ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Սապանճը համալսարանէն փրոֆ. Ֆիքրէթ Ատանիր, առանց 1915ի ջարդերը «ցեղասպանութիւն» կոչելու, օրաթերթին յայտնած է, թէ Թուրքիա հայ ժողովուրդէն ձեւով մը ներում պէտք է հայցէ։
Թուրք փրոֆեսէօրը օրաթերթին նշած է, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը «1915ին ահաւոր սխալ մը գործեց։ Հայերուն ձեռք երկարելու ձեւ մը պէտք է գտնուի, սակայն նոյն ատեն, Պալքաններու եւ Կովկասի մէջ թուրքերուն դիմագրաւած ողբերգութիւնը պէտք է ընդգծուի»։