ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 13ին կայացած Հայաստանի «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան 7րդ համագումարին ընթացքին, միութեան գործադիր վարչութեան փոխնախագահ Նորա Մելիքեան մտահոգութիւն յայտնած է այն մասին, թէ միութիւնը կարիք ունի երիտասարդ անդամներու, որոնք պէտք է շարունակեն աւագ վասպուրականցիներուն գործն ու միութեան գոյութիւնը երաշխաւորող աշխատանքները: Անդրադառնալով առկայ խնդիրներուն՝ ան կարեւոր համարած է գրասենեակ ունենալու հարցը, որուն համար «Վասպուրական»ը կը պատրաստուի դիմել Երեւանի քաղաքապետարանին: Յաջորդ կարեւոր հարցը սփիւռքի նոյնատիպ եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնն է, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան նոր ձեւերու, մանաւանդ ժամանակակից սարքաւորումներու ներդրումը՝ միութեան աշխատանքներուն մէջ:
Ներկայացնելով միութեան վերջին քանի մը տարիներու գործունէութեան հաշուետու զեկոյցը՝ Ն. Մելիքեան նշած է, որ պարբերաբար իրականացուած են աւանդական միջոցառումներ, ինչպէս՝ ամենամեայ մայիսեան դաշտահանդէս, որ նուիրուած էր Վանի հերոսամարտի տարելիցներուն, Խրիմեան Հայրիկի շիրիմի այցելութիւններ, նաեւ ամէն տարի Ապրիլ 24ին այցելութիւն դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Հրատարակուած են նաեւ շարք մը աշխատութիւններ, ինչպէս` «Ծիծաղում են վանեցիները» զուարճապատումներու գիրքը, որ կազմուած է ակադեմիկոս Վարազդատ Յարութիւնեանի եւ վաստակաւոր լրագրող Նորա Մելիքեանի կողմէ: Սերտօրէն համագործակցելով ԱՄՆ «Վասպուրական» հայրենակցական կազմակերպութեան հետ, հայաստանեան միութիւնը երկար տարիներ նիւթեր հրատարակած է «Վարագ» ամսագրին մէջ: Պարբերաթերթի վերջին քանի մը համարներուն մէջ տեղ գտած են յայտնի վասպուրականցիներ Արշիլ Կորքիի, Խրիմեան Հայրիկի, Րաֆֆիի, Վարազդատ Յարութիւնեանի, Արայիկ Շիրազի, æիմ Թորոսեանի եւ այլ վանեցիներու մասին բովանդակալից նիւթեր: Նշենք, որ 2009 թուականը «Եունէսքօ»ի կողմէ յայտարարուած է իբրեւ մեծ վանեցի, ճարտարապետ Վարազդատ Յարութիւնեանի տարի:
Համագումարի ընթացքին ելոյթ ունեցող միութեան անդամները եւս անդրադարձած են երիտասարդացման, ինչպէս նաեւ միութեան անդամ նշանաւոր գործիչներու, Վանի հերոսամարտի մասնակից հերոսներու մասին լուսաբանման հարցերուն:
Համագումարը աւարտած է միութեան վարչութեան նոր կազմի եւ նախագահի ընտրութեամբ: «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան վարչութեան նախագահ ընտրուած է արմատներով վասպուրականցի, Երեւանի քաղաքապետարանի կազմակերպչական եւ տեսչական բաժնի պետ Գագիկ Բաղդասարեանը: