ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայ ազգային կոնգրէսին (ՀԱԿ) կողմէ Երեւանի աւագանիի Մայիս 31ի կատարուած ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները չընդունուելու եւ իրաւասութիւններէն հրաժարելու պարագային, յառաջիկայ չորս տարիներուն աւագանին պիտի գործէ ոչ ամբողջական կազմով։
Ըստ «Նոյեան տապան»ի յայտնած տեղեկութեան, Յունիս 3ին, լրագրողներու հարցերուն պատասխանելով՝ Ազգային ժողովի պետկան-իրաւական հարցերու մշտական յանծնաժողովի նախագահ Դաւիթ Յարութիւնեան յայտնած է, որ եթէ ՀԱԿի ընտրական ցուցակին մէջ ընդգրկուած աւագանիի բոլոր թեկնածուները անհատապէս հրաժարին, այդ պարագային անոնց տեղերը կը մնան թափուր, մինչեւ աւագանիի ներկայ կազմի լիազօրութիւններուն աւարտը։
Հաշուի առնելով ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները, ըստ ոչ պաշտօնական հաշուարկներու, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կը հասնի 35, «Բարգաւաճ Հայաստան»ին՝ 17, իսկ ՀԱԿին՝ 13 մանդատ (ներկայացուցչութեան իրաւունք-Խմբ.)։