ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Մէսէչուսէցի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Յունիս 10ին Միացեալ Նահանգներու շրջանային ատեան մը մերժած է Հայկական Ցեղասպանութիւն ուրացող թրքական կազմակերպութեան այն դիմումը, որ կը պահանջէր պետական վարժարաններու մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան նիւթերուն մէջ ներառել նաեւ Թուրքիոյ իշխանութեանց պաշտօնական կեցուածքը:
Դատը բացուած էր Թուրք-ամերիկեան միութիւններու խորհուրդին կողմէ վարձուած ամերիկացի երկու ուսուցիչներու միջոցով, այնուհետեւ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը կրթաշրջանի ժողովներուն ընթացքին բացայայտած է հայկական տեսակէտները՝ առաջնորդելով դատի ձախողութեան:
Մէսէչուսէցի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շարի Արտալճան ողջունեց ատեանին որոշումը, որ ցոյց տուած է, թէ դաշնակցային ատեանները չեն կրնար ցեղասպանութիւններ ուրացողներու բեմերու վերածուիլ: