ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԱՄՆ պետական բաժանմունքը հրապարակած է Ազատութեան եւ Ժողովրդավարութեան զարգացման տարեկան զեկոյցը, ուր կը ներկայացուի ԱՄՆ օժանդակութիւնը ժողովրդավարութեան զարգացման ոչ ժողովրդավար եւ անցումային ժողովրդավարութեամբ երկիրներուն մէջ։ Այնտեղ հաշուի առնուած է նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կարծիքը։ Ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի տուած տեղեկութեան, զեկոյցը կ՛ընդգրկէ 160 երկիր, ուր ներառուած է նաեւ Հայաստանը՝ իր հարեւան երկիրներով։
Զեկոյցին համաձայն, Հայաստանի մէջ 2008ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին կատարուած բազմաթիւ թերութիւնները պատճառ դարձած են քաղաքական ճգնաժամի, որ կը շարունակէ մնալ չլուծուած։ Զեկոյցը նաեւ անդրադարձած է 2008ի Մարտ 1ի դէպքերուն եւ անոր յաջորդող 20օրեայ արտակարգ դրութեան, որուն իբրեւ հետեւանք, սահմանափակուած են լրատուամիջոցներու գործունէութիւնն ու հաւաքներու ազատութիւնը։
«Իշխանութիւնը օգտագործած է իր լծակները՝ ընդդիմադիրներու նկատմամբ հետապնդումներու եւ վրէժի նպատակով։ Ոստիկանութիւնը բռնութիւն կիրառած է կալանաւորուածներու հանդէպ, իսկ իրաւական գործընթացները յաճախ ընթացած են ոչ պատշաճ մակարդակով», նշուած է զեկոյցին մէջ։
Իսկ զանգուածային լրատուամիջոցներուն վերաբերող հատուածին մէջ ըսուած է. «Լրագրողները կը շարունակեն ինքնագրաքննութիւնը, այսինքն՝ կը խուսափին լուսաբանելէ որոշ թեմաներ, իսկ իշխանութիւնները վիճայարոյց որոշում ընդունած են՝ 2 տարիով սառեցնել նոր կապուղիներու մրցոյթի յայտարարումը»։
Զեկոյցի երկրորդ հատուածին մէջ անդրադարձ կատարուած է ժողովրդավարութեան ոլորտին մէջ ԱՄՆ նպատակներուն, ինչպէս՝ ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացումը Հայաստանի մէջ, քաղաքական բազմազանութիւնը, լրատուամիջոցներու եւ դատական համակարգի անկախութիւնը, յարգանքը մարդու իրաւունքներուն հանդէպ։
Կը նշուի, որ 2006 թուականին ուժի մէջ մտած «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ընկերակցութեան հետ պայմանագիրի շարունակականութիւնը կախեալ է ժողովրդավարութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի արձանագրած առաջընթացէն։