».- ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի մասնակցութեամբ, Յունիս 22ին ՀՀ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը: ՀՀ վարչապետը կարեւորած է հիմնադրամի դերը մշակութային ծրագրերու իրականացման գործին մէջ` յատկապէս սփիւռքի հետ համագործակացութեան եւ uտեղծագործական ներուժի ներգրաւման առումով:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուած տեղեկութեան համաձայն, հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստի ընթացքին, խորհուրդի նախագահ ընտրուած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:
Խորհուրդը լսած է գործադիր տնօրէնի` հիմնադրամի 2008 թուականի ծրագրերու եւ գործունէութեան մասին հաշուետւութիւնը եւ քննարկած՝ 2009ի հիմնադրամի կողմէ իրականացուելիք ծրագիրները եւ ձեռնարկները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.