ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւնները, որոնց երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ, Կիրակի, Յունիս 7ին ամբողջացան Եւրոմիութեան անդամակցող 27 երկիրներուն մէջ։ Արդիւնքը շատ նպաստաւոր չէ Թուրքիոյ համար, որովհետեւ այս ընտրութիւններէն տկարացած դիրքով դուրս եկան Եւրոպայի ձախակողմեաններուն գլխաւոր կուսակցութիւնը, որ ցարդ միշտ նեցուկ կանգնած էր Թուրքիոյ անդամակցութեան։ Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ մէջ աջակողմեան կուսակցութիւնները, որոնք ընդհանրապէս դէմ կը կանգնին Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան, այժմ աւելի զօրացած են Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:
Ըստ նախնական տուեալներուն, 736 անդամ ունեցող Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն ընթացքին աջակողմեան կուսակցութիւնները պիտի ունենան 263էն 273 աթոռներ, իսկ ձախակողմեանները՝ 155էն 165 պատգամաւորական աթոռներ:
Ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը ցած էր, միայն 43 առ հարիւր։
Գերմանիոյ մէջ Անճելա Մերքէլի գլխաւորած կուսակցութիւնն ու Պաւարիոյ Քրիստոնեայ ժողովրդավար կուսակցութիւնը քիչ մը քուէ կորսնցնելով հանդերձ, յաղթական դուրս եկան, իսկ Ֆրանսայի մէջ Սարքոզիի կուսակցութիւնը ուղղակի ջախջախիչ պարտութեան մատնեց ընկերվարականները։
Հոլանտայի ու Աւստրիոյ ցեղապաշտ կարգ մը կուսակցութիւններ, որոնք իրենց ընտրարշաւը հիմնած էին իսլամներու ու Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը մերժելու գաղափարին վրայ, յաղթանակ արձանագրեցին։
Եւրոմիութեան երկիրները, որոնք Հնդկաստանէն ետք աշխարհի երկրորդ մեծագոյն ժողովրդավարական տարածքը կը կազմեն, ունին 375 միլիոն քուէարկող: