Երանի Էրիք Նազարեանի հետ կարելի ըլլար ճամբորդել: Ինք շատ կը սիրէ իր ստեղծած հերոսները ուղեւորութեան դուրս բերել, անոնց ճանապարհներով պատմութիւններ շարադրել, ուր տարբեր անհատներ, տարբեր մարդիկ, տարբեր ճակատագիրներով, միասնաբար կը հիւսեն կեանքի պատմութիւնը՝ ստեղծագործելով աշխարհ մը, ուր հանդիպումները, խաչաձեւումները անխուսափելի են:
Նախքան հարցազրոյցի համար իրեն հետ հանդիպիլը, կարդացի իր մասին եղած գրութիւնները, որոնցմէ մէկուն մէջ ան յստակօրէն այս ճամբորդութիւններուն կ’ակնարկէ: Իր մրցանակ շահած (Նիքըլզ մրցանակը, որուն պատկառելի անուան հետ կը տրուի նաեւ երեսուն հազար տոլարի խրախուսական գումար մը) «Ճայէնթց» շարժանկարի պատմութեան-բեմագրութեան մասին խօսած ատեն, Էրիք կը յայտնէ, որ ինքնակենսագրական բնոյթ ունեցող այդ գործը գրած է երբ եղբայրը՝ Քեվընը, սրտի գործողութեան կ’ենթարկուէր եւ ինք կողքի սրահին մէջ արդիւնքին կը սպասէր:
«Ճայէնթց»ի գլխաւոր դերակատարը քոլէճի ուսանող մըն է, որ մահացու հիւանդութենէ մը կը տառապի եւ եօթը օր ունի պատրաստուելու գործողութեան մը, որուն արդիւնքը այնքան ալ յուսալի կրնար չըլլալ: Այս մտահոգութենէն մեկնելով՝ ան կ’որոշէ այդ եօթը օրերը ապրիլ այնպէս, ինչպէս պիտի ուզէր ապրիլ իր վերջին օրերը: Նկատի առնելով, որ ինք կը սիրէր կէտձուկեր եւ միշտ երազած էր երթալ Փաթակոնիա, ուր կրնար մօտէն դիտել զանոնք, կ’որոշէ ձեռնարկել այդ ճամբորդութեան: Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, շարժանկարը նայողը չի կրնար վստահ ըլլալ, որ հիւանդը կ’իրականացնէ՞ իր երազը, թէ ոչ:
«Ես կը սիրեմ կերպար մը ճամբորդութեան տանելու գործընթացը. ճամբորդութիւնը կրնայ ըլլալ սեփական թաղամասի սահմաններէն ներս, թէ մինչեւ աշխարհի միւս ծայրը: «Ճայէնթց»ը իր կշռոյթով եւ նկարագրով տարբեր է իմ միւս շարժապատկերային բեմագրութիւններէն, այսուհանդերձ, թեմայի թել մը կայ, որ կը միացնէ իմ բոլոր միւս բեմագրութեանց կերպարները, որոնք բոլորը անձնական ճամբորդութիւններ կը կատարեն», կ’ըսէ Էրիք:
Հիւսելու գործողութիւնը մեծ տպաւորութիւն թողած է իր մեծ հօր գորգագործական աշխատանքը դիտելով հասակ նետած Էրիքին վրայ: Մեծ հայրը ձեռքով կը հիւսէր գորգեր, որոնք էապէս մշակութային յօրինուածքներ էին, հեքիաթներ, պատմութիւններ: Իր վրայ ազդած է նաեւ հօրաքոյրը՝ Փարիկ Նազարեանը, որ երգարուեստի առանձին ուղղութեամբ յայտնի կատարող է, ինչպէս նաեւ հայրը՝ Հենրիկ Մալեանի դասընկերը, որուն շարժապատկեր սարքելու երազը փոխարինուած է լուսանկարչական աշխատանքով:
Գորգի հիւսուածք, երգ եւ նկար, իր բանաձեւումով, այս երեքի միաձուլումով կը կազմաւորուի իր շարժապատկերին հասկացողութիւնը, իր ըմբռնումը:
Հարցազրոյցը կամ զրոյցը Էրիքի հետ գետի հոսող ջուրի նման սահուն կ’ընթանար: Նախ իր անձնական հմայքը, ապա իր տարիքին անհամեմատ ծանօթութիւնը իր մասնագիտութեան, ապա նաեւ իր ազգային արմատներուն հանդէպ ունեցած յարգանքը, գիտակցումը այդ արմատներու ուժին եւ ուժականութեան, այս ամէնը հաճելի փորձառութիւն կը պարգեւէին մեզ, իր զրուցակիցներուն, Նորա Եագուպեանին եւ ինծի, «Ասպարէզ»ի խումբին: Նորան ալ այնքան խանդավառուած է Էրիքի աշխատանքով, անոր արտադրած շարժապատկերով եւ ամէնէն կարեւորը՝ անոր արուեստի զարգացման հեռանկարներով, որ «Համազգային»ի ճամբով Էրիքին պատուելու եւ անոր շարժապատկերին՝ «Տը Պլու Աուըր»ի (Կապոյտ Ժամը), նոր հրապարակ դուրս եկած սկաւառակի շնորհահանդէս-ձեռնարկը յաջողութեամբ իրագործել կը ջանայ մեծագոյն եռանդով ու նուիրումով: Այս ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 29ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ:
Էրիք երեսուն երկու տարեկան է: Ծնած է Թեհրանի մօտակայ գիւղերէն մէկուն մէջ: Երեք տարեկան էր, երբ ընտանիքը փոխադրուած է Հայաստան՝ հաստատուելով Հրազդան քաղաքին մէջ:
Հայրը այստեղ լուսանկարչական գործով զբաղած է, գործ մը, զոր շարունակած է, երբ ընտանիքը բերած է Միացեալ Նահանգներ: Հայերէնը սորված ու պահպանած է՝ շաբաթօրեայ դպրոց յաճախելով Իրանահայ միութեան միօրեայ դպրոցէն ներս, եւ մեծ հօր շունչին տակ:
Ամէնէն յատկանշականը ինծի համար այն էր, որ իր ընտրած թեմաներուն, իր ծրագիրներուն մասին, ան շատ հանգիստ իր մտքերը կը ձեւակերպէր մաքուր հայերէնով, հոգեբանական խորունկ վիճակներ նկարագրելէ չերկնչելով:
Օրինակ, զինք յուզող, զինք հետաքրքրող երեւոյթներէն մէկը՝ տարբեր ազգային, մշակութային, նկարագրային գիծեր ունեցող մարդոց «մերումն» է ընկերային հիւսուածքի մէջ, անոնց հաշտեցումն է այլապէս անհամատեղելի նկատուող գոյակցութեանց մէջ: Այս տեսակի հոգեվիճակներ ստեղծող շարժապատկերի աշխարհի հեղինակներէն կը մատնանշէ Վուտի Ալէնի եւ Պիլի Ուայլտըրի անունները:
Ինք իր ուսումը ֆիլմարուեստի մէջ ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, ուր ինքզինք բախտաւոր զգացած է՝ իր տրամադրութեան տակ ունենալով հարուստ ֆիլմադարան մը, հոյակապ ուսուցիչներ՝ նկարահանման, արտադրութեան ու գրելու մարզերուն մէջ:
«Տը Պլու Աուըր» բաւական համեստ պիւտճէով նկարահանուած (պիւտճէն գոյացած էր ընտանեկան շրջանակի յատկացումներով) եւ ընկերներով ու դասընկերներով արտադրուած շարժապատկեր մըն է, որ իր շուրջ լայն հետաքրքրութիւն արթնցուցած է Ամերիկայի մէջ թէ այլուր:
Շարժապատկերը Լոս Անճելըսի գետեզերքին ապրող մարդոց մասին է, որոնք դրացի ըլլալով հանդերձ, իրարու հետ չեն հաղորդակցիր:
Ամբողջ շարժապատկերին մէջ միայն չորս էջ երկխօսութիւն կայ: Ֆիլմը իր ուժը կը գտնէ պատկերներու եւ դերակատարներու արտայայտութեանց մէջ: Նկարուած երեք շաբթուան ընթացքին, հեւիհեւ, ֆիլմը հրաշալի բուռն ստեղծագործական աշխատանքի փորձառութիւն մը պարգեւած է Էրիքին:
Կերպարները «Կը հիւսեն իրենց կորուստներու եւ յոյսերու պատմութիւնները», գրուած է շարժապատկերը ծանուցող ազդին վրայ: Դարձեալ հիւսելու գործողութիւնը կը յիշատակուի՝ այս անգամ չորս կերպարներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կու գայ տարբեր հաւաքականութենէ մը. մէկը մեքսիքացի աղջնակ մըն է, որ պատերու վրայ պատկերներ կը գծէ, միւսը լուսանկարչական սարքեր վերանորոգող մարդ մըն է (մտաբերէցք իր հայրը, որ այդ գործով զբաղած է), երրորդը ափրիկեան ծագումով ամերիկացի մըն է՝ «պլուզ» նուագող, եւ վերջինը՝ անգլիացի թոշակառու մը: Ֆիլմը փնտռտուք մըն է այս չորս անկապ կերպարները իրարու շաղկապող օղակներու:
Իբրեւ գաղթական Ամերիկա եկած Էրիքին համար, Լոս Անճելըսը մեր ժամանակներու Էլիզ Այլընտն է: Հիմա այստեղ է, որ աշխարհի ամէնէն տարբեր անկիւններէն մարդիկ կը հաւաքուին եւ իրարու հետ ապրելու ճակատագիրը կը կիսեն: Մահը ընդունելու, ցաւը արժանապատուութեամբ տանելու եւ այլ ու այլ ծալքեր քրքրող շարժապատկեր մըն է Էրիքի կողմէ մեզ հրամցուածը:
Շարժապատկերը ներկայացուած է բազմաթիւ միջազգային փառատօներու ընթացքին՝ Մարոքէն Մինչեւ Փարիզ, Փարիզէն մինչեւ Չինաստան ու Երեւան:
Ամէն տեղ ան արժանացած է գնահատման: Սպանիոյ մէջ, շատ հետաքրքական փորձառութիւն մը ապրած է Էրիք: Այնտեղ, ֆիլմի ցուցադրութեան ընթացքին նկատած է, որ կին մը չորս անգամ ներկայ եղած է ցուցադրութեան: Երբեք չեմ կրնար մոռնալ անոր դէմքի արտայայտութիւնը, անոր աչքերուն մէջ նկարուած թախիծը: Ան իր սեփական վիշտը տեսած է ֆիլմին մէջ, ճանչցած է զայն, կ’ըսէ Էրիք:
Էրիքի իմացական աշխարհի հարստութիւնը աւելի եւս կը տպաւորէ զիս, երբ առանց նուազագոյն իսկ ճիգի կը սկսի ազգային մեր մշակոյթի, մեր պատմութեան ու գրականութեան տարբեր խնդիրներուն մասին իր կարծիքները ներկայացնելու: Լայն ճանաչում ունի հայ մշակոյթին, հայ գրականութեան մեծերու՝ Թումանեանի, Իսահակեանի, Հրանդ Մաթէոսեանի ու Աղասի Այվազեանի (անձնապէս շփուած է Այվազեանի հետ, մեծ հիացումով կը խօսի անոր հետ իր ունեցած զրոյցներուն մասին) գործերուն:
1998ին, Էրիք կատարած է իր պատմական ճամբորդութիւնը դէպի Ղարաբաղ: Մոնթէի հետքերով շարժելով՝ այցելած է ճակատային դիրքեր, հանդիպած է բազմաթիւ մարդոց: Խոր տպաւորութիւններով վերադարձած է: «Խոր տպաւորութիւն» բառերը հաւանաբար բաւական կ’աղքատացնեն իր ապրածը, իր զգացածը, զորս ինք կ’ուզէ արուեստով արտայայտել, ի՛ր գիտցած արուեստով՝ շարժանկարով:
Նոր, ստեղծուելիք ֆիլմին անունը արդէն գիտէ: «Առատութեան երկիրը», որուն բեմագրութեան նախնական տարբերակը արդէն գրած է: Մարտ 29ի ձեռնարկին պիտի խօսի այս նոր ծրագրին մասին: Այդ օրուան հասոյթը պիտի յատկացուի այդ ֆիլմի պատրաստութեան ծախսերուն:
Սկսանք բոլորովին շեղիլ մեր նիւթէն եւ խօսիլ այլ նիւթերու մասին: Զգացի, որ Էրիքը իր տարերքին մէջ է: Զիս ալ ան ճամբայ հանած է երկար պտոյտի մը, երեւակայական աշխարհի մը մէջ, աշխարհ մը, որ ահա ինք կը հիւսէ ինծի համար, ծուէն առ ծուէն, հիւսկ առ հիւսկ…