ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Օրանժ» ընկերութեան շարժական կապի գծով փոխնախագահ Օլաֆ Սուանտի առաջին անգամ այցելած է Հայաստան՝ ծանօթանալու «Օրանժ Արմենիա» ծրագրին ընթացքին:
«Մենք շուկայ մուտք կը գործենք մինչեւ տարեվերջ, ինչպէս արդէն նախատեսուած էր: Ուրախ եմ ականատես ըլլալու մեր խումբին կողմէ կատարուած աշխատանքին եւ այն աջակցութեան, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ցուցաբերեն մեր նախագիծին», յայտարարած է ան՝ Յունիս 9ին «Օրանժ Արմենիա»ի աշխատակիցներուն եւ ղեկավար կազմին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ աշխարհի շատ երկիրներու նման, Հայաստանի մէջ եւս «Օրանժ»ը պիտի դառնայ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի ամենասիրուած ապրանքանիշը, նաեւ երկիրը մեծապէս պիտի շահի 13.2 միլիառ տոլար արժողութեամբ եւ աշխարհի մէջ բջիջային կապի ասպարէզի լաւագոյններէն մէկը համարուող «Օրանժ» ապրանքանիշի առկայութեան փաստէն:
Ըստ «Օրանժ»ի փոխնախագահին, Հայաստանի մէջ երկարատեւ ներդրումներ կատարելու որոշումը պայմանաւորուած է Հայաստանի տնտեսութեան ապագայ զարգացման նկատմամբ՝ «Ֆրանս Թելեքոմ»ի ունեցած հաւատքով:
Նշենք, որ ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ ձեռք բերած է բջիջային հեռախօսակապի եւ շարժական համացանցի ծառայութիւններ մատուցելու 15 տարուան արտօնագիր 2008ի Նոյեմբերին՝ վճարելով 51.5 միլիոն եուրօ: