ՓՐԱԿԱ.- Գերազանց ոճով յաղթելով իրենց հակառակորդներուն՝ չորս հայ բռնցքամարտիկներ՝ Յովհաննէս Դանիէլեան, Ազատ Յովհաննիսեան, Անդրանիկ Յակոբեան եւ Ցոլակ Անանիկեան, իրաւունք ստացան մասնակցելու չեխական Ուսթի Նատ Լապեմ քաղաքին մէջ շարունակուող բռնցքամարտի միջազգային մրցաշարի եզրափակիչ մարտերուն:
Յովհաննէս Դանիէլեան պիտի մենամարտի հնդիկ բռնցքամարտիկի հետ, Ազատ Յովհաննիսեան՝ մոլտովացիի, Անդրանիկ Յակոբեան՝ սլաւի, իսկ Ցոլակ Անանիկեան` իռլանտացի մարզիկի հետ: