Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ թարգմանուած է Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուքի «Ձիւն» վէպը: Հայ ընթերցողները Մայիս 7ին առիթ ունեցան ծանօթանալու գիրքին հայալեզու տարբերակին:
«Մենք մէկ միլիոն հայ եւ 30 հազար քիւրտ սպաննած ենք» արտայայտութիւնը ունեցած թուրք գրող Օրհան Փամուք դասուած է այն փոքրաթիւ մտաւորականներու շարքին, որոնք կարեւոր կը նկատեն սեփական պատմութեան դէմ յանդիման գալու եւ առողջ հասարակութիւն ունենալու գաղափարը: Անդրադառնալով Կարսի բնակիչներու ժողովրդագրական վիճակին՝ գրողը հարցադրում ըրած է. «Ո՞ւր են Կարսի եւ ամբողջ Անատոլիայի միլիոնաւոր հայերը»: Այս եւ նման հարցերէն մեկնելով ստեղծուած է «Ձիւն» վէպը: Գիրքը հայերէն թարգմանելէ առաջ, «Համազգային»ը այդ առնչութեամբ բանակցութիւններ վարած է Օրհան Փամուքի հետ:
Ըստ «Համազգային»ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիլիթ Գալստեանին, Փամուք «համաձայնուեց, որ գիրքը հրատարակուի հայերէնով Հայաստանում, հրատարակուի որոշ քանակութեամբ արեւմտահայերէն եւ նաեւ առանց հոնորարի (հեղինակի վարձատրութեան-Խմբ.) նախապայմանի»:
Թարգմանութեան նախաձեռնող «Համազգային»ին համար կարեւոր համարուած է յատկապէս երկու խնդիր. առաջինը՝ տաղանդի եւ բարձր գրականութեան լեզուով ներկայացնել թուրք գրողը, «որն ունի այն խիզախումը՝ մարտահրաւէր նետելու թուրք իրականութեան մէջ եւ ճանաչել սեփական պատմութիւնը», իսկ երկրորդ՝ Փամուք իբրեւ արժանի գրող ներկայացնել հայ ընթերցողին, ըսած է Լ. Գալստեան:
Թարգմանիչ Յակոբ Սողոմոնեան կը խոստովանի, թէ վէպին թարգմանութիւնը բաւական դժուար գործ էր: Դէպքերը կը կատարուին Կարս քաղաքին մէջ: Ճշմարտութեան որոնումը առաջնորդած է վէպին հերոսը՝ թուրք վտարանդի բանաստեղծը, դէպի խաւարի եւ ձիւնի մէջ թաղուած Կարս քաղաքը: Յ. Սողոմոնեանի վկայութեամբ, բազմաթիւ յիշատակումներ կան հայերու, եւ հայկական շինութիւններու մասին, բայց ամենակարեւորը այն է, որ հեղինակը ի՛նչ կերպով ներկայացուցած է Թուրքիան, թուրք ժողովուրդը եւ անոր վիճակը:
Գիրքը առայժմ 1000 տպաքանակով հրատարակուած է արեւելահայերէնով, իսկ մօտ ապագային ալ 500 օրինակով պիտի հրատարակուի Լիբանանի մէջ՝ դասական ուղղագրութեամբ: