Քանատայի թեմի առաջնորդութեան օրերէն ծանօթացած էի այն ատեն առաւել երիտասարդ Յովնան եպս. Տէրտէրեանին: Ընդհանուր ընկերոջ մը շնորհիւ կարելի եղած էր առաջին հանդիպումին իսկ անկեղծ զրուցել եւ խօսիլ ազգային ցաւերու մասին, որոնց հանդէպ իր զգայնութիւնը ինծի համար հետաքրքրական էր:
Հետաքրքրական էր, որովհեետեւ տակաւին այն ժամանակներուն թեմական ու այլ իրական թէ երեւակայական տարակարծութիւններու պատճառով պատնէշ մը օտար կը պահէր տարբեր հատուածներու, տարբեր թեմերու եկեղեցի յաճախողները, բոլորովին անծանօթ իրարու, անտեղեակ միւսի, միւս հատուածի մտահոգութիւններուն, խնդիրներուն, դժուարութիւններուն, երազներուն ու իղձերուն, որոնք էապէս այնքան ալ տարբեր չէին կրնար ըլլալ:
Մեր յաջորդ հանդիպումները եղած են Հայաստանի մէջ, մեծաւ մասամբ Ս. Էջմիածին, կամ՝ Ամենայն հայոցի նախաձեռնութեամբ կամ ներկայութեամբ տեղի ունեցած արարողութիւններու ու ծիսակատարութիւններու ընթացքին:
Հիմա՝ Լոս Անճելըս ենք: Կը հանդիպիմ իրեն իր նոր առաջնորդարանի շէնքի շատ գործնական ոճով կահաւորուած գրասենեակին մէջ (Այս հանդիպումը ամիսներ առաջ էր. հրապարակման ուշացումին համար կը խնդրեմ սրբազանի ներողամտութիւնը):
Տարիներով Սուրբ Էջմիածնի հովանիի տակ ապրելու բախտը ունենալով բնական ու սահուն եղաւ իմ նոր հանդիպումը սրբազանին հետ, Սփիւռքի մէջ, այս անգամ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի իբրեւ առաջնորդ: Ոչ մէկ «օտար»ի զգացողութիւն յաղթելու, յաղթահարելու կարիք կար Դաշնակցական թերթի աշխատողիս, որ ահա նստած Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանի մէջ, հարցազրոյց կ’ունենար առաջնորդ սրբազանին հետ:
Զրոյցը ընթացաւ շատ հանգիստ ու սահուն: Այնքան բան ունէր ըսելիք, այնքան տեղեկութիւն կրնայի քաղել, որ արդէն յաջորդ հանդիպումի մը անհրաժեշտութիւնը կը զգայի, բան մը որ չըրի, դարձեալ անարդարացի պատճառաբանութիւններ տալով ես ինծի:
Այս առաջին եւ առայժմս միակ հանդիպումին, սրբազանը ներկայացուց իր ղեկավարած կառոյցը, թեմի տարբեր բաժինները, զանոնք աշխատցնող հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուները:
Իր մեծագոյն հպարտութիւնը քահանայից դասու պատրաստութեան գործի որակական բարելաւումն է: Վերջին տասը տարիներուն մինչեւ այս հարցազրոյցին օրը, ոչ մէկ ձեռնադրութիւն եղած էր այս թեմէն ներս, կը յայտնէ սրբազանը: Հիմա արդէն խումբ մը սարկաւագներ պատրաստ են օծուելու ու դառնալու քահանայ:
Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերուն համար եկեղեցականներ կը պատրաստուին Արեւելեան շրջանի մէջ գործող Ս. Ներսէս ընծայարանին կողմէ:
Մեր ծուխին մէջ ծառայելու համար եկեղեցականները պարտաւոր են լրացնելու որոշ նախապայմաններ, որոնց մենք կը հետեւինք խիստ ու բծախնդիր կերպով, կ’ըսէ սրբազանը: Նախ եկեղեցականները պէտք է աւարտած ըլլան «Գէորգեան» ճեմարանի, Անթիլիասի դպրեվանքի (այստեղ լաւ տեղ է նշելու, որ սրբազանը ի՛նք Անթիլիասի դպրեվանքի շրջանաւարտ է), կամ Երուսաղէմի վանքի դասընթացքները: Ապա պէտք է չորս տարի շարունակեն իրենց ուսումը այստեղ եւ ստանան «Մասթըրզ աֆ տիվինիթի» (Աստուածաբանութեան մագիստրոսի-Խմբ.) վկայականը, որմէ ետք միայն կը սկսին ծուխին ծառայելու առաքելութեան:
Ներկայիս կան տասներկու ուսանողներ, որոնք 23-27 տարեկան են, այստեղ ծնած-մեծցած: Այս ուսանողներուն ծախսերը կը հոգայ թեմի առաջնորդարանը՝ անոր կողքին ստեղծուած «Սթիուըրտշիփ» յանձնախումբին շնորհիւ: Այս յանձնախումբը հիմա տարեկան չորս հարիւր հազար տոլար գոյացնելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուի՝ հոգալու համար ուսանողներուն բոլոր ծախսերը:
Թեմը տարածուած է հսկայ շրջանի մը մէջ: Ունի յիսունէ աւելի ծուխ եւ տասէն տասնհինգ ծխական վիճակներ:
Ծուխերու մէջ հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբելու համար, թեմէն ներս ստեղծուած է յատուկ բաժին մը, զոր կը տնօրինէ Մաշտոց Չոպանեանը, մէկը որ լիարժէք գիտէ ու կը ճանչնայ Աստուածաշունչը: Չոպանեան կը պատրաստէ խումբ մը սարկաւագներ, որոնք իրենց կարգին կը փոխանցեն հոգեւոր դաստիարակութիւնը ծուխի անդամներուն, կը ղեկավարեն Աստուածաշունչի սերտողութիւնները:
Այս բաժինը նաեւ հրատարակութիւններ կը պատրաստէ կրօնական թեմաներով: Տարեկան քսանէն քսանհինգ գիրք կը հրատարակուի: Արդէն հարիւրերորդ հրատարակութիւնը լոյս տեսած է: Վերահրատարակուած է Աստուածաշունչը՝ արեւմտահայերէնով ու արեւելահայերէնով:
Թեմի անմիջական հսկողութեան տակ կը գործէ Հայ եկեղեցասէր երիտասարդաց կազմակերպութիւնը՝ ղեկավարութեամբ տէր Աւետիս քհնյ. Աբովեանի: Այս կազմակերպութիւնը, որ ունի իր մնայուն գրասենեակը, մշտապէս ճիգ կը թափէ կապեր հաստատելու գաղութէս ներս գործող երիտասարդական այլ միութիւններու հետ: Նաեւ անոր մէկ բաժինը՝ ՍՈՒՄԱն, կը կազմակերպէ երիտասարդներու ուղեւորութիւններ դէպի Մայր Հայաստան:
Կը կազմակերպուին նաեւ մարզախաղեր, ճամբարային ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին անոնց կը փոխանցուի կրօնական դաստիարակութիւն:
Ամառնային շրջանին կը կազմակերպուին միամսեայ, չորս շաբաթական փուլերէ բաղկացած ճամբարներ, որոնց համար պատասխանատուներ եւ խորհրդատուներ կը պատրաստուին: Այս բոլոր աշխատանքները կը կատարուին կամաւոր հիմունքներով, բայց չափազանց բծախնդրութեամբ:
Թեմը նաեւ յանձնառութիւններ ստանձնած է Հայաստանի մէջ ծրագիրներ իրականացնելու, կամ այնտեղ գործադրուող ծրագիրներու նիւթականօրէն նեցուկ կանգնելու: Յատկապէս Սուրբ Էջմիածինի միջոցաւ օգնութիւն կը տրուի երկու որբանոցներու, մէկը՝ Էջմիածինի մէջ, իսկ միւսը՝ Գիւմրիի: Այս օժանդակութիւնը հիմնականին մէջ կը կատարուի բարերարներու կողմէ, առաջնորդարանի բարոյական օգնութեամբ:
Ծուխերու կազմակերպման գործը բաւականին տարողունակ աշխատանք է: Բացի գոյութիւն ունեցող ծուխերէն, որոնք առաւելաբար Լոս Անճելըսի մօտիկ շրջաններու մէջ են, շարունակ կը գոյանան նոր ծուխեր, որոնց համար հոգեւոր հովիւներ պէտք է ապահովել: Պէտք է ըսել, որ մեծ ծուխերու պարագային, հոգեւոր հովիւները անկարող են հասնելու ծխականներու հոգեւոր կարիքներուն, չեն կրնար մօտիկ յարաբերութիւններ ստեղծել իրենց համայնքի բոլոր անդամներուն հետ, հազիւ կարենան ծիսական պարտաւորութիւններուն հասնիլ՝ կնունք, պսակադրութիւն, յուղարկաւորութիւն կատարել:
Ծուխին համար աշխարհագրական նուազագոյն տարածութեան հարց չկայ: Լաւագոյն ծուխը, իտէալը, երեք հարիւրէն հինգ հարիւր ընտանիքներէ կրնայ բաղկանալ: Նման ծուխի մէջ հոգեւոր հովիւը իսկապէս կրնայ իր առաքելութիւնը լիովին կատարել՝ խրատ, ուղղութիւն, հոգեւոր նեցուկ մատուցելով իր ծխականներուն:
Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան թիւը կը հասնի քսանի:
Հայր Տաճատ Ծ. վարդապետ Եարտըմեան առաջնորդին օգնականն է: Ան Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ դպրոցներու պատասխանատուն է, նաեւ առաջնորդարանի հեռատեսիլի ծրագիրը կը ղեկավարէ: Այս ծրագիրը կը սփռուի «Հորիզոն»էն եւ այլ կայաններէ:
Վերջին երկու տարիներուն հաստատուած է վարիչ տնօրէնի պաշտօն մը, որուն գործավարը կը կարգաւորէ առաջնորդի գրասենեակին աշխատանքները, կը համադրէ միւս գրասենեակներուն եւ պաշտօնեաներուն գործերը, կը հետեւի շէնքի տնտեսական ծախսերուն, կը կատարէ անոնց տնօրինումը: Գործավարը, վարիչ տնօրէնը՝ Յարութիւն Մարգարեանն է:
Թեմը՝ առաջնորդարանը, ունի եկեղեցաշինական ծրագիրներ, որոնց գործադրութիւնը ընթացքի մէջ է, ինչպէս՝ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Արիզոնայի Ս. Աբգար եւ Փալմ Տեզըրթի Ս. Կարապետ եկեղեցիները: Այս հարցազրոյցը կատարելու օրերուն, Փորթլանտի մէջ նոր եկեղեցի մը գնուած էր: Ամէնէն մեծ ծրագիրը, անշուշտ, Պըրպէնքի Առաջնորդանիստ Մայր տաճարի կառուցումն է, որուն լծուած է առաջնորդն ու թեմական խորհուրդը:
Սրբազանին հետ հազիւ կրցանք քանի մը խօսք փոխանակել եկեղեցական հարցերու, նաեւ թեմական խնդիրներու, միջթեմական յարաբերութիւններու շուրջ: Ինք վէճերէն հեռու մնալը, փոխադարձ յարգանքն ու համագործակցութեան ոգիի ջատագովումը աւելի սրտամօտիկ կը գտնէ, եւ կը նկատէ մեր ժամանակներու միակ ընդունելի ճանապարհը:
Ազգային հերոսներու յիշատակը յարգելը, անոնց հոգիի խաղաղութեան համար աղօթելը, ըստ սրբազանին, իր պարտքն ու պարտաւորութիւնն են:
Ես կը խոնարհիմ մեր ազգի բոլոր հերոսներու յիշատակին առջեւ, կ’ըսէ ան:
Կրօնքի, հաւատքի մասին տեսական զրոյց ունենալն ալ կրնար հետաքրքրական ըլլալ Յովնան սրբազանին հետ: Այդ առիթը ուրիշ ատեն պիտի գտնենք: