝ ազգային-համայնքային շահերուն։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Ներազգային ճակատի վրայ հայկական միւս աւանդական կուսակցութիւններու հետ համագործակցութիւնը կամ յարաբերութիւնները ի՞նչ մակարդակի վրայ են:
ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Որոշ չափով ձեր այս հարցումը շարունակութիւնն է նախորդ հարցումին։ Դաշնակցութիւնը երբեք չէ յայտարարած, թէ առանձնաբար կ’ուզէ ստանձնել լիբանանահայութիւնը առաջնորդելու պարտականութիւնը։ Թէ՝ հայութեան շահերուն շուրջ համատեղուած կ’ուզէ տեսնել բոլոր հայկական ուժերն ու կուսակցութիւնները. ասիկա արդէն Դաշնակցութեան էութենէն եւ առաջադրանքներէն կը բխի եւ որեւէ ձեւով մենատիրական յակումներ չի նշանակեր։
Մենք մնայունօրէն տագնապի օրերուն թէ ազգային-հաւաքական որեւէ օրախդնիրի առնչութեամբ, բաց խորհրդակցութեան եւ խորհրդակցութենէն անդին համագործակցութեան մէջ եղած ենք միւս կուսակցութիւններուն հետ։ Ընտրական տարբեր դիրքորոշումները եւս պատճառ չեն եղած, որ միւս կուսակցութիւններուն հետ այլ օրակարգերով չհանդիպինք, երկխօսութիւն չծաւալենք եւ հայաստանեան կամ համասփիւռքեան խնդիրներով չգործակցինք։ Այս ուղեգիծն ալ կ’ուզենք շարունակել, անշուշտ սպասելով, որ գիտակցական այս մօտեցումը շարունակեն ցուցաբերել նաեւ հայկական միւս կուսակցութիւնները եւս։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Լիբանանի քաղաքական իրականութեան մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան որդեգրած վարքագիծը ինչպէ՞ս կը բնութագրէք: Ո՞ր ուժերուն հետ Դաշնակցութիւնը կը համագործակցի, ո՞ր ուժերուն հանդէպ կը նկատուի հակադրուած կամ մրցակից:
ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Այս հարցումը ընդհանրապէս կ’ուղղուի ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Պարզ դարձնելու համար ըսենք, որ լիբանանեան քաղաքական բեւեռացումները բաւական բարդ իրավիճակ ստեղծած էին՝ գերլարուած մթնոլորտ յառաջացուցած ըլլալու հանգամանքով։ Ինչպէս քաղաքական որեւէ ուժ, մենք եւս ճշդած էինք մեր ընտրական դաշինքներն ու խորհրդարանական եւ առ հասարակ քաղաքական մակարդակներով մեր համագործակից կողմերը։ Տարբեր բեւեռներու եւ քաղաքական ճամբարներու մէջ գտնուող հոսանքներու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու իսկ վկայութեամբ, Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ ունենալով իր դիրքորոշումները՝ աշխատած է միշտ բնականոն յարաբերութիւններ մշակել քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ։ Մեր վարքագիծի առանցքը համայնքի շահերուն գերադասումն է եւ որոշումի անկախութեան պահպանումը։ Այս տեսակէտէն ալ մեզի համար հիմնական առաջադրանք է հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնումը, իբրեւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ հայ ժողովուրդի իրողական ներկայացուցչութիւնը մարմնաւորող քաղաքական անկախ միաւոր:
Այս առանցքի հիման վրայ է, որ Դաշնակցութիւնը կ’ընտրէ իր ընտրական դաշնակիցները, եւ կը ձեւաւորէ իր քաղաքական համագործակցութիւնները:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը ինչպէ՞ս կը պատրաստուի մասնակցելու: Կուսակցութիւնը արդէն ճշդա՞ծ է իր գործընկերները՝ ընտրական պայքարին մէջ:
ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Դաշնակցութեան ընտրամեքենան տպաւորած է լիբանանեան տարբեր ուժերը, եւ լիբանանեան մամուլը հերթական առիթով լայն արձագանգ հանդիսացած է մեր ընտրական մեքենայի կազմակերպուածութեան մակարդակին եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին։
Մեր ընտրամեքենան կայացած հաստատութիւն է, որ ունի իր կառուցակարգը՝ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբէն մինչեւ ամենագործնական մանրամասնութիւններով զբաղող ենթայանձնախումբերը։
Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայութիւնը ներկայացնող թեկնածուներու ճշդումին, անոնք տակաւին չեն ճշդուած։ Նոյնպէս չէ կատարուած ընտրական ցանկերու կազմութիւնն ու ընտրական դաշնակիցներու հետ ընտրական դաշինքներու հրապարակումը։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Լիբանանի սփիւռքը կը թուի, թէ կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ այս ընտրութիւններուն: Լիբանանէն այս շրջանը հաստատուած հայ համայնքէն որեւէ ակնկալութիւն ունի՞ք:
ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Այո՛ միանշանակ։ Մենք իբրեւ լիբանանահայութիւն, խորհրդարանական ընտրութիւններու այս հանգրուանին լիբանանահայութեան իրողական ներկայացուցչութիւնը խորհրդարանին մէջ վերականգնելու խնդիր ունինք։ Գործադիր իշխանութեան մէջ այդ հիմնական բացթողումը մեր ջանքերով եւ Տոհայի համաձայնութեամբ յաջողեցանք սրբագրել։ Այժմ, կարեւոր հանգրուան է նաեւ խորհրդարանական մակարդակի վրայ այդ բացթողումը սրբագրելու գծով։ Մեզի նկատմամբ կիրարկուած լուսանցքայնացման քաղաքականութեան հետեւանքները հանգրուան առ հանգրուան սրբագրելու խնդիրը ունի Դաշնակցութիւնը։
Այս պատճառով ալ այս հանգրուանին ակնկալելիք ունինք լիբանանահայ այն հատուածէն, որ այսօր մեկնած է Լիբանանէն եւ կ’ապրի տարբեր գաղութներու մէջ։ Սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութներէն համարուող լիբանանահայութեան իրաւունքի խնդիրն է, որ դրուած է առաջնակարգ օրակարգի ձեւով՝ մեզի համար: Այս իմաստով ալ վստահ ենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը մեծ ներդրում կրնայ ունենալ այս աշխատանքին մէջ։ Տեղւոյն Կեդրոնական կոմիտէին հետ խորհրդակցութեան եւ նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ ենք, եւ այդ առումով արդէն նկատելի է վճռակամութիւն եւ աշխատանքին մասնակից դառնալու խանդավառութիւն։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Լիբանանը ընդհանրապէս եւ լիբանանահայ համայնքը մասնաւորապէս ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը: Ազգային հաստատութիւնները որեւէ դժուարութիւն կը կրե՞ն այս ճգնաժամին պատճառով:
ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը առաւել կամ նուազ չափերով, ամէն երկրի մէջ իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ։ Բնականաբար զերծ չի մնար այս ալիքէն նաեւ Լիբանանը, ուր այս նորագոյն տագնապը սուր կերպով չէ հարուածած տակաւին հաստատութիւններն ու կառոյցները։ Այսուհանդերձ, պէտք չէ մոռնալ այն բոլոր հանգրուանները, որոշ քաղաքական եւ ապահովական ցնցումները, որոնցմէ անցաւ Լիբանանը՝ կրելով նաեւ այդ բոլորին տնտեսական եւ ֆինանսական ազդեցութիւնները։ Այդ ազդեցութիւններուն ներքեւ են նաեւ մեր հաստատութիւնները բնականաբար։ Մեր աշխատանքին նպատակն է, որ նուազագոյն չափերով հարուածուին մեր կառոյցներն ու հաստատութիւնները։ Մեր լիարժէք եւ իրողական ներկայացուցչութիւնները պետական ամպիոններու մէջ աւելի կը դիւրացնեն տագնապներ յաղթահարելու եւ պետական ծրագիրներուն մաս կազմելու մեր աշխատանքը։ Այս իմաստով եւս հարցը կը կապուի ուրեմն ընտրականին։ Ընտրական յաջողութիւնը շատ կարեւոր մեկնարկ կրնայ ապահովել։ Իսկ այդ յաջողութեան կայացումը, այս պարագային, որոշ կերպով կախեալ է նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի լիբանանահայերու քուէներէն։