ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) գործադիր խորհուրդը աւարտած է «Սթէնտպայ» համաձայնագրի (Stand-By Arramgement) ծիրէն ներս՝ Հայաստանի տնտեսական կատարողականի առաջին ուսումնասիրութիւնը, եւ հաւանութիւն տուած է ԱՄՀ նիւթական օժանդակութիւնը մինչեւ 533.6 միլիոն ՅՓԻ (յատուկ փոխառնութեան իրաւունք) (շուրջ 822.7 միլիոն տոլար) համարժէք գումարի բարձրացնելու հարցին։ Ըստ ԱՄՀ երեւանեան գրասենեակին, այս որոշումները հնարաւորութիւն կու տան անմիջապէս տրամադրել 102.7 միլիոն ՅՓԻ՝ տեղաբաշխուած ընդհանուր գումարը հասցնելով 264.2 միլիոնի։
Փոփոխուած համաձայնագիրը պիտի օժանդակէ կառավարութեան տնտեսական ծրագրին՝ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի ծանր պայմաններուն տակ։
«Սթէնտպայ 28ամեայ համաձայնագիրը հաստատուած էր Մարտ 6ին։ Ծրագրի հիմնական նպատակներն են՝ արտաքին ցնցման յարմարուելու հարցով Հայաստանին օգնել, նաեւ արժոյթի եւ տնտեսական համակարգի նկատմամբ վստահութեան պահպանումը եւ անապահով խաւի պաշտպանութիւնը։
Փոփոխուած ծրագիրով կը նուազին դրամավարկային պայմանները։ Կը նուազի նաեւ հարկապիւտճէական քաղաքականութիւնը։ Բարեփոխումները կը կեդրոնանան մասնաւորապէս նիւթական հատուածի վերահսկողութեան շարունակական ամրապնդման եւ հարկային վարչարարութեան բարելաւման վրայ։ Կը կատարելագործուին ընկերային ապահովութեան ցանցերը՝ ընկերային ծառայութիւնները նպատակաուղղելով անապահով խաւերուն։