ՄԱՐԻՆԱ ՉԷՐՉԵԱՆ
* Տիկ. Սոնա Արմէնեանի Հետ
«Քաջութի՞ւն, չէ չեմ կարծեր, որ քաջութիւնը ճիշդ բառն է, ես հաւանաբար պիտի ուզէի ըսել խենթութիւն, այո՛ խենթութիւն. ճիշդ խենթութիւն էր մեր ըրածը, երբ յանկարծ որոշեցինք Արարատը բարձրանալ…», այսպէս սկսաւ մեր վարժարանի հիւրը՝ տիկ. Սոնա Արմէնեանը իր խօսքը ու յանկարծ լռեց. լռեց, որովհետեւ յուզումը խեղդեց իր կոկորդը, ու քանի մը պահ լուռ արտասուելէ ետք, շարունակեց. «Տղա՛ք, չի պատմուիր, չեմ կրնար պատմել, պէտք է ձեր սեփական աչքերով տեսնէք»։ Սրահին մէջ բացարձակ լռութիւն կը տիրէր, աշակերտները լարուած վիճակի մէջ անհամբեր կը սպասէին, որ տկն. Արմէնեան սկսի պատմել իր «լեռնագնացութեան» մասին. լեռնագնացութիւն, որ մարզական կամ հետախուզական նպատակներու համար չէր կազմակերպուած, այլ՝ ներքին անդիմադրելի մղումով ու Իսահակեանի կանչին անսալով՝
«Արարատի ծեր կատարէն
Դար է եկել վայրկեանի պէս ու անցել։
Անհուն թիւով կայծակների
Սուրն է բեկուել ադամանդին ու անցել։
Հերթը հիմա քո՛նն է մի պահ
Դու էլ նայիր սէգ կատարին ու անցիր…»:
Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման առիթով, Ապրիլ ամսուան մէջ վարժարանիս հայերէն բաժանմունքի կազմակերպած ձեռնարկներու շարքէն առաջինը եղաւ Սոնա Արմէնեանի ելոյթը։ Յատուկ հրաւէրով դպրոց այցելած Ս. Արմէնեան, «Մեսրոպեան»ի աշակերտներուն խօսեցաւ իր խումբին կատարած արկածախնդրութեան մասին։ Ան շատ հաճելի, հետաքրքրական ու զգացական ձեւով ներկայացուց Արարատ բարձրանալու իրենց որոշումը, ծրագրումը, դժուարութիւնները, իրագործումն ու վերադարձը։ Պաստառին վրայ ցուցադրուող նկարները աւելի՛ հետաքրքրական ու «իրական» կը դարձնէին նկարագրութիւնը։ Մեր բոլորին համար շատ ոգեւորիչ նաեւ յուզիչ էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս վեց հայորդիներ, գլուխ-գլխի տուած, արհամարհելով ամէն հաւանական վտանգ ու արգելքներ, կ՛որոշեն անպայման մագլցիլ Արարատը, այն հսկայ լեռը, այն տիտանը, որ դարեր շարունակ եղած է մեր գոյութեան խորհրդանիշը ու մեր ժողովուրդի ներշնչման ամենաուժեղ աղբիւրը։
Աշակերտներուն համար շատ հետաքրքրական էին ցուցադրուող նկարները, որոնք քայլ առ քայլ կը պատմէին Արարատի գագաթը նուաճել ուզող խումբին յառաջխաղացքը, սկսած դաշտէն, ապա աստիճանաբար բարձրանալով լերան լանջը, ապա վեր ու աւելի վե՛ր մինչեւ անոր նուիրական ու սուրբ գագաթը, որ իր խիստ ու դաժան կլիմային պատճառով, քանի՜ ուրիշ «խենթեր»ու կեանքեր է խլած, ու իր անյատակ անդունդներուն ու վիհերուն մէջ քանի՜ ուրիշ ուխտաւորներ անհետացուցած է։
Ամենատպաւորիչ ու միանգամայն ամենայուզիչ պահը այն էր, երբ խումբով Արարատի գագաթը հասնելէ ետք, ինչպէս Ս. Արմէնեան իր ուսապարկէն հանել կու տայ խնամքով ու գուրգուրանքով ծալլուած ու պահուած եռագոյն դրօշը, ու վեցը միասին, իւրաքանչիւրը ծայրէ մը բռնած՝ կը ծածանեցնեն դրօշը Արարատի կատարին, խրո՛խտ, վ՛եր ու յաղթակա՛ն։
Աշակերտներուն թնդացող ծափահարութիւնները պատճառ դարձան, որ տիկինը սրբէ իր խոնաւ աչքերը, կազդուրուի ու վերսկսի պատմել՝ այս անգամ աշակերտները հետաքրքրող հարցերուն պատասխան տալով։
Արարատի լանջերէն հաւաքուած ու բերուած հրաբխային քարերը ձեռքէ ձեռք անցան, իւրաքանչիւր աշակերտ ուզեց անպայման զգալ ու շօշափել այդ քարերը, որոնք մեզի համար սովորական քարեր ըլլալէ աւելի էին՝ մեր ինքնութիւ՛նն էին։
Հարցումներու շարքին վերջինը եղաւ հետեւեալը. «Եթէ ձեզի առիթ ներկայանայ, կ՛ուզէ՞ք նորէն բարձրանալ Արարատի գագաթը»։ Արմէնեանի պատասխանը մեզի համար անակնկալ մը չեղաւ. «Այո՛, անպայմա՛ն, բայց այս անգամ աւելի կազմակերպուած ու մեծ հաճոյքով»։
* Արտասանական Մրցոյթ
Այս տարի, վարժարանիս հայերէնի բաժանմունքը, գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ, Ապրիլ ամսուան ձեռնարկներուն շարքին, ընգրկել նաեւ աշակերտական արտասանական մրցում մը։ Մասնակցող աշակերտները բաժնուեցան երկու խմբաւորումներու, Ա. խմբակին մաս կը կազմէին հինգերորդէն մինչեւ եօթներորդ դասարաններու աշակերտները, իսկ Բ. խմբակին մաս կը կազմէին ութերորդէն մինչեւ աւարտական կարգի աշակերտները։ Այս ձեռնարկին սկզբնական աշխատանքները սկսան Փետրուարին, երբ իւրաքանչիւր մասնակցող սորվեցաւ պարտադիր կտոր մը. Ա. խմբակի աշակերտները արտասանեցին Դ. Վարուժանի «Դերենիկը», իսկ Բ. խմբակի աշակերտները արտասանեցին Սիամանթոյի «Ափ Մը Մոխիր»ը: Պէտք է ըսել, որ երկու կտորներն ալ դիտումնաւոր կերպով ընտրուած էին մեր ուսուցիչներուն կողմէ, յարգելու համար Մեծ Եղեռնի ընթացքին վայրագ թուրքի եաթաղանին զոհ գացած երկու մեծ բանաստեղծներուն խնկելի յիշատակը։
Դատական կազմը՝ բաղկացած հայր Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանէ, Զեփիւռ Օհաննէսեանէ եւ Անգինէ Իսկաջեանէ, նախ լսեց բոլոր մասնակցողներուն պարտադիր կտորները, ապա, յետմիջօրէին, ներկայութեամբ բոլոր աշակերտներուն, տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին ու կարգ մը ծնողներու, աշակերտները ելոյթ ունեցան իրենց ազատ կտորներով։ Մասնակցողները, մանաւանդ փոքրահասակները, անհամբեր էին լսելու դատական կազմին որոշումները. անոնք լրջօրէն պատրաստուած էին այս ձեռնարկին ու փորձեցին իրենց լաւագոյնը ներկայացնել։ Աշակերտներուն բացառիկ ելոյթները նկատի ունենալով՝ պէտք է ըսել, որ այս ուղղութեամբ դատական կազմը որոշ դժուարութիւններ ունեցաւ որոշում կայացնելու համար։ Կարճ դադարէ մը ետք արդիւնքները յայտարարուեցան հետեւեալ ձեւով՝ Ա. խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Ճօ Գաբրիէլեան, երկրորդ՝ Թալին Պաղոյեան եւ Ճագլին Սանտալճեան, իսկ երրորդ՝ Քնար Պաղտասարեան։ Բ. խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Լուսի Տիշոյեան, երկրորդ՝ Արփի Լեփէճեան, իսկ երրորդ՝ Նժդեհ Չէրչեան։
* Մոմավառութիւն Եւ Ծաղիկներու Զետեղում
Ապրիլ 23ի առաւօտուն, աւարտական կարգի «Զարթօնք»ի աշակերտները, վարժարանին սրահը վերածած էին խորհրդաւոր վայրի մը։ Սրահին մէջ մթութիւն կը տիրէր։ Անկիւն մը՝ փոքրիկ մոմերով աշակերտները գրած էին 1915. անոր կրակը անընդհատ կը պլպլար խաւարին մէջ՝ տպաւորիչ կերպով յիշեցնելով, մեր նահատակներուն տակաւին չհանգչած ոսկորները ու ապրողներուս՝ չխամրած վրէժը։ Անմահ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները կը հնչէին հայկական տուտուկի մելամաղձոտ մեղեդիներով։ Սրահին մէկ պատին վրայ գեղեցկօրէն ներկայացուած էին Մասիսները, Ծիծեռնակաբերդը ու նռնենի մը իր արնագոյն պտուղներով, իսկ կեդրոնին՝ պատուանդանի մը վրայ զետեղուած էր նուռի մեծ քանդակ մը, որուն մէջէն դուրս կու գար անմար կրակ մը։ Նրան այդ իւրայատուկ քանդակը պատրաստուած էր ԺԲ. կարգի աշակերտներուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ իրենց արուեստի ուսուցչուհի Մալվինա Մկրեանի։ Մանկամսուրէն մինչեւ ԺԲ. կարգերու աշակերտները կարգով եկան եւ իւրաքանչիւրը նստաւ իր դասարանին յատկացուած տեղը, ապա «Զարթօնք»ի նախագահը՝ Նանոր Հարպոյեանը, հակիրճ ձեւով ներկայացուց օրուան խորհուրդը՝ անդրադառնալով անցեալ տարուան, դէպի Հայաստան իրենց կատարած ճամբորդութենէն քաղած տպաւորութիւններուն, թէ՝ ինչպէ՛ս հայրենիքի մասին գիրքերէն ու ուսուցիչներէն իրենց սորվածները իրեն համար դարձած էին շօշափելի իրականութիւն մը, աւելի՛ գեղեցիկ, աւելի՛ հարազատ ու աւելի՛ դիւթական։ Մինչ աշակերտները երկիւղածութեամբ ծաղիկներն ու մոմերը կը զետեղէին քանդակին շուրջ, միւս կողմէ «Զարթօնք»ի աշակերտուհիները կ՛ընթերցէին Սիամանթոյի «Պարը» եւ « Խեղդամահը»։ Ապա, վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Անահիտ Խաչիկեանի ղեկավարութեամբ, նախակրթարանի աշակերտները կատարեցին երկու խմբերգներ՝ «Գարուն ա» եւ « Սիրուն Կիլիկիա»։
* Ծառատնկում
Աշակերտական երգչախումբին ելոյթէն ետք, բոլոր աշակերտները եւ ուսուցիչները ուղղուեցան դպրոցին կից զբօսայգին, ուր Բիքօ Րիվերայի քաղաքապետութան կողմէ կազմակերպուած էր ծառատնկումի արարողութիւն մը, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։ Բացի վարժարանիս անձնակազմէն ու աշակերտութենէն, ներկայ էին նաեւ ներկայացուցիչներ՝ Ազգային վարչութենէն, Խնամակալ մարմինէն, վարժարանիս Կրթական մարմինէն, ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղէն, շրջանի «Դրօ» կոմիտէութենէն եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձութենէն։ Տէր Նարեկ քհնյ. Փեհլիւանեանի աղօթքէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին վարժարանի տնօրէնուհի Հիլտա Սալիպա, իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան եւ Բիքօ Րիվերայի քաղաքապետուհին։ Օրուան խորհուրդը գեղեցկօրէն արտայայտող «Ասացուածք Ծառ Տնկելու Առթիւ» ոտանաւորը արտասանեց Ը. կարգէն Թալին Սասունեանը, ապա «Մեսրոպեան»ի նախակրթարանի երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ երկու խմբերգներով՝ «Ատանա» եւ «Կիլիկիա»:
* Գրականութեան Եւ Հայ Դատի Մրցում
Կազմակերպութեամբ վարժարանիս հայերէն բաժանմունքի ուսուցիչներուն, Ապրիլ 23ի յետմիջօրէին վարժարանիս սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում մը՝ բաղկացած երկու հանգրուաններէ։ Առաջին հանգրուանին իրարու դէմ կը մրցէին 6, 7, 8 եւ 9րդ դասարաններու ներկայացուցիչները, իսկ երկրորդ հանգրուանին կը մրցէին 10, 11 եւ 12րդ կարգերու ներկայացուցիչները։ Մրցոյթը անցաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ, աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան, մանաւանդ երբ խաղի օրէնքներէն մէկը կ՛արտօնէր իրենց, որ դժուար հարցումի մը պարագային, դիմեն ոեւէ ուսուցիչի օգնութեան։ Հարցումներուն ինիսունհինգ տոկոսը հայ գրականութեան ու պատմութեան մասին էր։ Պէտք է ըսել, որ արդիւնքները բաւական գոհացուցիչ էին։ Առաջին հանգրուանին շահեցաւ 9րդ դասարանը, իսկ երկրորդ հանգրուանին՝ 12րդ դասարանը։
Ապրիլ 23ի ձեռնարկները վերջ գտան սոյն մրցումով, որմէ երկու ժամ ետք, աշակերտները կրկին հանդիպեցան վարժարանին շրջաբակէն ներս, ուրկէ սկսաւ «Մեսրոպեան»ի աշակերտական մարմինի կազմակերպած քայլարշաւը՝ դէպի Մոնթեպէլլոյի Նահատակաց յուշարձան: