ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք երիտասարդ արուեստագիտուհի, վաստակաշատ դեսպան Ինալ Պաթուի դստեր՝ Փէլին Պաթուի կողմէ Երկուշաբթի, Մայիս 11ի երեկոյեան արտասանուած անսպասելի խօսքերը, «Պատմութեան ետին սենեակները» անունով պատկերասփիւռի յայտագրի ընթացքին, բողոքի ալիք մը բարձրացուցին թէ՛ յայտագրի հաղորդավարին ու միւս մասնակցին եւ թէ՛ ընդհանրապէս յայտագրին հետեւողներու լայն շրջանակներուն մօտ։
Արդարեւ, Փէլին Պաթու, մասնակցելով Մուրատ Պարտաքճըի հաղորդավարութեամբ սփռուած յիշեալ յայտագրին, ուր այս անգամ կը քննարկուէր Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու ներկայ գործընթացը՝ 1915ի դէպքերու լոյսին տակ, քանի մը անգամ «ցեղասպանութիւն» որակեց 1915ի պատահարները եւ անմիջապէս քննադատութիւններու թիրախ դարձաւ։ Հաղորդավար Մուրատ Պարտաքճը Պաթուն ազդարարեց՝ ըսելով, որ թրքական կողմը «ցեղասպանութեան պնդումներ» բացատրութիւնը կը գործածէ, իսկ միւս մասնակիցը՝ պատմաբան, դոկտ. Էրհան Աֆիոնճու, աւելի ծանր արտայայտութիւններ ունեցաւ։
Պաթու ինքնապաշտպանութեան դիմելով՝ նշեց, թէ Հայաստան գացած ու հոն տեսակցութիւններ ունեցած է հոգեւորականներու ու ակադեմականներու հետ։ Հոս ալ հայկական տեսակէտներու քարոզչութիւնը չէ, որ կ՛ընէ, այլ իր անձնական կարծիքը կը յայտնէ ու կը փորձէ ընդգծել, թէ ինչպիսի՛ մեծ ողբերգութիւն մը պատահած էր 1915ին։
Անսպասելի այս խօսքերուն իբրեւ պատասխան, յայտագրին հետեւողները սկսան անմիջապէս բողոքներով ու սպառնալիքներով լեցուն համացանցային նամակներ ուղարկել, մեղադրելով նաեւ, որ Պաթու իր վիզէն անցուցած էր նռան խորհրդանիշով շղթայ մը։ Փէլին Պաթու այս մեղադրանքներուն դիմաց պաշտպանեց ինքզինք ու ըսաւ, որ այո՛, Հայաստանէն գնած է այդ շղթան, որովհետեւ նուռը իր ամէնէն սիրած պտուղն է։ «Որքա՜ն ամօթ է։ Կը խօսինք երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ու յարաբերութիւնները բնականոն հունի մէջ դնելու մասին, իսկ մարդիկ նուռի մը համար աղմուկ կը բարձրացնեն», ըսաւ երիտասարդ արուեստագիտուհին։
Մուրատ Պարտաքճը, փորձելով պաղ ջուր լեցնել Պաթուի այս լաւատեսութեան վրայ՝ յիշեցուց «Ասալա»ի կողմէ սպաննուած թուրք դիւանագէտներուն մասին, իսկ Պաթու ըսաւ, որ ինք բոլորէն աւելի ապրած է այդ սարսափելի շրջանը։ «Հայրս դիւանագէտ էր եւ ես ամէն օր հայրս կորսնցնելու վախն է, որ ապրեցայ փոքր տարիքէս սկսեալ։ Հօրս ամէնէն մտերիմ ընկերները սպաննուեցան «Ասալա»ի կողմէ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ես թշնամութեամբ պիտի լեցուիմ հայերու դէմ», նշեց Փէլին Պաթու: