ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ասպարէզ օրաթերթի 10 Մարտ 2009ի «Օրը Օրին»ի մէջ, Ասպարէզի խմբագիր Աբօ Պողիկեանի թղթակիցներուն նուիրուած գնահատական խօսքերը եւ ծանօթ բարեկամներու կարգ մը հետաքրքրութիւները, պատճառ դարձան գրելու այս քանի մը տողերը, գաղափար մը տալու համար թէ թղթակցութիւն մը պատրաստելը ի՛նչ փուլերէ կ՛անցնի, ի՛նչքան ժամանակ կ՛առնէ ու ի՛նչ դժուարութիւններէ կ՛անցնի. ուրկէ կը սկսի եւ ուր կը վերջանայ ու որքան ազատութիւն ունի թղթակիցը, պիտի տեսնէք թէ այդքան ալ դիւրին գործ չէ, այն ինչ որ կը կարդաք 10-15 վարկեանէն:
Առանց ընդհանրացնելու, թէ ուրիշ թղթակիցներ ի՛նչ կ՛ընեն ու ի՛նչպէս կ՛ընեն, ես իմ մասիս ու պայմաններուս մասին է որ կ՛ուզեմ արտայայտուիլ. փառք Աստուծոյ, հակառակ փոքր գաղութ մը ըլլալնուս, մեծ ու փոքր ձեռնարկներ միշտ կան, եւ իմ կարելիութեան սահմաններուս մէջ կը փորձեմ գոհացում տալ բոլորին ալ, քանի որ ես ու ձեռնարկ կազմակերպող միութիւնները այս կամ այն ձեւով «Խնամիական» կապերով կապուած ենք, բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն ալ, ես կամ կինս անդամ ենք, որով ամենայն սիրով կը կատարեմ այս պարտականութիւնը:
Նախ՝ ձեռնարկները կազմակերպող մարմիններու կողմէ թռուցիկ յայտարարութիւնները ստանալէ ետք, թուականային կարգով կը պահենք յայտարարութիւնները, սա ալ ըսեմ, որ որոշ ձեռնարկներ սրտիս կը խօսին, պարտաւորութիւն կը զգամ, իսկ որոշներ՝ ոչ. ուրեմն առաջին գործս կ՛ըլլայ 2 հատ տոմս գնել, «Որոշ մարդիկ կը կարծեն, թէ կը գրեմ ու կը լուսանկարեմ, որովհետեւ ձրի հրաւիրատոմս կը ստանամ. հոս պէտք է խոստովանիմ, որ 6 տարուան ընթացքին քանի մը հրաւիրատոմսեր ստացած եմ, սակայն անոնք վրաս աւելի սուղի նստած են, որովհետեւ տոմսին գինին վրայ բաներ մըն ալ աւելցնելով նուիրատուութիւն ըրած եմ նոյն միութեան կամ կազմակերպութեան: Երբ ձեռնարկին օրը մօտենայ պէտք է խնդրեմ կազմակերպող միութեան վարչութենէն, որպէսզի ամպիոնին կամ բեմին մօտակայ տեղէ մը աթոռ մը տրամադրեն ինծի, որպէսզի կարենամ ձայնագրիչ գործիքս դնել բարձրախօսին կարելի եղածին չափ մօտ ու կարենամ մօտէն լուսանկարել հանդիսավարը, իւրաքանչիւր խօսող կամ կարդացող, երգող, արտասանող ու պարող, երբեմն նոյնիսկ կը զլացուի այդ մօտակայ աթոռը, որովհետեւ այդ մօտակայ սեղաններուն շուրջ պիտի նստին մեծ մարդիկ, յաճախ պատահած է, որ ես ու կինս տարբեր սեղաններու շուրջ նստինք. ամէն պարագայի ձեռնարկին գիշերը պէտք է տրամադրեմ գոնէ 3 ժամ:
Երկուշաբթի գիշեր պէտք է նստիմ ու ձայնագրիչ գործիքս ականջիս դրած, ուշի ուշով մտիկ ընեմ, որպէսզի հիմնական բաժինները առնեմ հանդիսավարին, գլխաւոր բանախօսին, յաջորդ բանախօսին, գեղարուեստական բաժնին եւլն. մէյ մը, որ որոշեցի առնելիք բաժիններս՝ կը սկսիմ սեւագրութիւն մը պատրաստել մեքենագրութեան համար, Երկուշաբթի գիշերուան բաժինն ալ կ՛առնէ շուրջ 2 ժամ:
Երեքշաբթի գիշեր կը նստիմ համակարգիչին առջեւ ու կը սկսիմ մեքենագրել երկու մատներով. կարողութիւնս այդքան է. սակայն կ՛ըսեն, թէ տարիքիս համեմատ շատ շատերէն լաւ եմ, մեքենագրած ատենս յաճախ համացանց ըսուած հրաշք գործիքը, առանց խղճալու վիճակիս՝ դժուարութիւններ կը յարուցէ: Մանր բարդութիւնները լուծելու կարողութիւն ունիմ, բայց եթէ հարցը աւելի բարդանայ, պէտք է կանչեմ ծանօթ բարեկամներս կամ զաւակներս, նոյնիսկ 13 տարեկան թոռնիկս՝ հարցը լուծելու եւ գործս շարունակելու համար:
Քանի համակարգիչի դժուարութիւներու մասին կը խօսինք, կ՛ուզեմ ձեզի պատմել շատ հետաքրքրական եւ հաճելի պատահար մը: Այդ դժուարութեան գիշերներէն մէկն էր, օգնող չգտայ, ստիպուած հեռաձայնեցի ընկերութեան, որ օգնեն ինծի. ընկերութեան պաշտօնեան քիչ մը օգնելէ ետք, ինքն ալ յուսահատ ըսաւ թէ պիտի փոխանցէ աւելի մասնագէտի, որ լուծէ խնդիրը, ուրեմն հեռաձայնին գիծը կապուեցաւ հնդկաստան. հնդիկ պաշտօնեան ծանր հնդկական հնչիւնով քիչ մը խօսելէ ետք, հարցուց ինծի, թէ հա՞յ եմ. ես քիչ մը զարմացած՝ հարցուցի իրեն թէ ինք ի՞նչ գիտէ հայութեան մասին ու անմիջապէս պատրաստ էի պատմելու իրեն հայ դատի ու ցեղասպանութեան մասին, սակայն հնդիկը շշմեցուց զիս հարցնելով, եթէ հայերէն կը խօսիմ, ըսի այո, ապա անմիջապէս հարցուց անգլերէն կուզեմ շարունակել մեր խօսակցութիւնը թէ հայերէն, կաթուած ունենալը բան մը չէր, պապանձեր էի, ու շարունակեցինք մեր խօսակցութիւնը հայերէնով, մինչեւ հարցիս լուծումը. խօսակիցս, հնդկական հնչիւնով սակայն բաւական լաւ արեւելահայերէն կը խօսէր, 4 տարի ուսանած էր Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը ու մասնագիտացած՝ համացանցային ճիւղին մէջ մեր հնդիկ բարեկամը: Ի՜նչ հաճելի զուգադիպութիւն:
Վերադառնալով նիւթին՝ թղթակցութեան, պէտք է խոստովանիմ որ միջին հաշուով թղթակցութիւն մը կը զբաղեցնէ զիս 5-6 ժամ: Յարգելի խմբագիրը ի միջի այլոց կ՛ըսէ նաեւ հետեւեալը. «Մեր կամաւոր թղթակիցները ոչ մէկ պարտաւորութիւն ունին քննականօրէն կամ քննադատականօրէն ներկայացնելու այն ձեռնարկները, որոնց մասին կ՛ուզեն գրել». վերջիվերջոյ ի՞նչ է թղթակիցին պարտականութիւնը, եթէ ոչ հարազատօրէն ներկայացնել իր տեսածներն ու լսածները, որոնք յաճախ ունին գնահատելի ու խոցելի կողմեր: Հոս է, որ կը սկսի թղթակիցին դժուարութիւնը. կամ այն է որ, ինչպէս առածը կ՛ըսէ. «Այս աշխարհին մէջ ապրելու համար մէկ աչքդ կոյր պիտի ընես, մէկ ականջդ ալ խուլ» եթէ այդպէս պիտի ընենք, ըսել է թէ անկեղծ պիտի չըլլանք մեր ընթերցողներուն ու նաեւ մենք մեզի հետ: Իմ համեստ կարծիքը այն է, թէ գնահատել ինչ որ գնահատելի է, իսկ ինչ որ ճիշդ չէ, նշել քաղաքավար ձեւով, առանց վիրաւորելու ենթականերն ու կազմակերպող մարմինները, որովհետեւ որոշ թերութիւններն ալ կ՛ըլլան ակամայ, վերջին պահուն եղած փոփոխութիւններուն պատճառաւ:
Այս առիթով կ՛ուզեմ նաեւ յիշել, թէ անցնող 6 տարուան ընթացքին ըրած թղթակցութիւններս թուականային դասաւորումներով զետեղած եմ 6 տարբեր ալպոմներու մէջ, եւ պիտի շարունակեմ նոյն ձեւով այնքան ատեն, որ կրնամ գրել՝ ապագային Սան Ֆրանսիսքոյի հայ կեանքով ու անցուդարձերով հետաքրքրուած ոեւէ պրպտողի համար: