Երկու շաբաթ առաջ, Երեւանէն Րաֆֆի Տուտագլեանի ու կնոջ Լարային Լոս Անճելըս այցելութենէն օգտուելով՝ Վարուժ Գունտաքճեանի, Զոհրապ Գահուէճեանի, Վրէժ Գէորգեանի, Արմանտ Պաղտոյեանի ու Անի Պոյաճեանի հետ ներկայ գտնուեցանք «Արուեստ» խումբի «Վանդակէն դուրս» անունով շուտով հանդիսատեսին հրամցուող ներկայացման փորձին:
Բոլորս ալ Վահէին, անոր արուեստի բոլոր տեսակներուն հիացող-սիրահարներ ենք: Դերասանները՝ մեծաւ մասամբ ընկերներ, ծանօթներ: Ընկերական այցելութիւնը աւարտեցինք, առանց փորձը ընդմիջելու: Աւելի ճիշդը, ամէն մարդ շարունակեց իր գործը, մենք ալ ազատ եղողները բռնելով՝ մեր ընկերական հարցերը լուծեցինք ու մեկնեցանք:
Առաջին այս հանդիպումին, ներկայացման մը պատրաստուելու զգացողութիւնը չփոխանցուեցաւ մեզի: Գոնէ ես այդպէս չզգացի:
Այս Երկուշաբթի, դարձեալ գացի, այս անգամ՝ «Ասպարէզ»ին սիրայօժար կամքով լուսանկարչական աշխատանքները նուիրաբերող Նորա Եագուպեանին հետ: Մթնոլորտը կարելի է ըսել, որ հանգիստ ու թեթեւ էր նոյնքան, որքան երկու շաբաթ առաջ: Սակայն, այլեւս որոշակիութիւն մտած էր ներկայացման տարբեր արարներուն եւ դրուագներուն մէջ:
Պէթի Պէրպէրեան, առանցքային կէտին վրայ նստած՝ կը հետեւէր մանրամասնութիւններուն, կարգին: Բեմադրիչի օգնական է ան: «Արուեստ» խումբի չորրորդ ներկայացման՝ «Վանդակէն դուրս»ին բեմադրիչ Վահէ Պէրպէրեանի օգնականը:
Այս դրուագները, արարները չորս տարիներու ամէնօրեայ կատակախօսութեան, մանր ու մեծ խմբագրումներու, շարունակական ծիծաղի ու զուրաճանքի մէջ ստեղծուած են: Երա՜նի անոր, որ մասնակից եղած է այդ ստեղծագործութեան, վայելած է այդ հաճելի պահերը: Կ’ըսէ Պէթի, որ պարբերական աշխատանքային յանձնառութիւններու բերումով, բացակայած է այդ հանդիպումներու մէկ կարեւոր մասէն:
Պէթին, անշուշտ, Վահէին Կինն է: Միւս դերասանները՝ տասնմէկ հոգի, բոլորը կարծես մէկ մեծ ընտանիք են: Այս մեծ ընտանիքին պատկերը միշտ կ’օգտագործուի այսպիսի պարագաներու: Այս մէկուն նահապետը, «մօրս արեւ» ինչպէս կ’ըսեն Հայաստանի մէջ, այդ բառի իմաստի էութեան իսկ հակադրուած՝ Վահէն է, որուն շուրջ հաւաքուած այս տղաքն ու աղջիկները, կը սիրեն քով քովի գալ, կը սիրեն միասին աշխատիլ ու ստեղծագործել, ամէն մէկը իր չափով, իր կարողութեամբ մասնակից ըլլալ ընդհանուր գործի մը, որուն արդիւնքն է՝ հաճելի, հանգիստ, զուարթ մթնոլորտ մը, միջավայր մը, ուր ապաստան կը գտնեն լիցքաթափուելու, լարուած ու պրկուած կեանքի մը թելերը քիչ մը քակելու, թուլացնելու համար:
Այս չորրորդ ներկայացման հերոսներն են՝ Վահէ Պէրպէրեան, Արա Մածունեան, Վաչիկ Սարգսեան, Հենրիկ Մանսուրեան (այս չորսը նաեւ բեմագիրներն են), Արա Պաղտոյեան, Սարգիս Պէրպէրեան, Յարութ Տէրտէրեան, Մորիս Գույումճեան, Շահէ Մանկրեան, Շահէ Պոյաճեան, Սալբի Եարտըմեան, Էլէնա Գրիգորեան, Քրիս Պետեան եւ Լեւոն Շանթ, որուն անունը այնքան տպաւորեց, որ ազգանունը չուզեցի իսկ հարցնել:
Խումբի անդամներուն գրեթէ բոլորին հետ առանձնազրոյց ունեցայ, այնքան, որ հնարաւոր էր իրենց ուշադրութիւնը շեղել փորձէն: Բոլորը, անխտիր, լիցքաթափումը, փախուստը, հարազատ միջավայրի մը միասնական ստեղծումը մատնանշեցին, իբրեւ հիմնական մղիչ ուժ հաւաքուելու: Վաչիկ Սարգիսեան կը նկատէ, որ նոյնիսկ հանդիսատեսները այս մեծ ընտանիքի անդամ կրնան համարուիլ, որովհետեւ, տարիներու ընթացքին, մտերմութիւն մը, հաղորդակցութիւն մը գոյացած է:
«Արուեստ»ը գիտէ, թէ իր հանդիսատեսը ի՛նչ կը սպասէ, ի՛նչը կը շարժէ անոր ծիծաղը, ի՛նչը հաճելի է՛, ու անոնք միասին կ’ապրին արդէն միւս պահը, ներկայացման պահը, որ պարզապէս շարունակութիւնն է այս փորձերուն, մէկ այլ փորձ՝ քիչ մը աւելի կազմակերպուած, կառուցուած:
Երրորդ ներկայացումէն ետք, ըստ Վաչիկին, խումբը տրամադիր չէ եղած նոր ծրագիր մը պատրաստելու: Սակայն, նոյն այդ հանդիսատեսներու ճնշումին, պահանջքին ընդառաջելով է, որ ձեռնարկած են «Վանդակէն դուրս»ին:
Սովորական կատակներէն ձանձրացած՝ այս խումբը կ’ուզէ ինք խնդալ ու ծիծաղիլ, ու նկատի առնելով, որ ինքն է, որ ինքզինք լաւ կը ճանչնայ, գիտէ ո՛ր զաւեշտական երանգները կրնան շարժել իր ծիծաղը, իր խնդուքը, խումբին անդամները որոշած են քով քովի գալ եւ միասին խնդալ:
Շահէ Պոյաճեան տարիներով խումբի թիկունքին կանգնած եւ օժանդակած է անոր, ընկերութիւն ըրած է անոր անդամներուն հետ: Հիմա արդէն այս ներկայացման դերակատարներէն մէկն է, թէկուզ համեստ դերով, բայց, ինչպէս Վահէն կ’ըսէ, զարմանալի կարգապահութեամբ, պարտականութեան զարմանալի գիտակցութեամբ, ան բոլոր փորձերուն ներկայ կ’ըլլայ:
Սարգիս Պէրպէրեան երկրորդ ներկայացումէն սկսեալ, մաս կը կազմէ խումբին: Իրեն համար, այս փորձերը, թատրոնը, զուգահեռ կեանք մը կը հանդիսանան, կը ստեղծուի միջոց մը, որ բաւական տարբեր է իր սովորական կեանքէն:
Իմ անմիջական կեանքիս մէջ ես այսպէս մշտական ընկերներով շրջապատուած չեմ: Ասիկա է զուգահեռ միջավայրը, ուր բնական է կարծես միշտ շրջապատուած ըլլալ ընկերներով, ծանօթներով, մարդոցմով: Վահէն է, որ կարծես, թէ՛ իր անձնական կեանքին եւ թէ իր ստեղծագործական կեանքին մէջ միշտ շրջապատուած է, երբեք առանձին չըլլար: Որչա՛փ ուժ ու երանդ ունի, որչա՛փ համբերութիւն:
Տասներեք անուղղայ, ազատ մարդիկ ղեկավարելը իրապէս համբերութիւն կ’ուզէ: Հետաքրքրականը այն է, որ այստեղ, այսպէս նոյնիսկ ծանծաղելու եզրերուն հասնող այս տղաքն ու աղջիկները դրամատան կառավարիչ են Արա Պաղտոյեանի նման, դպրոցի տնօրէն, բանաստեղծ, թատերագիր են, ինչպէս Շահէ Մանկրեանը, լուսանկարիչ են, ինչպէս Էլենա Գրիգորեանը: Այստեղ, կ’անլրջանան, ինչպէս կ’ըսէ Սալբի Եարտըմեանը, ու շատ հանգիստ կը շարժին, կը խօսին առանց կաշկանդումի, ազատօրէն, ծիծաղելիօրէն:
Լիցքաթափում, այո՛, հաւանաբար, բայց հանրութեան ներկայանալու, անոնց ակնկալութիւնները գոհացնելու ճնշումը բոլորին, ամէնէն շատ անշուշտ՝ բեմադրիչին վրայ է: Կը տեսնես փորձին իսկ ընթացքին, որքա՛ն ուժ ու եռանդ կը սպառեն Արա Մածունեանը, Արա Պաղտոյեանը:
Բեմագիրներէն Արա Մածունեանին հարց կու տամ, թէ այս զուարճախօսութիւնը քաղաքական պատգամներ ունի՞: Արան ուղղակի միտում չի տեսներ, անպայման պատգամ մը փոխանցելու նպատակ երբե՛ք չէ եղած: Բայց, օրինակ, հայեւթուրք բանակցային պատկերը կարելի չէ դիտել՝ առանց անոր քաղաքական պարունակը նկատի առնելու:
Սալբիին համար ալ ուղղակի պատգամի խնդիր չկայ: Բայց, օրինակ, Սասունցի Դաւիթի եւ Մսրայ Հրէշի պատկերին մէջ, «Դուրսի հրէշն է, որ մեզի կ’ըսէ, թէ թշնամին մեր ներսն է», կ’ըսէ Սալբին: Ատիկա քաղաքական հաստատում մը չէ՞:
Ներկայացման արտադրողը այս անգամ Հենրիկն է: Ծանուցումները պատրաստելը, մանրամասնութիւններով զբաղիլը այս անգամ իր ուսերուն դրուած է, ինք ստանձնած է: Տոմսերը սկսած են արագ վաճառուիլ: Եթէ կ’ուզէք վայելել «Արուեստ»ի խոստացած երկժամեայ զուարթ, հաճելի պահը, պէտք է ձեր տոմսը այժմէն իսկ ապահովէք:
Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնեցէք (818) 941-4800 թիւին կամ այցելեցէք www.ItsMySeat.com կայքէջը: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է այցելել
www.myspace.com/out_of_the_cage համացանցային կայքէջը:
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան «Արշակ Տիգրանեան» սրահին մէջ, Փետրուար 7ին, 8ին, 14ին եւ 15ին: Սրահին հասցէն է՝ 1200 N. Cahuenga Boulevard, Los Angels, CA, 90038.
Շաբաթ օրերը ներկայացումները կը սկսին երեկոյեան ժամը 8ին, իսկ Կիրակի օրերը՝ երեկոյեան ժամը 7ին: Ներկայացումներէն առաջ պիտի հրամցուին մէզէներ, ատոր համար ալ կը խնդրուի աւելի ճշդապահ ըլլալ: Մուտքի սակն է $50:00: